ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 16-ին, կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները լայնածաւալ յարձակում գործեցին Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ: Երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կրակը դադրեցուած է` ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն։ Ըստ ռազմական գերատեսչութեան` իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայունացած է:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ քանի որ յարձակումը եղած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ, ապա «մենք դիմում ենք Ռուսաստանին, գոյութիւն ունեցող 1997 թուականի պայմանագրի շրջանակներում Հ․Հ․ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով եւ համաձայնագրի շրջանակներում փոխադարձ պարտականութիւնները իրագործելու տրամաբանութեան շրջանակներում»: Ըստ անոր` Նոյեմբեր 16-ին կացութեան սրացումը կապուած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ յաւելեալ զրահամեքենայ եւ զինուած ուժեր կիրարկելուն հետ, բայց անոնք նաեւ փորձած են օգտագործել Հայաստանի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի զինուած ուժերը:
Աւելի ուշ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Ռուսիա կապի մէջ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ` սահմանային իրավիճակը կարելի եղածին չափ արագ խաղաղ հուն վերադարձնելու համար։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրուան ընթացքին պարբերաբար հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով` դիտել տալով, որ կացութիւնը լարուած է, հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդ ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, ինչպէս նաեւ` զրահամեքենայի։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը նոյնպէս ունի մարդկային եւ դիրքային կորուստներ` զոհ մը` 1991ի ծնունդ պայմանագրային զինուոր, շարքային Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան, եւ վիրաւորներ, որոնց թիւին մասին տեղեկութիւն չփոխանցուեցաւ, Հայաստանի զինուած ուժերու 12 զինծառայողներ ալ` 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային, գերեվարուած են: Պաշտօնական Պաքու եւս հաստատեց, որ գերիներ առած է հայկական կողմէն, սակայն թիւը չճշդեց։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ հայկական կողմը ունի մարտական երկու դիրքի կորուստ։
Մինչ այդ, հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը կայացաւ Ռուսիոյ նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ` հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի շուրջ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն կոչ ուղղեց` դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, որոնք պատճառ կը դառնան իրավիճակի սրումին։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւս ունեցան հեռաձայնային զրոյց, որուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Արցախի տագնապի լուծման հարցը։ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ ձեռնարկել քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն կացութեան կայունացման եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացման։