Յ. Պալեան
«Ղեկավարութեան գերագոյն որակը ամբողջական պարկեշտութիւնն է»։
Զօր. Տուայթ Այզընհաուէր,
Միացեալ Նահանգներու նախագահ, Ի դար
Աւելի ճիշդ՝ ինչո՞ւ Հայրենիքի ղեկավարումէն բացակայ կը պահուի եւ բացակայ կը մնայ տասը միլիոն սփիւռքը:
Այս հարցումին պատասխան պէտք է տան Հայաստանը եւ սփիւռք(ները):
Յաճախ կը մտածեմ սրահներ եւ ժողովներ յուզող գեղեցիկ տարազներու, կարգախօսներու, մէկ օդանաւէն միւսը ցատքողներու հրապարակը ողողած եւ հանրային կարծիքը զբաղեցնող պատկերներու եւ խօսքերու մասին: Երբ կը փորձեմ զանոնք հասկնալ, տխրութեամբ կը հաստատեմ, որ անոնք միամիտներու զգացումները կը շոյեն եւ իրականութենէն փարսախներով հեռու են: Այս, պարզ հայերէնով, ամբոխավարութիւն-ամբոխահաճութիւն է (դեմագոգիա-պոպուլիզմ):
Օրինակ. Հայաստանը համայն հայոց հայրենիք, մէկ ազգ մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ, ամէն առիթով կրկնուող տարազներու եւ եզրերու մասին երբ կը մտածեմ, կը փնտռեմ ՄԷԿը եւ անոր չեմ հանդիպիր: Եթէ միամիտ զանգուածները յուզող ՄԷԿերու մասին երբեմն խօսուի իրաւութեամբ եւ առանց ճապկումներու, ներսը եւ դուրսը, անոնց յանձնառութիւնը կ’աճի եւ կ’ունենայ որակ, հայ քաղաքական միտքը կը հիմնուի 3+10 միլիոնի վրայ, ոչ միայն գործօն եւ բազմապատկուող փոքրամասնութիւններու, որոնք ընդհանուր համրանքին բաղդատած բջիջներ են: Անոնք, յաճախ նաեւ մոռնալով էականը, միայն երեւելիութիւն նուաճելու ճապկումներ են:
Եթէ մեր քաղաքական միտքը եւ նախաձեռնութիւնները հիմնուին 3+10 միլիոնի վրայ, զայն բերեն յանձնառութեան եւ մասնակցութեան, պատճառ չենք ունենար աւաղելու ի տես եւ ի լուր արտագաղթի, հայրենադարձութիւնը կը դադրի ցանկութիւն եւ ճառ ըլլալէ, կ’ըլլայ հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողի (ոչ միայն Երեւանի) տիրութիւն եւ ծաղկում:
Պէտք է դադրիլ ոտքի քնանալէ եւ ոտքի քնացնելու քաղաքական համարուած խաղերէ: Եւ հարց տալ, թէ ո՞ւր են ՄԷԿԵՐը: Անոնք իրականութի՞ւն են, թէ՞ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշող դատարկաբանութիւն:
Չեմ գիտեր, թէ յիշողներ կա՞ն մեծ արուեստագէտ Սօս Սարգսեանի «Չորուկ Ճիւղեր» գիրքը: Այդ գիրքին մէջ Սօս Սարգսեան ցաւցնող հաստատում մը ըրած էր, որ Մեսրոպ գիրով միացուց մեր ժողովուրդը, մենք գիրով բաժնեցինք: Այսինքն, հովերու եւ փոթորիկներու դէմ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ ԱԶԳԸ ՄԻԱՑՈՒՑԱԾ ԷՐ, Մեսրոպի աւանդը ձեւազեղծելով ազգի հատուածները իրարմէ հեռացուած էին ասկէ դար մը առաջ: Եւ այդ հեռացումը կը շարունակուի:
ՄԷԿ ԱԶԳ ԵՒ ՄԷԿ ՄՇԱԿՈՅԹ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ ընողները ոչ մէկ անգամ ԼԵԶՈՒՈՎ ԲԱԺՆՈՒԱԾի հարցը օրակարգ չդարձուցին: Այս կը վերաբերէր ուղղագրութեան: Ի հարկէ, ԲԱԺՆՈՒԱԾԸ ՄԻԱՑՆԵԼ դիւրին չէ, դիւրին չի կրնար ըլլալ: Բայց եթէ յուզող կարգախօսները ազգային-քաղաքական հիմնական նշանակութիւն ունին, առաջնորդ եւ առաջնորդողներ իրաւունք չունին կանգ առնելու դժուարութեան դիմաց:
Ի՞նչ կ’ընենք ՄԷԿՈՒԹԻՒՆը վերահաստատելու համար:
ՄԷԿ ԱԶԳը պատահեցա՞ւ որ կեանքի կոչուի: Ինչպէ՞ս կեանքի կրնայ կոչուիլ, երբ ան, ներսը եւ դուրսը, քաղաքական իրագործուելիք իսկական օրակարգ չէ: Մտածե՛լ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը: Որոշում չկայ այդ մասին, հետեւաբար՝ չկայ նաեւ անոր իրականացման միտող կազմակերպութիւն: Ի հարկէ, ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը պէտք չէ ըմբռնել բացառութիւններով, արտաքին ազդակներու պարտադրանքներով: Բացառութինները գնահատելի են, յուզիչ, բայց ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը համազգային քաղաքական ընտրանք պէտք է ըլլայ եւ այսօր այդպէս չէ:
Եթէ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ է, անոր հանդէպ ՀԱՄԱՅՆը պէտք է ունենայ հաւասար պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ, անոնցմով է, որ մէկ ազգ մէկ հայրենիք ամբոխավարական եւ տպաւորիչ սկզբունքային ըլլալու կոչուած տարազը կը յանգի ազգային խորիմաստ քաղաքականութեան: Կարելի է պարտաւորութիւններ թուել, նոյնիսկ եթէ անոնք ցնորք համարուին ներսի եւ դուրսի էսթէպլիշմընթներուն կողմէ:
Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիք ըլլալու հոգեպարար յայտարարութիւնը ամպերէն իջնելու եւ իրականութիւն դառնալու համար 3+10 միլիոնը հաւասարապէս պարտաւորութիւններ, պատասխանատուութիւններ եւ իրաւունքներ պէտք է ունենայ, 10 միլիոնը առանց բանտարկելու զգացական հայրենասէրի, զբօսաշրջիկի եւ բարեսէրի (Ամերիկայի հօրեղբօր) դերին մէջ: 10 միլիոնը ոչ մէկ ներկայացուցչական դեր եւ իրաւունք ունի համայն հայութեան հայրենիքի ղեկավարման գործին մէջ, դերակատար չէ, անոր մնացած է յուզուելու, ուրախանալու եւ տխրելու իրաւունքը՝ ըստ պահերու եւ ըստ իրադարձութեանց:
10 միլիոնը, իր կարգին, հայրենիքին տէր ըլլալու համար պիտի ըլլայ, ըլլար, նաեւ ծառայ, Սահմանադրութեամբ ճշդուած իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Այդ 10 միլիոնը, միւս 3 միլիոնին պէս պէտք է վճարէր եկամտահարկ, օրէնքով սահմանուած եղանակով ծառայէր բանակին, ունենար քաղաքացիութիւն: Ոչինչ սահմանուած է այս ուղղութեամբ: Հետեւաբար 10 միլիոնը կը մնայ բանտարկուած հանդիսատեսի, զբօսաշրջիկի եւ բարեսէր-բարերարի դերին մէջ: Եւ Հայաստանը կը զրկուի, ինքզինք կը զրկէ 10 միլիոնի ներկայացուցած-ներկայացնելիք կարողականութիւններէն (պոտենցիալ):
Այս հարցը սերտօրէն կ’առնչուի ղեկավարման-իշխանութեան մասնակցութեան անշրջանցելի իրաւունքի: Միշտ մեկնելով այն գեղեցիկ սկզբունքէն, որ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է: Այսինքն Հայաստան-Հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինումը պէտք է ըլլար 3+10 միլիոնի պատասխանատուութիւն, յանձնառութիւն եւ պարտականութիւն: Այս ազգային կարգը չէ քննուած, այդ մասին որոշում չկայ, եւ եթէ զանց առնենք պետութեան մը մակարդակին սիրողական եւ մանրուք գործակցութիւնները, ամէն ինչ ընթացած է եւ կ’ընթանայ դուք հոն մենք հոսի լճացման մթնոլորտի մէջ:
10 միլիոնը ղեկավարման օղակներէն բացակայ է: Ձայն չունի: Լսելի չէ:
Հայաստանէն սփիւռքներ, սփիւռքներէն Հայաստան այցելութիւններ, խորհրդաժողովներ, ոչ մէկ ատեն օրակարգ չեղաւ 3+10 միլիոնը միացած տեսնելու, հաւաքական պատասխանատուութեան եւ գործի բերելու հարցը:
Կեանքի չկոչելով 3+10 միլիոնի կարողականութիւնը, մենք մեզ զրկեցինք այն հզօրութենէն՝ զոր կրնայինք ունենալ: Եւ չգտնուիլ ներկայի պարտուածի վիճակին մէջ, երբ կը փորձենք նախ ապաւինել ուրիշի, ուրիշներու, որոնք կ’որոշեն մեր փոխարէն, Հայրենիքի անկախութիւնը, ապահովութիւնը, որպէս պետութիւն չանհետանալու հնարը կը տեսնենք ենթակայութիւններու մէջ, մեզմէ դուրս ուժերու հոգատարութեան (protectorat, Հայաստան կ’ըսեն՝ պրոտեգտորատ:
Մինչեւ ե՞րբ կրնանք ներազգային կեանքի բաժակ մը ջուրին մէջ փոթորիկներ սարքել: Այս սիրողականութիւն (ամաթէօրիզմ) է:
Ազգի եւ Հայրենիքի ճակատագրին, լինելութեան եւ պատմութեան բեմին վրայ մնալու կամք ունեցող Առաջնորդ պէտք է այսօր, անոնց պատկերով, որոնք յայտնուած են ժողովուրդներու պատմութեան մէջ: Ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, ողջմտութեան հրաշք պահու մը, ինք պիտի յայտնաբերէ այդ Առաջնորդը:
Եթէ Առաջնորդներու բազմապատկումը վերջնականապէս չէ խամրած ազգին եւ հայրենիքին տէր ըլլալու քաջ ողջմտութիւնը, չէ դատարկուած խօսքի կապարճը:
Միշտ մտածելով, որ այդ բազմապատիկները օր մի պիտի գտնուին պատին առջեւ եւ պիտի հասկնան որ արդէն ուշ է:
Հասկնալու կարողութիւնը մեծ առաքինութիւն է:
Ուշադրութեամբ կարդալ Տուայթ Այզընհաւուէրի իմաստութիւնը. «Ղեկավարութեան գերագոյն որակը ամբողջական պարկեշտութիւնն է»:
Եւ անկեղծութեամբ մտածել, եթէ այդ կարելի է, որ նիւթապաշտ եւ փառքի վաշխառու ներսի եւ դուրսի էսթէպլիշմընթներով, ո՞ւր կը հասնի ազգի եւ հայրենիքի տատանող նաւը: