ԳՈՅԺ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

Նոյեմբեր 27, 2021

Պոսթըն, Ա․Մ․Ն․

Խոր կսկիծով իմացանք Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ,  Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանակակիր, Ընկհ․ Վանուհի Իսաջանեանի մահուան գոյժը։

Դժուար ժամանակներու սրտակից գործակիցի մը անվերադարձ կորուստի կսկիծը, մեզ կը տանի տասնամեակներ ետ,  Հ․Օ․Մ․-ի ու մեր հայրենիքի ճակատագրական այն օրերուն, երբ արցունքն ու ժպիտը անպակաս էին մեր յեղաշրջուած կեանքէն ներս։ Երկրաշարժի եւ անկախութեան, մահու եւ վերածնունդի, պատերազմի եւ աւերածութեան, յաղթանակի ու վերաշինութեան օրեր է որ կ՚ապրէինք, եւ հոն էր միշտ ընկհ.Վանուհին, անխոնջ Հ․Օ․Մ․-ականը, հայրենանուէր հայուհին։

Երկրաշարժի արհաւիրքին յաջորդող տարիներուն`1992-1998ը, որպէս Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան Ատենապետուհի, ընկհ. Վանուհին մղիչ ուժը հանդիսացաւ Հ․Օ․Մ․-ի յղացումով իրականացուած Սփիւռք-Հայաստան Խորհրդաժողովներու շարքին։ Նոյնպէս, Ընկհ․ Վանուհիի Ատենապետութեան օրերուն է որ Հ․Օ․Մ․-ը  ծրագրեց եւ իրականացուց Սօսէ Մայրիկի աճիւններուն փոխադրութիւնը Մայր Հայրենիք։

Հարիւրտասնըմէկ տարիներու վաստակ ունեցող մեր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին, շնորհիւ ընկհ. Վանուհիի նման անձնուէր եւ հայրենասէր Հ․Օ․Մ․-ուհիներու, որոնք հաւատարիմ մնալով Հ․Օ․Մ․-ի առաքելութեան եւ պահելով իրենց յարատեւելու կամքը պիտի շարունակեն թիկունք կանգնիլ ազգօգուտ բոլո՛ր ձեռնարկներու, ամենուրէք։

Հաւատա՛ ընկհ. Վանուհի որ հաւատարիմ կը մնանք մեր ժողովուրդին ծառայելու կոչումին եւ նուիրուած` մեր ժողովուրդը ինքնաբաւ դարձնելու սուրբ գործին: Այսօր անգամ մը եւս կ’ամրապնդենք մեր ուխտը, անսակա՛րկ նուիրումով եւ կրկնապատկուա՛ծ թափով շարունակելու մեր աշխատանքը, որպէսզի կարենանք Ճակատաբաց դիմագրաւել մեզի վիճակուած այնքա՛ն ծաւալուն ու կենսական աշխատանքները։

Այսօր չկայ այլեւս մեր սիրելի ընկերուհին, սակայն, արցունքի ու խնդութեան պատմական օրերու մթնոլորտի մէջ իրականացած աշխատանքները լաւագոյնս կը հիմնաւորեն ու կը լուսաւորեն մեր ներկայ ու ապագայ նկրտումներու ճանապարհը։ Հանգի՛ստ իր, եւ իր նման անհամար նուիրեալներու ոսկորներուն՝ որոնց անմեռ յիշատակը կը ջրդեղէ մեր կամքն ու կորովը՝ շարունակելու իրենց Սուրբ Գործը։

Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Հ․Օ․Մ․-ի իր հարազատ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի, Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Համազգայինի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սգակիր անդամներուն  եւ բոլոր հոգեհարազատներուն։

Խունկ ու աղօթք իր անմար յիշատակին։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles