Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
23 Նոյեմբեր 2021
Հայաստանի Ազգային ժողովի Գիտութեանց, Կրթութեան, Մշակոյթի եւ Երիտասարդութեան (բազմազբաղ) յանձնաժողովը Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին նիստ գումարած է եւ, ի շարս այլ հրատապ հարցերու, քննարկած է (չէ՜, սահմաններու, ապահովութեան, գերիներու եւ գրաւեալ հողերու հարցերը իր գործը չեն) կարգ մը մարզարաններու մէջ… մասնագիտութիւն չունեցող մարզիչներու հարցը:
Փոխ նախարար Կարէն Կիլոյեան պատկերասփիւռի ոսպնեակներու առջեւ խոր վրդովմունքով խօսեցաւ «ահաւոր վիճակ»-ի մը մասին: Կան մարզիչներ, որոնք մարզական քանի մը շարժում ըրած են իրենց ամբողջ կեանքին մէջ եւ իրենք զիրեն հռչակած են մարզիչ: «Ասանկ բան կ’ըլլա՞յ…»: Հետեւանքը եղեր է այն, որ տգէտ մարզիչներուն ցուցմունքներով մարզուողներ ստացած են մարմնական վնասներ (մանրամասնութիւններ ալ թուեց): Եզրակացութիւն. բոլոր մարզիչները պէտք է ունենան համապատասխան պատրաստութիւն, մասնագիտական վարժութիւններէ անցած ըլլան:
100% hամաձա՛յն ենք: Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողնե՛րն ալ համաձայն պիտի ըլլան՝ առանց բացառութեան: Ի՞նչ կը նշանակէ առանց մասնագիտական պատրաստութեան մարզիչ դառնալ եւ մատղաշ մարզիկներու մկաններուն ու ոսկորներուն վնասուելուն պատճառ դառնալ: Ամէն բան՝ ուսուլով, օրէնքով, կարգ ու կանոնով: Պէտք է վերջ տալ անիշխանական վիճակին, որ համազօր է «թալանչիութեան, կոռուպցիայի» եւ մասամբ նորին:
***
Հարցը հոն չէ, որ Հայաստանի առջեւ լեռնացող՝ շատ աւելի մտահոգիչ ու ծանրակշիռ հարցեր նման նախանձախնդրութեամբ չեն քննարկուիր պատկան մարմիններու կողմէ (տեղ-տեղ փորձ կ’ըլլայ, բայց ծանօթ հերոսները կը խափանեն թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ անոր յանձնաժողովներուն մէջ, կառավարութիւնն ալ զբաղած է խաղաղութեան պատրանքներու ետեւէն վազելով…): Հարցը հոն է, որ նոյն նախանձախնդրութիւնը, այսինքն՝ մասնագիտական հմտութիւն, պատրասուածութիւն չի պահանջուիր շա՜տ աւելի կարեւոր ոլորտներու մէջ պատասխանատու պաշօններու կոչուողներէ՝ նախարարներէ, դեսպաններէ, զինուորականներէ եւ պետական բարձրագոյն աթոռները գրաւողներէ: Եթէ սկսինք անուններ արձանագրել, քանի մը սիւնակ անբաւարար պիտի ըլլայ, թող որ մեր ընթերցողները գիտեն, թէ, օրինակ, ինչպիսի՜ մասնագէտներ են արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, առողջապահութեան եւ այլ նախարարներ, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ բանակային կարգ մը հրամանատարներ, արդարադատութեան ոլորտին մէջ հին դարակներէ բերուած պաշտօնակատարներ…:
Հոն, սիրելի ընթերցող, մտահոգուելու նոյն պատճառները չունինք: Անոնք պատանի կամ երիտասարդ մարզիկներու-մարզուողներու վնաս չեն պատճառեր: Իսկ Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս մեր պետութեան հասնող վնասնե՞րը… Որո՞ւ հոգը: Ինչպէս որ մեր գերիները վարժուեցան ամիսներ շարունակ սպասման մէջ մնալու՝ մեր ժողովուրդն ալ սկսած է վարժութիւն ձեռք բերել հողերու եւ կեանքերու կորուստին, չվարժուողն ալ կը վերցնէ… գաղթականի ցուպը (չհաւատա՛ք, որ տարեսկիզբէն ի վեր շուրջ 100.000 անվերադարձ մեկնող արձանագրուած է եղեր):