Զարեհ Մարգարեանի Յիշատակին

2 0
Read Time:7 Minute, 19 Second

Զարեհ Մարգարեան ծնած է Լիբանան, Օգոստոս 16, 1944-ին եւ երիցագոյնն է Մարգար եւ Սիրվարդ Մարգարեաններուն, երեք եղբայրներու եւ մէկ քրոջ կողքին։ Ան իր համեստ եւ ծառայասէր բնաւորութեամբ կը դառնայ ընտանիքին եւ շրջապատին սիրոյ եւ գուրգուրանքին էակը:

Նախնական եւ երկորդական կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք՝ կը յաճախէ Պէյրութի Establishment Oriental College-ը եւ կը հետեւի գիշերային դասընթացքներու։ Աւարտելէ ետք, մուտք կը գործէ կեանքի ասպարէզ եւ կ’ընդունուի Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ընկերային ծառայութեան (Movement Social) բաժանմունքի կեդրոնական դեղարանի տնօրէնի օգնական, մինչեւ իր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը:

Փոքր տարիքէն, Զարեհ մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի Թրատ (Նոր Ատանա) թաղամասի Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» պատանեկան միութեան շարքերը, ստանձնելով վարչական պատասխանատուի պարտականութիւններ, 1959-էն մինչեւ 1965։ Ան կը մասնակցի պատանեկան միութեան կողմէ կազմակերպուած թատերական երկու ներկայացումներու՝ Պուրճ Համուտի «Տէր Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս, առաջինը «Մեծապատիւ Մուրացկանները»-ը բեմադրութեամբ Թաթուլ Այնէճեանի, երկրորդը՝ «Զահրումարը» բեմադրութեամբ Գառնիկ Գազանճեանի:

Հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած սէրին պատճառով, 1965-ին ան կը միանայ Պուրճ Համուտի «Համազգային»-ի շարքերը՝ մասնակցելով աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կ’անդամակցի Պէյրութի Հ.Մ .Ը.Մ.-ին մաս կազմելով հեծելարշաւի խումբին՝ նախ իբրեւ մարզիկ, ապա այդ օրերու հանրահռչակ մարզիչ՝ Յովհաննէս Ծատուրեանի օգնական:

1965-ին կնքահայրութեամբ ողբացեալ Կարօ Սասունիի, կը միանայ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան շարքերը եւ կը դառնայ Թրատ թաղամասի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան անդամ։ Ան հաւատարմօրէն կը մնայ եւ կը ծառայէ իր սիրած ու պաշտած կուսակցութեան՝ մինչեւ իր վերջին շունչը:

1975-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Պոսթըն, ուր կ’ընդունուի Massachusetts General Hospital նշանաւոր հիւանդանոցի դեղարանի բաժնին մէջ եւ կը գործէ իբր վկայեալ դեղագէտ (pharmacy technician), յարգուելով պաշտօնեաներու եւ պատասխանատուներու կողմէ, արժանանալով շարք մը գնահատագրերու: Նաեւ կամաւոր կերպով կը կատարէ Միջին Արեւելքէն ժամանած հիւանդներու թարգմանութիւն անգլերէնէ արաբերէն լեզուի եւ հակառակը:

Նոյեմբեր 9, 1975-ին ան ընտանիք կը կազմէ Սեդա Խաչերեանի հետ։ Ամոլը կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Սիլվի եւ Լիզա, որոնք կը յաճախեն Պոսթընի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու վարժարան՝ «Ծիծեռնակաբոյն» եւ ինչպէս նաեւ մաս կը կազմեն շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերը ու Համազգայինի պարախումբին:

Հանգուցեալը Զարեհը Պոսթընի մէջ, նաեւ կը միանայ շրջանի Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան ստանձնելով պատասխանատու պարտականութիւններ, ապա 1986-ին երբ կը փոխադրուի Քալիֆորնիա, կը փոխանցուի Հ․Յ․Դ․ «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան եւ երկար տարիներ հաւատարիմ իր գաղափարին կը շարունակէ գործել եւ ծառայել։ Իսկ 2017 թուականին, երբ բնակութիւն կը հաստատէ Փասատինա, երկու տարի ետք կը միանայ Հ․Յ․Դ․ «Լեռնավայր» Կոմիտէութեան մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը:

Զարեհը, բազմաթիւ անգամներ կը մասնակցի շրջանային Ընդհանուր ժողովներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-էն ներս՝ կ’ընտրուի սկաուտական խորհուրդի ատենապետ՝ ապա վարչութեան ատենապետ:

«Համազգային»-էն ներս ալ գործօն, Զարեհ կ’ընտրուի Պոսթընի մասնաճիւղի կողմէ ներկայացուցիչ՝ Արեւելեան Ամերիկայի եւ  Գանատայի այդ ժամանակներու Միացեալ շրջանային վարչութիւններու կազմին, ապա հիմնադիր Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի անդամ Համազգայինի առաջին շրջանային վարչութեան, իբր քարտուղար:

1981-ին «Համազգային»-ի շրջանային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի Ոսկեայ շքանշանով:

Հանգուցեալը Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք, կ’ընդունուի ու կը գործէ Veterans Medical Center-ի Սեփուլվետա շրջանի հիւանդանոցի դեղարանի բաժնին մէջ՝ իբր վկայեալ դեղագէտ, մինչեւ 2014-ին հանգստեան կոչուիլը եւ կ’արժանանայ բազմաթիւ գնահատագրերու:

Անդամ էր American Society of Health System Pharmacist Organization-ին, ինչպէս նաեւ California Society of Health System Pharmacist & Technician-ի Սան Կապրիէլ հովիտի շրջանի կազմակերպութիւններուն:

2001-ին, Զարեհ կը մասնակցի Ամսթերտամի Հոլանտայի մէջ կայացած Եւրոպայի դեղագործներու եւ դեղագէտներու համագումարին, մաս կազմելով Ամերիկայի ներկայացուցիչներու մասնակցող անդամներու խումբին:

Լոս Անճելըսի մէջ ալ, Զարեհը կը միանայ «Համազգային»-ին, անցեալի փորձառութեամբ, կ’ընտրուի ատենապետ եւ երկար տարիներ կը ծառայէ Կլենտէյլի մասնաճիւղէն ներս։ Իր օրերուն, 1989-ին կը ստեղծուի մանկապատանեկան խմբակը, կազմուած շուրջ 300-է աւելի պատանի – պարմանուհի եւ երիտասարդներէ, որոնք կուգան ու կը մասնակցին պարային, թատերական ու երգչախմբային աշխատանքներուն։ Սոյն աշխատանքներու յաջողութեան մէջ մեծ դԵր կ’ունենայ նաեւ կինը՝ Սեդան եւ իր երկու դուստրերը՝ Սիլվին ու Լիզան:

Երկու շրջան կ’ընտրուի ու մաս կը կազմէ «Համազգային»-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան իբր քարտուղար։ Հայաստանի մէջ, Զարեհ կը մասնակցի առաջին անգամ կազմակերպուած Ծաղկաձորի մէջ կատարուած պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին:

2008-ին Պոսթոնի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի 35-ամեակին, տեղւոյն վարչութեան կողմէ հրաւիրուելով կը պարգեւատրուի իբր անցեալի ատենապետ:

Հանգուցեալ Զարեհ Մարգարեան քսան տարիէ աւելի ծառայած է Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ պայծառութեան, թէ իբր հոգաբարձութեան քարտուղար, ապա ատենապետ եւ ազգային երեսփոխանի յանգամանքներով:

2010-ին, եկեղեցւոյ 35-ամեակի ուրախ առիթով նախկին առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ ազգային վարչութեան կողմէ կը գնահատուի «Գիր Օրհնութեամբ», իսկ 2015-ին եկեղեցւոյ 40-ամեակի առիթով հոգաբարձութեան կողմէ գնահատագիր յուշատախտակով եւ 2017-ին՝ ազգային երեսփոխանական ժողովին Սրբազան հօր եւ ազգային վարչութեան կողմէ՝ տարուայ լաւագոյն հասարակական գործիչի Գնահատագիր յուշատախտակով:

Նոյեմբեր 3, 2018-ին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահէն ներս կազմակերպուած Համազգայինի 90-ամեակի եւ Արեւմտեան շրջանի 50-ամեակի կալա հանդիսաւոր պարահանդէսի Զարեհ ընթացքին, կը գնահատուի հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս երկար տարիներու յոյժ ծառայութեան համար, որպէս հաւատաւոր եւ արժանավայել «Համազգային»-ական:

Հանգուցեալ Զարեհ, եղած է բարի ամուսին, հոգատար հայր, մեծ հայր, եղբայր, հօրեղբայր, քեռի եւ զարմիկ:

Այստեղ, տեղին է յիշել հանգուցեալ Զարեհին վերջին խօսքերը ուղղուած իր տիկնոջ, որ կ’ըսէ.- «Երախտապարտ ոգիով իմ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ զաւակներուս մօր եւ սիրելի կնոջս՝ Սեդային, որ մեր ամուսնական ուխտին հաւատարիմ՝ մինչեւ վերջ մնաց իմ կողքիս, խնամեց եւ հոգատար գտնուեցաւ, հակառակ բոլոր ֆիզիքական հիւանդութիւններուս եւ պատճառած դժուարութիւններուս»:

Զարեհ Մարգարեան իր մահկանացուն կնքեց Կիրակի, Հոկտեմբեր 31, 2021-ին, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով։ Կորուստը կը սգան կինը՝ Սեդան, դուստրերը եւ փեսաները՝ Սիլվի եւ Յովհաննէս Ջաթիքաշեանները, Լիզա եւ Շանթ Եղիքեանները եւ հինգ սիրասուն թոռնիկները՝ Արամը, Րաֆֆին եւ Ժանոն, Արինը եւ Վանը, հարազատները, խնամիները, բարեկամներն ու ընկերները:

***

Դամբանական Ընկեր Զարեհ Մարգարեանի

Զարեհ Աճէմեան

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Փասատենայի «Լեռնավայր» Կոմիտէի եւ կոմիտէութեան ընկերների անունից տխուր պարտականութիւն ունեմ ցաւակցութեան ու վշտակցութեան խօսք արտասանելու մեր սիրելի ընկեր՝ Զարեհ Մարգարեանի մահուան կապակցութեամբ:

Ընկեր Զարեհի դաշնակցական գործի արմատները հասնում են իր ծննդավայր՝ Լիբանան, Պուրճ Համուտ, ապա անցնում են Ամերիկայի Արեւելեան ափ, Պոսթըն, Լեքսինկթըն, Ուաթըրթաուն եւ ապա հասնում Քալիֆորնիա, մասնաւորապէս Կլենտէյլ:

Ընկեր Զարեհ Մարգարեանը Միացեալ Նահանցներում ապրած իր կեանքի  շուրջ 25 տարիները եղել է Կլենտէյլի «Ահարոնեան» Կոմիտէութեան անդամ: Այստեղ  կոմիտէութեան բոլոր ընկերների մօտ ընկեր Զարեհը միշտ հանդէս է եկել իր բարոյական բարձր չափանիշերով ու դաշնակցական ընկերոջ օրինակելի ու սկզբունքային դրսեւորումներով: Նա ոչ միայն կուսակցական աշխատանքների նկատմամբ միշտ եղել է պարտաճանաչ եւ կուսակցութեան համընդհանուր շահերը ամեն ինչից  բարձր է դասել այլ նաեւ իր բնաւորութիւնից ելնելով միշտ դրական լիցք է հաղորդել թէ ընթացող աշխատանքներին եւ թէ իրեն շրջապատող ընկերներին:

Լաւ յիշում եմ, որ «Օրակարգ» պարբերականի հրատարակութեան օրերին որքան դրական եւ բարձր էր գնահատում այդ աշխատանքը եւ մեզպէս՝ աւելի երիտասարդ ընկերների համար որքան ոգեւորիչ ու գօտեպնդիչ էր իր պէս աւագ ընկերոջ խրախուսանքն ու դրական լիցքը:

Արդարամիտ էր ու անշահախնդիր, եւ այդ յատկանիշների պատճառով միշտ սիրուեց ու յարգուեց բոլորի կողմից լինեն դրանք կուսակցական ընկերներ կամ ազգային, միութենական կամ եկեղեցական շրջանակներում աշխատող անձինք:

Տարիների ընթացքին չեմ կարողանում պատկերացնել մինչեւ իսկ մէկ ընկեր որ ընկեր Զարեհից գոնէ մի անգամ սրտնեղուած կամ վիրաւորուած լիներ: Իր կատարած հսկայ աշխատանքին զուգահեռ՝ համեստ էր ու բոլորին յարգող, իսկ երիտասարդների հանդէպ յատուկ սէր ու գուրգուրանք էր դրսեւորում: Որքան անողոք էր ազգի ու կուսակցութեան թշնամիների հետ, շատ աւելին սիրող ու ներիղամիտ էր իր գաղափարական ընկերների նկատմամբ:

Ընկեր Զարեհը աչքի էր ընկնում ոչ միայն իր մարդկային ու բարոյական յատկանիշերով, այլ նաեւ իր իւրայատուկ կարողութիւններով:

Նա ոչ միայն նուիրուած էր աշխատանքին այլ նաեւ իր մէջ ունէր դաշնակցական ու ազգային գործիչի բոլոր բաղադրեալները: Պատահական չէ, որ մի օր Զարեհ Մարգարեանին տեսնում ենք իբրեւ մշակոյթի գործիչ համազգայինական, ամբողջ մի շրջան վերակազմակերպելու ճակատի վրայ, մի ուրիշ օր իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ղեկավար, մի այլ ժամանակ իբրեւ շրջանի կոմիտէի հիմնասիւն իսկ ի վերջոյ իբրեւ եկեղեցու ընտրեալ հոգաբարձու եւ երեսփոխան մեր առաքելական եկեղեցւոյ բարգավաճման աշխատանքին նուիրուած: Ովքեր ծանօթ են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցու վերջին քսան տարիների պատմութեան հետ կը վկայեն թէ ինչպիսի հսկայ ձեռքբերումներ ունեցան թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ թէ Հ․Յ․Դ․ «Ահարոնեան» Կոմիտէն, շնորհիւ ընկեր Զարեհի հաւասարակշիռ ղեկավարութեան: Կլենտէյի հայ համայնքը երկար տարիներ երախտապարտ է մնալու ընկեր Զարեհին իր  ղեկավարութեան տարիներին մեր ունեցած ձեռքբերումների համար:

Սիրելի ընկեր, քո կենսագրական տողերի ընդմիջից իմացանք թէ որքան գնահատուելու շքանշաններ ես ստացել քո ազգային, միութենական ու եկեղեցական ծառայութեանց կամ քո մասնագիտական ասպարէզում նուիրուած աշխատանքների համար:

Այսօր քո գաղափարական ընկերները վերջին հրաժեշտի համար այստեղ հաւաքուած պէտք է խոստովանենք որ մենք միմիանց կենդանութեան օրօք գնահատելու կամ շքանշաններ տալու սովորութիւն չունենք, սակայն քիչ առաջ (յետոյ) քո գաղափարական ընկերները պիտի երգեն (երգեցին) «Շարունակէք իմ սուրբ գործը» Սա, սիրելի ընկեր, ոչ թէ երգ այլ խօստում է, սրբազան խօստում քո թարմ շիրիմի առջեւ, որ շարունակելու ենք քո սուրբ գործը, որ պիտի ընդօրինակենք քո եռանդն ու հաւատքը, որ պիտի փորձենք մեր անձինց ու եսերից վեր բարձրանալ ու սիրել ու յարգել միմիանց ինչպէս դու սիրեցիր ու յարգեցիր քո ընկերներին:

Մենք շատ բաներ ենք սերտել ու սովորել քեզնից, եւ քո դաշնակցական տիպարի օրինակը միշտ իբրեւ փարոս լոյս է սփռելու մեր առջեւ եւ մեզ առաջնորդելու է որպէսզի աւելի ամուր ու հաստատակամ քայլերով քայլենք դէպի ապագան, դէպի մեր կենարար նպատակների իրագործումը եւ չմոռնանք որ մեր հիմնական գործը ծառայելն է ազգին ու հայրենիքին:

Մէկ անգամ եւս շրջանի բոլոր ընկերների անունից մեր խորին ցաւակցութիւններն ենք յայտնում մեր սիրելի ընկերոջ ընտանիքին, սիրելի տիկին Սեդային, դուստրերին եւ բոլոր հարազատներին:

Սիրելի ընկեր Զարեհ, դու միշտ կը մնաս մեր յուշերում իբրեւ բարի եւ առաքինի ընկեր ու մենք երբէք քեզ չենք մոռանայ ու միշտ կը յիշենք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles