Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններ Ձեռնարկներ Կազմակերպեցին Արցախի Մանուկներուն Համար

0 0
Read Time:48 Second

Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կազմակերպուեցաւ ամանորեայ միջոցառում` Արցախի չորս շրջաններու աւելի քան երկու հարիւր պատանիների համար:

Ներկայ էր սուրիահայ յայտնի երգիչ Սուրէն Աճէմեանը, որ իր ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդական երգերով երեխաներու օրը իսկական տօնի վերածեց:

Միջոցառման ընթացքին Ձմեռ պապը եւ Ձիւնանուշը նուէրներ բաժնեցին մասնակից երեխաներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Վահագն Խաչատրեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիատասարդական միութեան եւ Հ․Յ․Դ․ բոլոր շրջաններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, որոնք այս մէկ տարուայ ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցան Արցախի փոքրիկներուն երջանկացնելու գործընթացին մէջ:
Ան նաեւ շնորհաւորեց փոքրիկներուն` Ամանորի եւ Սուրբ ծնունդի կապակցութեամբ` մաղթելով խաղաղութիւն եւ միասնութիւն հայ ժողովուրդին:

Հ․Յ․Դ․ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Նժդեհ Կարագաւորեանն ալ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Սփիւռքի ապրող բոլոր հայերն արցախցի փոքրիկների կողքին են, որպէսզի անոնք երբեք միայնակ ու անտեսուած չզգան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles