ՀՄՈՒՏ ԵՒ ՀԱՄԱԿՐԵԼԻ  ՄԱՍԹԸՐ ԷՏԻՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

Ե.Ա.

Պոսթըն – Մասաչուսէց

 

ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ…: Ստեղնաշարին գլխագիրի կոճակը սխալմամբ  սեղմուած չէ, այլ՝ դիտմամբ, ուրեմն, անգամ մը եւս արձանագրենք. ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ:

Լսա՞ծ էք այս անձին  անունը: Տեղեա՞կ էք, թէ ո՞վ է Էտին՝ Եդուարդը:

Կարճ  ու կտրուկ, իր արտայայտած յստակ ու պարզ գաղափարներուն նման, Էտին համեստ հայորդի մըն է, որ մահացաւ քանի մը ամիս առաջ,  Մայիս 4-ին, բաւական  յառաջացած տարիքին (88), Լոս Անճելըսի մէջ:

Եթէ Արա Մածունեանի պատրաստած ժապաւէնը չըլլար, ոչ ոք պիտի ծանօթանար այս տիպարին:

Ժապաւէնին ներկայացուած, պատրաստուած եւ հրամցուած ոճն ալ իւրայատուկ է: Նոյնիսկ ցուցադրուելու «թայմինկ»-ը: Մածունեան կրցած է ամենայն հմտութեամբ նկարագրել այս տիպարը՝ հմուտ կօշկակար եւ հնակարկատ մասթըր Էտին եւ… անոր մահէն ետք լոյս ընծայել այս գործը:

Կիզակէտը նոյնինքն հնակարկատ Էտին է, որ Պըրպէնքի կեդրոնական եւ բանուկ փողոցներէն մէկուն վրայ ունէր կոկիկ խանութ մը:  Կեդրոնական ճամբայ ըսելով, ի մտի չունինք ռոք երաժշտութեան ոլորտին մէջ հռչակ շահած՝ Պապ Սիկըրի յիշատակելի  Main Street երգին ստեղծած մթնոլորտը: …Ժամանակին գոյութիւն ունեցող կեդրոնական ճամբաներ՝  Main Street-ներ, որոնք հետզհետէ սկսած են գոյութիւն չունենալ ամէնուրեք եւ փոխարինուած են կայքէջային ել-ճամբաներով, կամ ալ…անելներով:

Էտի տիպարը, թէ՛ խօսակցութեան ոճով եւ թէ՛ շարժումներով, կարելի է նկատել խառնուրդ՝ Եօթներորդ արուեստի աշխարհին մէջ փայլած Ճոն Պելուշիի եւ Պապ Հասքինզի:

Ժապաւէնին մեծ մասը նկարահանուած է այն գործատեղիին  մէջ, ուր Էտիին կ՛այցելեն բարեկամներ, ընկերներ, դրացիներ եւ անշուշտ՝ յաճախորդներ: Հաճելի է մթնոլորտը: Ակնդիրին համար այնքան մը հարազատօրէն ներկայացուած է պատկերը, որ երբ մասթըր Էտին կը կտրէ ու կը փակցնէ կաշին,  ապա նաեւ կը ներկէ, այդ  կաշիին, ներկին եւ մածոյցին միախառն հոտն է որ կը շնչէ: Պարագան նոյնն է, սակայն հոտը բոլորովին տարբեր է եւ բուրումնաւէտ, երբ իր արհեստին համար գործածած ելեկրական ջեռուցիչին վրայ, կէսօրուան դադարին, ան կը տաքցնէ մսաշոթը (լահմաճին կամ «Արմինիըն Փիցցա» ինչպէս կը նշուի ժապաւէնին մէջ):

Գործատեղիին չափ տեղ գրաւած է խանութի մուտքին գտնուող՝ հիւրանոց-ժողովատեղին, ուր օրուան քաղաքական թէ ընկերային հարցերը խոր վերլուծումներով կը քննուին:

Էտիին հետ ակնդիրը  կ՛ունկնդրէ  նաեւ ընկերացող երաժշտութիւնը, երգերը, որոնց շարքին,  Լիբանանի մէջ 60-ականներուն իր ապրած  պատանութեան եւ երիտասարդութեան օրերուն քաղցր հնչող՝ Brothers Four-ի Greenfields-ը… կանաչութիւն մը, բնութիւն մը կամ «բնականութիւն» մը, որ այս օրերուն դժուար է տեսնել, նկատել եւ ըմբոշխնել:

Ճաշակաւոր էր Էտին: Գլխացաւ պատճառող կամ ռապիզ երաժշտութիւն չկար իր գործատեղիին մէջ :

Բազմիցս գործածելով Ալըն Յովհաննէսէն տպաւորիչ մեղեդիներ, Մածունեան կրցած է յաւերժացնել այս «զրոյց-գործ»-էն յիշատակելի վայրկեաններ: Իւրայատուկ է անոր ոսպնեակը, նոյնքան ազդեցիկ, որքան իր լուսանկարները (յիշենք Պուրճ Համուտի առօրեային նուիրուած Bird’s Nest-ը):

Հոլիվուտի քթին տակ պատրաստուած ժապաւէնը, իր ոճով, մղոններ հեռու է բազմիցս աւելորդաբանութիւններով եւ անտեղի զեխութիւններով լեցուն այդ աշխարհէն:

Անկախ գործող բեմադրիչներու (Վերնըր Հերցոկ,  Քէն Լէօչ եւ… Անիէս Վարտա) իրապաշտ ոճը կը յիշեցնէ Մածունեանի այս գործը:

Այսպէս, թէ՛ կը գործէ եւ թէ՛ կը զրուցէ Էտին: Կը պատմէ իր կեանքին, անցեալին, ներկային եւ ապառնիին մասին:

Էտին Լիբանանէն է, եւ անշուշտ՝ հայահոծ Պուրճ Համուտէն:

Փոքր տարիքէն անբախտ դուրս եկած է բազմանդամ ընտանիքի անդամ Էտին. ինը տարեկանհասակին, հազիւ մանկապարտէզի ուսում ստացած, ան դաժան պայմաններու տակ եւ ստիպողաբար մուտք գործած է  արհեստի աշխարհ:

Այդ տարիքին, մանուկ մը  պիտի ուզէր  քաղցր տուրմով կամ շաքարահատիկով  զբաղեցնել իր ատամները, մինչդեռ Էտիի պարագային, իր շրթունքի ետին եւ ակռաներուն միջեւ կարծր ու կոշտ գամեր տեղ գրաւած էին, ու ան զանոնք կայծակնային արագութեամբ բերնէն դուրս բերելով՝  մուրճով հարուածելով գամած էր պատրաստած կօշիկին:

Շուտով ընտանիք կազմած եւ զաւակներու հայր՝ ան  եօթանասունականներու սկիզբը Նոր Աշխարհ ժամանած է.  երիտասարդ տարիքին կորսնցուցած է իր կողակիցը:

Կեանքը պէտք էր շարունակուէր Էտիին համար, թէ՛ գործատեղիէն ներս եւ թէ՛ տան երդիքին տակ: Երկրորդ ամուսնութիւն մը, առաջին սէրէն պահելով դառն յուշեր, Էտին շարունակած է  գործել:

Մածունեան, որ 1998-ի վերջին քանի մը ամիսներուն  պատրաստած է այս ժապաւէնը, Էտիին այցելած է այս տարեսկիզբին եւ փորձած է հատուածներ ցուցադրել, զգալով որ «հերոս»-ը կրնար շուտով հրաժեշտ տալ ու հասնիլ անդէնական:  Ալցհայմըր հիւանդութեան վերջին փուլը «ապրող» Էտին ոչ մէկ բան յիշած է:

Այս ժապաւէնը դիտողին յիշողութեան մէջ վառ պիտի մնայ Էտին՝ իր  քաղաքական պարզ, իւրայատուկ  վերլուծումներով, կարծիքներով, մօտեցումներով եւ փիլիսոփայութեամբ:

Բախտի եւ անբախտութեան մասին շատ կը խօսի Էտին…: Ան բախտաւոր է, որ Մածունեանին ծանօթացած է եւ այս տպաւորիչ ժապաւէնը պատրաստուած է:

Չմոռնանք իր շրջանակին մէջ հանրածանօթ այս տիպարը՝ ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ կամ ՄԱՍԹԸՐ ԷՏԻՆ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles