ԹՈՒՐՔԻԱ՝ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ ՄԸ՝ ՇՆՈՐՀԻՒ ԻՐ «ՄԵՂՄ» ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 18 Second

Արշօ Պալեան

«Հայրենիք»

Այժմ Աֆղանիստան վերածուած է աշխարհաքաղաքական նոր խաղի մը համար պատրաստ երկրի մը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկրին մէջ ի յայտ եկած է շրջանային իմաստով իր կշիռը պարտադրող նոր երկիր մը՝ Թուրքիան։
Բացայայտօրէն ինքզինք պարտադրելու Թուրքիոյ քայլերը տակաւին սկսած են նոր երեւիլ Աֆղանիստանի մէջ։ Զինուորական եւ դիւանագիտական առումով, Աֆղանիստանի պարագային Թուրքիա հիմնական եւ խորքային դերակատարութիւն ունեցող երկիր է։ Թուրքիոյ կացութիւնը այդ է նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ՝ ուղղակիօրէն, Ուքրայինայի եւ Կովկասի մէջ՝ ապահովական ընդարձակ գործակցութեան ձգտումներով, իսկ Ափրիկէի մէջ՝ բարգաւաճում իրականացնելու հսկայ ծրագիրներով։
Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու եւ ՆԱԹՕ-ի հեռացումին առընթեր բացայայտուեցաւ կարելիութիւն մը, որուն հիման վրայ թրքական ուժերը կը ձգտէին երաշխաւորել Քապուլի օդակայանին ապահովութիւնը։
Այս մասին առաջին հարցումը, որ մէկուն միտքէն կ՛անցնի այն է, թէ ի՞նչն է, որ Անգարան կը մղէ նման առաջարկ արտայայտելու եւ պատրաստակամութիւն յայտնելու, երբ Միացեալ Նահանգներ եւ ՆԱԹՕ-ի ուժեր (որոնց անդամ է նաեւ Թուրքիա) իրենց պարտութիւնը ընդունած կը հեռանան Աֆղանիստանէն։
Սակայն ով որ ծանօթ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի մտայնութեան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու անոր երազին, անմիջապէս կը գիտակցի, թէ թրքական այս քայլին ետին կայ թաքուն օրակարգ մը՝ Աֆղանիստանի մէջ աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալով՝ իրականացնել արեւմտեան Ասիոյ մէջ Թուրքիոյ ունեցած ձգտումներն ու երազները։
Միացեալ Նահանգներու հեռացումէն ետք, Աֆղանիստանի իշխանաւորները Անգարայի ռազմագէտներուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն առատ առիթներ կ՛ընձեռեն՝ երկրին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութիւնն ու ուժը ամրապնդելու։
Քապուլի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու իմաստով Միացեալ Նահանգներուն եւ ՆԱԹՕ-ին ներկայացուցած Թուրքիոյ առաջարկն ու Էրտողանը այդ քայլին դիմելու մղած ազդակները կը խորհրդանշուին հետեւեալ կէտերով.
ա.- Մայրաքաղաքին ու օդակայանին ապահովութեան հսկողութիւնը Թուրքիոյ դերակատարութեան յաւելեալ կարեւորութիւն եւ արժէք կու տայ, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕ-ի մէջ անոր կշիռը կը բարելաւէ.
բ.- Երկար ժամանակի վրայ Անգարայի առիթ կը տրուի իր յարաբերութիւնները բարելաւելու աֆղանական հասարակութիւնը բաղկացնող տարբեր խմբաւորումներու հետ, ինչպէս նաեւ անոնց վրայ իր ազդեցութիւնը բանեցնելու։ (Հոս պէտք է հաստատել, որ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերուն գոյութեան ընթացքին Թուրքիա յարաբերութիւններ ծաւալած էր աֆղանական բոլոր կողմերուն հետ, յատկապէս՝ փուշթուններուն).
գ.- Վերջ մը կրնայ դնել Իրանէն Թուրքիա ապօրինի գաղթականներու հոսքին՝ նկատի ունենալով, որ ատիկա սկսած է Թուրքիոյ վտանգ սպառնալ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի համար կրնայ հաւանական հարցի վերածուիլ.
դ.- Թրքական ընկերութիւնները, յատկապէս շինարարական, որոնք Էրտողանի նախընտրութիւնը կը նկատուին, կրնան օգտուիլ Աֆղանիստանի շինարարութեան ծրագիրներէն ու պայմանագիրներէն՝ երբ երկիրը կայունանայ։ Այդ ընկերութիւնները կրնան նոյնիսկ միջազգային մակարդակով մրցակիցներու վերածուիլ.
ե.- Թուրքիոյ համար մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ ներկայութիւնը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ 2007-էն ի վեր թրքական ուժերը գոյութիւն ունին Քապուլի օդակայանին մէջ եւ այդ օդակայանին ապահովութիւնը ստանձնած են 2015-էն ի վեր՝ իբրեւ ՆԱԹՕ-ի շրջագիծին մէջ կատարուող պարտականութիւն։ Սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ Անգարա Քապուլի մէջ իր դերակատարութիւնը շարունակէ պահել, իր գործադրած «մեղմ» դիւանագիտութեան ջանքերով, որպէսզի հաւասարակշռէ իրանեան, փաքիստանեան ու սէուտական դերակատարութիւնը եւ բարելաւէ իր աշխարհաքաղաքական դերակատարութիւնը՝ Ասիոյ սրտին մէջ։
Այս շրջագիծին մէջ նոյնիսկ թալեպանները Թուրքիան կը նկատեն անհրաժեշտ գործընկեր մը՝ կերտելու համար Աֆղանիստանի ապագան։ Կ՛արժէ անդրադառնալ այն իրականութեան, որ թալեպանները նախապէս մերժած էին Քապուլի օդակայանի հսկողութիւնը յանձնել թրքական ուժերուն, որովհետեւ կը մերժէին ամերիկեան-թրքական գործակցութիւնը։ Աւելի՛ն. անոնք հաստատած էին, որ եթէ թրքական ուժեր Քապուլի օդակայան հասնին, ապա իրենք Թուրքիան պիտի յայտարարեն Աֆղանիստանը բռնագրաւող երկիր։
Սակայն Քապուլի փլուզումէն եւ օդակայանին մէջ ստեղծուած քաոսէն ետք, թալեպանները ստիպուեցան թրքական եւ քաթարեան ուժերուն օժանդակութիւնը խնդրել՝ հաստատելով, որ իրենք աճապարած էին Թուրքիոյ դէմ վճիռ արձակելով։
Թալեպանները հաստատեցին, որ Թուրքիա նախապայմաններ դրած է օդակայանին ապահովութիւնը ստանձնելու համար՝ աւելցնելով սակայն, որ իրենք տակաւին յստակ որոշում չեն տուած այդ նախապայմաններուն վերաբերեալ։ Թրքական նախապայմանները կ՛ըսեն. «Թուրքիա պատրաստ է թալեպանները ճանչնալու իբրեւ Աֆղանիստանի օրինական իշխանութիւն, պայմանաւ որ անոնք արտօնեն Թուրքիոյ եւ Քաթարին՝ հսկելու Քապուլի օդակայանին ապահովութեան եւ տնօրինելու անոր վարչական աշխատանքները։ Թուրք ոստիկաններ եւ զինուորներ պէտք է հսկեն օդակայանին կայունութեան, իսկ թրքական մասնայատուկ ուժեր քաղաքացիական տարազներով մնայուն ներկայութիւն պէտք է ըլլան օդակայանին շրջակայքը՝ երաշխաւորելու համար թրքական մասնագիտական անձնակազմին անվտանգութիւնը»։
Հոս պէտք է նշել նաեւ, որ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերուն երկու տասնամեակներու կեցութեան ընթացքին Թուրքիա յատուկ յարաբերութիւններ մշակած է թալեպաններուն հետ, զինուորական յատուկ մարզումներ, գումակային օժանդակութիւններ եւ բժշկական ծառայութիւններ տրամադրելով անոնց։ Թրքական վարչակազմին ցուցմունքներով ամէն ջանք ի գործ դրուած է թալեպաններուն հետ թշնամութիւն չստեղծելու, այլ յարաբերութիւնները պահպանելու՝ գաղտնի սպասարկութիւններու գործակցութեան միջոցով։
Բժշկական ծառայութիւններու շրջագիծին մէջ Քապուլի մէջ հաստատուած է թրքական զինուորական հիւանդանոց մը, որ աֆղաններուն ծառայած է աւելի քան տասնամեակ մը։ Այդ հիւանդանոցը, որ 2015-էն ի վեր փակուած է, հիմնուած էր շրջանի մը մէջ, որուն բնակիչները մեծաւ մասամբ փուշթուն ցեղախումբին կը պատկանէին, սակայն անիկա միաժամանակ կը գտնուէր Ժալալապատի ճամբուն վրայ եւ միայն մէկուկէս քիլոմեթր հեռու էր թրքական սպաներու Կազի զինուորական կեդրոնէն։
Քապուլի մէջ ծառայող թրքական ջոկատին մաս կը կազմէին նաեւ ալպանացիներ, վրացիներ եւ ատրպէյճանցիներ։ Այս ջոկատը ստանձնած էր աֆղանական տարբեր խմբաւորումներու մարզումները, որոնց իբրեւ արդիւնք Աֆղանիստանի մէջ թուրքերը անձնասպանական գործողութիւններու կամ ահաբեկչութեան թիրախ չդարձան, բացի մէկ դէպքէ, որ պատահեցաւ 2015-ին, երբ թուրք դիւանագէտ մը ականուած ինքնաշարժի պայթումի թիրախ դարձաւ թալեպաններուն կողմէ։ Թալեպանները աւելի ուշ թրքական իշխանութիւններէն ներում հայցեցին՝ ընդգծելով, որ իրենք սխալած էին պայթումին թիրախ անձնաւորութեան ինքնութիւնը ճշդելու։
Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերուն կեցութեան ընթացքին թրքական ուժերը թալեպաններուն դէմ ոչ մէկ գործողութիւն իրականացուցած են, եւ փոխադարձաբար թիրախ չեն դարձած՝ թալեպաններուն կազմակերպած ահաբեկչութիւններուն։
Անկախ զինուորական ու ռազմավարական մարտավարութիւններէն, Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ դրած է իր յարաբերութիւնները պահպանելու նաեւ թաղային հեղինակութիւններուն եւ պատերազմի արքաներուն հետ, որպէսզի իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ ընտրութիւններուն ընթացքին այդ միլիսներուն քուէարկութեան եղանակին վրայ։ Այսինքն՝ Աֆղանիստանի մէջ թրքական գործօնը հաւասարապէս գործած է զինուորական, դիւանագիտական եւ գաղտնի սպասարկութիւններուն մակարդակներուն վրայ՝ ինքզինք պարտադրելով բոլորին։
Վստահաբար Թուրքիա պիտի փորձէ Աֆղանիստանի մէջ իր դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը բազմապատկել՝ ներդրումներով եւ ծառայութիւններով, հետեւաբար այս իրողութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ Աֆղանիստանի շրջակայ երկիրները, ինչպէս՝ Փաքիստան ու Ծոցի երկիրներ, անդրադառնան շեփորուած այդ վտանգին եւ սկսին դիմադրել թրքական ռազմավարութեան։
Այս բոլորին կողքին, Աֆղանիստանի մէջ թրքական ներկայութիւնը տիրական դառնալու պարագային, Իրան, Չինաստան եւ Ռուսիա, որոնք ապահովական ուղղակի շահեր ունին Աֆղանիստանի մէջ, պիտի սկսին աւելի մօտէն հետեւելու Թուրքիոյ շարժումներուն, ինչ որ կրնայ ազդել անոր քաղաքացիական անվտանգութեան։ Հետեւաբար յստակ է, որ աշխարհաքաղաքական շահերու մրցակցութիւնը եւ Աֆղանիստանի հետ այս երկիրներուն սահմանակից ըլլալու իրականութիւնը կը հակադրուին Թուրքիոյ ձգտումներուն եւ արեւմտեան Ասիոյ մէջ անոր գործադրած ծաւալապաշտական քայլերուն։ Իսկ նման հակադրութիւն կը նշանակէ անխուսափելի բախումներ։
Այս առումով թրքական պետական շրջանակներ կը հաստատեն, որ Անգարա կը սերտէ իր ռազմավարութեան ստեղծելիք վտանգները՝ փորձելով մեղմացնել անոնց ազդեցութիւնը։ Թուրքիա հաստատ գիտէ, թէ թալեպաններուն հետ իր սիրային յարաբերութիւնները պահպանելով եւ Աֆղանիստանի մէջ իր ազդեցութիւնն ու կշիռը ամրապնդելով, Թուրքիոյ մէջ 2023-ին տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին Էրտողանի կուսակցութիւնը կրնայ մեծ յաջողութիւն արձանագրել։
Ի վերջոյ, Աֆղանիստանի մէջ թրքական ներկայութիւնը Ուաշինկթընի համար եւս նուազ վտանգաւոր կը նկատուի, քան չինական ծրագիրները, գլխաւորաբար՝ Չինաստան-Փաքիստան տնտեսական միջանցքը, որուն իբրեւ արդիւնք Աֆղանիստան կրնայ վերածուիլ կեդրոնի մը, որմէ կրնան օգտուիլ Ռուսիան, Իրանը, Փաքիստանն ու Պէյճինկը, երկրին մէջ ինքնաբերաբար ստեղծելով աւելի բարդ պատկեր մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles