ԱՍԿԵՐԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՒՂԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

0 0
Read Time:4 Minute, 10 Second

Աղբիւրներ՝ Տաթեւիկ Աղաճանեան («Ապառաժ») եւ Ուիքիփետիա

Ասկերանի շրջանի Կարմիր Գիւղը հարիւրամեակներու պատմութիւն ունի: Նախապէս գիւղը Տռնավարզ կը կոչուէր, եւ այս անունը առաջացած է «Տէր Ավեզ» անունէն, որ այս բնակավայրի հիմնադիրը եղած է: Նախկին բնակավայրը ը գտնուի 1,5 քմ հեռաւորութեան վրայ`«Կալերահող» տեղամասին մէջ։ Լեռնային գիւղ է, տեղադրուած է Բովուրխան լերան հարաւային լանջին, բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն 1400 մ է: Կլիմայական պայմանները համեմատաբար ցամաքային են:
Կարմիր Գիւղը կը գտնուի Ասկերանի կեդրոնէն 43 քլմ դէպի հարաւ կը գտնուի, իսկ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն` 23 քլմ հեռաւորութեան վրայ։
1920-ին, գիւղին մէջ, ինչպէս եւ Շուշիի մէջ, թրքական մուսաւաթական խումբերը համատարած արիւնահեղութիւն կը կազմակերպեն: Գիւղը աւերելէ եւ թալանելէ, կանանց, երեխաներու նկատմամբ վայրագութիւններ կատարելէ ետք, անոնք 80 տղամարդու ծեծելով Շուշի կը հասցնեն, ուր անոնցմէ 73-ին գազանաբար կը սպաննեն, իսկ եօթը հոգի միայն հրաշքով ողջ կը մնայ: 1921-ին գիւղը Կարմիր գիւղ վերանուանուած է: 1920-ին այստեղ եղած է 1800 բնակիչ: 1987-ին կար 72 տուն, 198 բնակիչ:
Բնակչութեան հիմնական զբաղմունքը անասնապահութիւնն է, հացահատիկի մշակութիւնը եւ այգեգործութիւնը: Ելեկտրականացուած է 1963-ին: 1840-ական թուականներուն գործած է ծխական դպրոց: 1894-ին այստեղի դպրոցին մէջ կ՛ուսանէին 65 աշակերտներ: 1987-ին դպրոցին մէջ կար 62 աշակերտ եւ 19 ուսուցիչ: Այս գիւծին մէջ ծնած են բժշկական գիտ. տոքթոր, դասախօս Քրիստափոր Պետրոսեանը, դիւանագէտ Վալենտին Իսրայէլեանը, մարքսիստ-փիլիսոփայ Արմէն Տէր-Մանուէլեանը: Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է 160 մարդ, զոհուած է 102-ը, որոնց յիշատակին կառուցուած է յուշարձան:
Գիւղին մէջ նշանաւոր են Վալադանց, Մեծ ջուր, Թղկէ աղբիւրները: Նշանաւոր են նաեւ «Սուրբ Աղին» նահատակը, «Բովուրխանա վանքը»: Վերջինս մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ճարտարապետական համալիր է, բաղկացած է եկեղեցական, բնակելի, օժանդակ շէնքերէ եւ պարիսպներէ: Կառուցուած է խիտ անտառապատ, գեղատեսիլ լերան վրայ։ Գիւղի եկեղեցին կառուցուած է 1941-ին: Անխնամ վիճակի մէջ է:
Գիւղի պատմութեան մօտէն տեղեակ է Կարմիր Գիւղի միջնակարգ դպրոցի ռուսերէն լեզուի ուսուցիչ Հրանդ Աւետիսեանը, որ կը նշէ, թէ ջուրի սակաւութեան պատճառով գիւղացիները տեղափոխուած են ներկայ բնակավայրը, իսկ գիւղի «Դերավազ», «Տրնաւազ» անուանումները ծագած են Տէր Արտաւազդ անունով հոգեւոր հոր անունէն: Կարմիր գիւղն իր ներկայի անուանումը ստացած է խորհրդային ժամանակներէն, երբ գիւղացիները բերքով լի սայլերը կարմիր դրօշներով կը տեղափոխէին որոշուած կեդրոնը:
Արցախեան առաջին պատերազմին երկու անգամ վիրաւորուած, հարազատ եղբօրը կորսնցուցած Հրանդ Աւետիսեանը վերջին պատերազմին միշտ ալ մասնակցութիւն բերած էր, անշուշտ տարիքի բերմամբ առաջին դիրքերէն հեռու։ Աւետիսեան կը հաստատէ, թէ այս պատերազմը բոլորովին տարբեր էր նախորդէն։
«Ցաւոտ պատերազմ էր, հետեւանքներով, զոհերի անհամաչափութեամբ: 1990-ական թուականներին պատերազմական չորս տարում այսքան զոհ չենք տուել։ Մեր զինուորը չի պարտուել, ժողովուրդը չի պարտուել, պարտուել է ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», կը հաստատէ ան եւ համոզուած է, որ դաւաճանութիւն կատարուած է։
«Հնարաւոր չէ, որ պարտուած պետութեան ղեկավարը մնայ իր տեղում: Միայն ինքնասիրութիւնը կորցրած մարդիկ կարող են նման իրավիճակում, նման ամօթալի պարտութիւնից յետոյ նորից յանդգնեն շարունակել իրենց քաղաքականութիւնը: Միգուցէ թրքական հետախուզական աշխատանքների արդիւնք է։ Այս պայմաններում հասարակ ժողովրդից շատ բան կախուած չէ, հարցը պէտք է լուծուի վերեւներում` հզօր պետութիւնների, միջազգային կառոյցների գրասենեակներում», կը շեշտէ Աւետիսեան, աւելցնելով, թէ անցած տարիներուն Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխատէր, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը անորոշ չմնար:
Կարմիր գիւղն այն եզակի գիւղերէն էր, ուր Խորհրդային օրերուն մեծաթիւ թիւով ատրպէյճանցիներ կ՛աշխատէին։ Անոնք գիւղէն ներս չէին ապրեր, այլ՝ մօտակայ հողափոր հիւղակներէ ներս :
Այժմ սովորական է դարձած, թշնամիին տիրապետութեան տակ գտնուող հարեւան բնակավայրերէն լսուող պայթիւնի ձայներն ու ատրպէյճանական դիրքերէն արձակուող կրակոցները:
Պատերազմէն ետք, հետզհետէ Կարմիր Գիւղը վերադարձաւ սովորական, առօրեայ կեանքին: Գիւղացիները կը զբաղուին անասնապահութեամբ, կանաչեղէնի մշակութեամբ: Ամռան ամիսներուն միշտ ալ գոյութիւն ունի ջուրի սակաւութեան խնդիր: Բայց, ինչպէս Արցախի այլ վայրերէն ներս, տեղացիներուն շատ աւելի մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ կը յուզէ Արցախի կարգավիճակի հարցն ու ապագան:
«Մեր ապագան լուսաւոր եմ պատկերացնում, միշտ լաւատես եմ եղել նման իրավիճակներում, բայց միեւնոյնն է, դրութիւն պէտք է փոխուի, իշխանափոխութիւն լինի», կը նշէ Աւետիսեան ինքնավստահութիւն ներշնչելով:
Կարմիր Գիւղի մէկ այլ բնակիչի` Սուսաննա Աւետիսեանի կարծիքով, անկախութիւնն է, որ պիտի փրկէ Արցախը։ «Եթէ անկախ լինենք, հնարաւոր է այստեղ ապրել, իսկ Ատրպէյճանի կազմում անհնար է։ Նախիջեւանի նման կամաց-կամաց հայաթափուելու է: Հայրս սպաննուած է 1974-ին, մօտակայ Պատարայի անտառին մէջ, ազերիներու կողմէ, պարզապէս որովհետեւ հայ էր։ Բնութեան պահպանութեան վարչութիւնում էր աշխատում, միշտ անտառներում էր: Թուրքերն էլ տեսել են հայ մարդ է, սպաննել են, տերեւներով ծածկել: Հօրս հետ մի տղայ էլ կար ուրիշ հեռաւորութեան վրայ, ինքն է տեղը ցոյց տուել: Սպաննողին դատել են, հինգ տարի են տուել, մէկ-երկու տարի է բանտ նստել: Այդ ամէնը Խորհրդային Միութեան կազմում: Իմ աչքի առաջ է սա եղել: Այսքանը տեսնելով, Շարժումը, այսքան զոհը տեսնելով` ես թուրքի մասին լաւ չեմ կարող մտածել: Նրանց համար հաճոյք է հայի արիւն թափելը: Նրանց մէջ դա է մարմնաւորուած, հայի նկատմամբ թշնամութիւնը միշտ էլ եղել է: Ես չեմ հաւատում միասին, համերաշխ ապրելուն, ինչքան էլ ասեն», կը յայտնէ Սուսաննան, որ լաւապէս կը յիշէ, թէ նախքան Արցախեան շարժումը գիւղին մէջ մի քանի ատրպէյճանցի ընտանիք կ՛ապրէր, զբաղուելով անասնաբուծութեամբ։
Այդ ընտանիքէն աղջնակ մը հայերու հետ հայկական դպրոց այցելած է եւ ապա, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած եւ գիւղէն ներս ռուսերէն կը դասաւանդէր: Առաջին պատերազմի բռնկումէն ետք, ան վերադարձած է Ատրպէյճան ու հոնտեղէն ալ հակահայկական կոչեր կը կատարէր:
Այս պատերազմին, Սուսաննայի մտքէն չէր անցներ, որ պիտի պարտուէինք: Ան միշտ ալ հայ զինուորներով կը հպարտանար եւ համոզուած էր, որ պիտի յաղթենք: «Ատրպէյճանը չէ կռուած, Թուրքիան է մեր դէմ ճակատողը», կ՛եզրակացնէ ան, շեշտելով, որ կը փափաքի անվտանգ եւ առանց թուրքերի ներկայութեան ապրիլ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles