ՄԱԿԱՆՈՒՆԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

 

Family tree illustration template design vector

Ա.Ա.

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը պատկանող անհատներուն համար չափազանց դժուար եւ բազմաթիւ պարագաներու ալ գրեթէ անկարելի է պատրաստել Գերդաստանի Ծառը։ Մեր պարագան ալ այդպէս է։

Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած երկու գերդաստաններու երրորդ սերունդին կը պատկանիմ։ Հայրս՝ մարաշցի։ Մայրս՝ ուրֆացի։ Հօրենական մեծ հայրս եւ մեծ մայրս Յովհաննէս Ապտալեան եւ Թագուհի Սերայտարեան։ Մօրենական մեծ հայրս եւ մեծ մայրս Արմենակ Չուլճեան եւ Ազգանուշ Իշխանեան։ Ինչ որ գիտեմ մեծ հայրերուս եւ մեծ մայրերուս ծնողներուն,հարազատներուն եւ ազգականներուն մասին, բնաւ բաւարար չէ, որպէսզի կարենամ գոնէ երեք սերունդ ետ երթալով՝ Գերդաստանի Ծառ մը պատրաստել։ Գիտեմ օրինակի համար, որ Թագուհի սերայտարեանի հօրեղբօր տղան, Յովհաննէս Ապտալեանի հօրեղբօր զաւակները եւ  հօրաքրոջ աղջիկը, Արմենակ Չուլճեանի հօրաքրոջ աղջիկը փրկուած են ցեղասպանութենէն եւ Լիբանան կ՛ապրէին։ Թագուհի սերայտարեանի քոյրերը՝ Մայրանուշ, Սիրանուշ եւ Սիմա եւս փրկուած են եւ ամէն մէկը երկիր մը ապրած ու մահացած է։ Սիման՝ Լիբանան, Սիրանուշը եւ Մայրանուշը, եթէ չեմ սխալիր՝ Միացեալ Նահանգներ։ Այս տեղեկութիւնը կրնայ սխալ ըլլալ, բայց ես այսպէս գիտեմ։ Մօրենական մեծ մօրս՝ Ազգանուշի քոյրը ապրած ու մահացած է Փարիզ։ Ունեցած է աղջիկ մը, Մատլէն անունով։ Այսքան։Գիտեմ նաեւ որ Ազգանուշին հայրը քահանայ է։ Պուրսայի եկեղեցիներէն մէկուն հովիւը։ Մուրատ քահանայ իշխանեան։ Այսքան։ Մօրենական մեծ հայրս՝ Արմենակը, ունէր եղբայր մը, Դաւիթ, որ որդեգրած է մայրս։Այս բաժինը փակելու համար պէտք է նշեմ մեծ հայրերուս եւ մեծ մայրերուս թաղման վայրերը, որովհետեւ իսկապէս բացառիկ ապացոյց մըն է, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ինչ ահաւոր տարողութիւն ունեցած է, ընտանիքներու եւ ամբողջ գերդաստաններու տարտղնման եւ անհետացման իմաստով։ Յովհաննէս թաղուած է Լիբանան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը։ Թագուհի մեծ մայրս թաղուած է Լոս Անճելըս։ Արմենակ մեծ հայրս թաղուած է Քոնեյթրա, իսկ Ազգանուշ մեծ մայրս ալ թաղուած է Լաթաքիա։ Այսինքն, թէ՛ հօրս, եւ թէ՛ մօրս գերդաստանները, ինչպէս սփիւռքահայերուն մեծ մասը, գերդաստանի դարաւոր դամբարան չունին, պարզապէս որովհետեւ ցեղասպանութեան պատճառով ողջերը ցիր ու ցան եղած են։

Սակայն այս նախաբանէն ետք անմիջապէս պէտք է նշեմ, որ միշտ մտածած եմ, որ ինչպէս եւ ինչու մեծ հայրս Ապտալեան, իսկ հօրեղբօրը զաւակները, որոնք Երեւան եւ Պուլկարիա կ՛ապրէին Տեմիրճեան են։ Մեր մականունը ինչու Ապտալեան է, կը հարցնէի մօրս, որովհետեւ հայրս անտեղեակ էր։ Երկրորդ դասարանէն հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանէն դուրս եկած պատանի մը, որ կօշկակարի աշկերտ, ապա կօշկակար դարձած էր։ Գրել կարդալ ալ չէր գիտեր։ Թրքախօս էր եւ եօթանասունական թուականներու «Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանէ» նշանաբանով չափազանց օգտակար արշաւին շնորհիւ, խօսակցական հայերէն  սորված էր եւ միշտ կը ջանար հայերէն խօսիլ տան մէջ։ Ուրեմն չէի ակնկալեր, որ գիտնար, թէ ինչու Ապտալեան է մեր մականունը։ Մեծ մայրս՝ Թագուհին գիտէր պատասխանը եւ պատմութիւնն ալ, թէ ինչու Յովհաննէսը Ապտալեան է։

Հիմա Ապտալ բառին մասին։

Զեյպէք պարը թէ թուրքերը եւ թէ յոյները կը պարեն։ Անշուշտ իրարմէ որոշ տարբերութիւններով։ Թուրքերուն Զեյպէքը աւելի տիրական է, որովհետեւ Զեյպէք պատերազմիկներուն պատմութեան սերտօրէն առնչուած է։ Սկսայ պրպտել այս պարին մասին եւ այդ ընթացքին է, որ լոյսը փայլատակեց՝ Ապտալ բառին վրայ։ Զեյպէքի թրքական տարբերակները շատ են եւ անոնցմէ մին կը կոչուի Abdal Zeybegi։ Երբ այս տեղեկութիւնը կարդացի, մեր մականունին մասին մեծ մօրս պատմած պատմութիւնը իր իմաստը ստացաւ, որովհետեւ միտքիս մէջ որոշ շփոթ կար։ Ապտալ եւ Ափթալ բառերուն միջեւ։ Առաջինը գոյական է։Երկրորդը՝ Ափթալ, ածական է։ Թրքերէն է եւ ապուշ կը նշանակէ։ Կը մտածէի, որ ինչու Ապուշեան է մեր մականունը։ Արդեօք ով էր ապուշը, որուն այդ «շնորհ»-ին պատճառով ալ մեծ հօրս մականունը Ապտալեան էր։Իսկ մինչ այդ մեծ մօրս պատմածն ալ անիմաստ պատմութիւն մը կը սեպէի։ Երբ Abdal Zeybegi կարդացի։Ամէն ինչ յստակացաւ։

Սկսայ պրպտել։«Abdal zeybegi/ turkmen bektashi dervishes were often called Abdal.There was also Abdal tribe belonging to white Huns…. White Huns for Armenians were Hephthal or Heptal and sometimes identified with Kushans»։

Հայոց պատմութեան մեր դասագիրքերուն մէջ Հոները եւ Քուշանները, ինչպէս նաեւ Ալանները ներկայ են։ Հարցը ատիկա չէ։ Խնդիրը, որ յստակացաւ, Մեծ մօրս պատմածին վաւերականութիւնն էր։

Ուրեմն։ Մեծ հօրս նախահայրերէն մին, որուն անունն իսկ չեմ գիտեր,  եղած է մեծահարուստ մը։ Բայց դժբախտութիւն մը ունէր այս մարդը։ Արու զաւակները կը մահանային երեք տարեկան չեղած։ Օր մը տերվիշ մը կը մօտենայ եւ կ՛առաջարկէ արու զաւակ ունենալու պարագային զայն յանձնել Ապտալ տերվիշներուն, որոնք մինչեւ եօթը տարեկան զայն պիտի պահէին, ապա յանձնէին ծնողներուն։  Մեծ հօրս նախահայրը կը համաձայնի։Երբ կը ծնի արու զաւակը, զայն անմիջապէս կը յանձնեն Ապտալ տերվիշներուն, որոնք եօթը տարի ետք պատանին կը վերադարձնեն ծնողներուն։ Մեծ մայրս նաեւ կը պատմէր, որ իբրեւ թէ պատանին վերադարձուցած են՝ անոր կշիռքով ոսկիի փոխարէն։ Այս տեղեկութիւնը քիչ մը հեքիաթային է, բայց ասիկա կարեւոր չէ։ Այսպիսով ան կը ստանայ Ապտալօղլու անունը։Եւ ահա Յովհաննէս Ապտալեան, որ նաեւ մարաշցի ըլլալով հանդերձ «իզմիրլի Վաննես» ալ կոչուած է, որովհետեւ որոշ շրջան մը Իզմիրի մէջ յոյն հրուշակագործի մը աշակերտած է։ Ապա Պէյրութի մէջ 1940-ական տարիներուն թերթանուշ պատրաստելով՝ մեծ ափսէի մը մէջ փողոցները թերթանուշ վաճառած է։ Ըստ մեծ մօրս, Յովհաննէսին պատրաստած թերթանուշին պահանջը մեծ եղած է։ Կը յիշեմ մեծ մայրս ինչպէս կը պատրաստէր սարը պուրման։ Սորված էր մեծ հօրմէս։ Իրարու վրայ կը շարէր տասը գունդ, մէկ առ մէկ ափովը քիչ մը բանալով եւ անոնց միջեւ օսլա թափելով։ Յետոյ գրտնակի մէկ անցումով տասը գունդերը կը վերածէր թափանցիկ թերթիկներու։ Կը դիտէինք զմայլած։

Հիմա սկսայ հաւատք ընծայել մեծ մօրս պատմածին՝ Յովհաննէս Ապտալեանի մականունին մասին։ Վստահ եմ, որ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ կը պակսին։ Նաեւ չափազանցուած բաժիններ ալ ունի պատմութիւնը։ Կարեւոր չէ։ Խնդիրը այն է, որ Ապտալեան մականունին իմաստը գտայ։

Կան բազմաթիւ մականուններ, որոնց ծագումը շատ յստակ է։ Գազանճեան՝ կաթսայագործ, Գալայճեան՝ կլայեկող, Գասապեան՝ մսավաճառ, Նալպանտեան՝ դարբին, Չիլինկիրեան՝ փականագործ, Չաքմաքճեան՝ որեւէ բանի մը կրկնօրինակը պատրաստող։ Պէրպէրեան՝ սաբրիչ։ Շարքը շատ երկար է։Մեր մականունը սակայն այս մեծ խումբին չի պատկանիր։

Մականուններու աշխարհը  գաղտնիքներ պարունակող մեծ, շատ մեծ սնտուկ մըն է։ Երանի ունենայինք կարելիութիւնը պրպտելու եւ երեւան հանելու իւրաքանչիւր մականունի ակունքը, պատմութիւնը, փոխաբերական կամ իսկական իմաստին տակ թաքնուած տեղեկութիւնները։ Կը հաւատամ, որ եթէ ցեղասպանութեան չենթարկուէինք, աւելի դիւրին կ՛ըլլար այս խնդիրը։ Ցեղասպանութիւնը իր բազմաթիւ ահաւոր հետեւանքներուն մէջ ունի նաեւ ահաւոր հարուած մը։ Սերունդներուն միջեւ կապը կտրուեցաւ։ Ափսո՜ս։

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles