37 տարիներ առաջ, Նոյեմբեր 23-ին, Լոս Անճէլըսի մէջ, ընկեր Սագօ Սարգիսեան, 1981-1984 Բիւրոյի Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն հրաժեշտ կու տայ կեանքին, 39 տարեկան հասակին:
Սագօն ծնած էր Լիբանան, փոքր տարիքէն անդամակցած էր Հ․Մ․Ը․Մ․ Սկաուտական միաւորներու, Հ․Յ․Դ․ Աշակերտական Միութեան եւ ետքը 1965-ին Հ․Յ․Դ․ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Ընտրուած էր Լիբանանի ԿԿ անդամ եւ ապա 1981-ին Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովին՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուութիւնը:
Իր ճիգերուն շնորհիւ` հիմը դրուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական միութիւններու կեդրոնական օրկան` «Կայծեր» պարբերականին: Ինքն էր նախաձեռնողը Հ․Յ․Դ․ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու համագաղութային երկու բանակումներուն (առաջինը` Յունաստանի մէջ, 1983-ին եւ երկրորդը` Ֆրանսա, 1984-ին) եւ երկու համագումարներուն գրեթէ նոյն տարիներուն: Ան այդ շրջանին մղուած հակաթուրք պայքարին մէջ կարեւոր դեր ունէր:
Սագօ Սարգիսեանը գաղափարապաշտ էր, աշխատասէր, խստապահանջ եւ վճռական, նոյնիսկ տագնապալի օրերուն յուսահատական արտայայտութիւն չէր լսուեր իրմէ:
Այսօր, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը պատկառանքով կը յիշէ սիրելի ընկերոջ:
Եւ եթէ մեր հետ ըլլար ան արդեօ՞ք ինչ պիտի յանձնարարէր հայ ազգին այս խայտարակ պայմաններուն ի տես:
Չյուսալքուիլ, անսահման նուիրումով եւ անկեղծութեամբ անդուլ պայքար մղել հայ ժողովուրդի շահերն ու իրաւունքները ոտնահարող քաղաքականութեանց ու թշնամիներուն դէմ: Բնաւ չընկրկիլ մեր իտէալներուն առջեւ: