Կարպիս Նալպանտեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:3 Minute, 46 Second

Կարօ Մելքոնեան
(դամբանական՝ կարդացուած թաղման օրը)
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27-ին յաւիտենական իր աչքերը փակեց Հ.Յ.Դ.-ի եւ Հայ ազգի նուիրեալ սիրելի ընկեր Կարպիսը։ Գնաց միանալու իր կեանքի ընկերուհիին՝ տիկնոջը, փափկասուն Մէյրիին, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին թեւ ու թիկունք էր կանգնած իր ամուսնոյն ՝«Ըսթազ»-ին։
Այդպէս ճանչցուած էր Կարպիս, որ արաբերէն կը նշանակէ ուսուցիչ։ Ան այդպէս ալ ծառայեց իր հայ ազգին որպէս միութենական, գաղափարական, քաղաքական գործիչ, կուսակցական եւ մշակութային ասպարէզներու մէջ։
Կարպիս Նալպանտեան ծնած է Հալէպ (Սուրիա) Դեկտեմներ 1, 1931-ին։ Փոքր տարիքին ծնողներուն՝ Գալուստ եւ Ազնիւ Նալպանտեաններու հետ կը հաստատուի Տէր Զօր։ Տեղւոյն ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք կը փոխանցուի պետական արաբական վարժարան, որպէսզի շարունակէ իր ուսումը։ Այդ տարիներուն, Ազգային վարժարանները չէին պետականացուած եւ դասաւանդութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուէին հայերէն լեզուով։ Հետեւաբար, շատ քիչ արաբերէն կը դասաւանդուէր։ Պետական վարժարանի մէջ պատանի Կարպիսը լեզուական դժուարութեան դէմ հանդիման կը գտնուի եւ այդ մէկը պատճառ կը հանդիսանայ, որ արաբերէն լաւ չխօսելուն պատճառաւ, դասարան կրկնէ։ Դասընկերները կը ծիծաղէին իր տկար արաբերէն խօսելուն։ Այս մէկը շատ ազդԵՑ պատանի Կարպիսին վրայ, որ որոշեց անպայման յաղթահարել դժուարութեան եւ տիրապել արաբերէն լեզուին։
Դպրոցի ժամերէն ետք՝ Կարպիս արաբ մուլաներու եւ իմամներու վարժարանները այցելելով զարգացուց արաբերէն լեզուն։
Հայրը՝ Գալուստ Նալպանտեան, Տէր Զօրի մէջ բոլորին կողմէ ճանչցուած ազգային գործօն անձնաւորութիւն մըն էր եւ յարգուած հայ եւ արաբ շրջանակներու կողմէ։ Վարժարանի պատասխանատուները ճանչնալով հօրը, իւրայատուկ վարմունք եւ հոգատարութիւն ցուցաբերԵՑԻն։
Տարին չաւարտած, պատանի Կարպիս սկսԱՒ հեզասահ արաբերէն խօսիլ դասարանի առաջինը հանդիսանալով եւ ապշեցնելով ուսուցիչներն ու դասընկերները։
Երկրորդական ուսումը տեղւոյն արաբական պետական վարժարանէն աւարտելէ ետք, ան յաճախեց Դամասկոսի իրաւաբանական համալսարանը։
1953¬1954 տարիներուն հաստատուեցաւ Հալէպ, ուր աւարտեց իրաւաբանական համալսարանի տարիները, վկայուելով փաստաբան։
Այդ տարիներուն Հալէպը Սփիւռքի ազգային միութենական եւ կուսակցական աշխատանքներու կեդրոնն էր։ Ազգային կեանքը կ՛եռար իր վարժարաններով, եկեղեցիներով ու միութենական աշխատանքներով։
Հազուագիւտ էր հայ ազգային կեանքին մէջ հմուտ արաբերէն լեզուին տիրապետող եւ խօսող։ Այդպիսի տիպար մըն էր Կարպիս Նալպանտեանը, որ անդամակցեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ իր հովանիին տակ գտնուող՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։
1955¬ին, Կարպիս ընտրուեցաւ Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.¬ի Վարչութեան անդամ եւ միութիւնը ներկայացուց պետութեան մօտ։
Նոյն տարին, ան ուսուցիչի պաշտօն ստանձնեց ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, որպէս արաբական բաժնի պատասխանատու՝ դասաւանդելով բարոյագիտութիւն, քաղաքացիական կրթութիւն եւ արաբական պատմութիւն, մինչեւ 1960 թուական։
Այդ երիտասարդ ուսուցչական տարիները Կարպիսին ամենասիրելի եւ յիշատակելի օրերն էին։
1960¬ին ամուսնացաւ ազնուափայլ տիկնոջ Մէյրիի հետ եւ ապա կանչուեցաւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան։
Մէկ տարի մարզուելէ ետք, ան դարձաւ հարիւրապետ եւ փոխադրուեցաւ Դամասկոս, որպէս փաստաբան զինուորական ատեանին մէջ։
Հազիւ մէկ ամիս ծառայած, զինք յանկարծ կը փոխադրեն Փալմիրայի զինուորական բանտը, որպէս բանտապահ եւ ո՛չ բանտարկեալ, որ գրեթէ աքսորեալի կեանք մըն էր։ Ան ստիպողաբար մեկուսացած էր իր շրջապատէն։
Այդ տարիները եղան դաժան եւ մութ մեր հայ ազգային կեանքէն ներս. օրուայ քաղաքականութեան պատճառով։
Իր գաղափարի կուսակցական ընկերներու դատավարութիւնը պիտի ըլլաը Դամասկոսի զինուորական դատարանին մէջ, ուր ինք կը պաշտօնավարէր։ Այդ էր դրդապատճառը զինք Փալմիրա փոխադրելու։ Տարի մը ետք, ան վերադարձաւ Հալէպ։
Երեքէն չորս տարի փաստաբանութիւն ուսանելէ ետք, Կարպիս ցորենի մշակութեամբ կը զբաղի Գամըշլիի մէջ։
1970-ին, Բերիոյ Թեմի օրուայ առաջնորդ Տաթեւ Սրբազանի խնդրանքին ընդառաջելով, ան ստանձնեց ազգային. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը մէկ տարուայ համար, որ երկարաձգուեցաւ չորս տարիով։
Այդ շրջանին, Կարպիտ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ.Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, ստանձնելով ներկայացուցիչի ծանր պարտականութիւնը։
Յաճախակի ժողովներ, արաբերէն լեզուով բանախօսութիւննեը, ճամբորդութիւններ եւ հանդիպումներ, միշտ սիրայօժար եւ ժպիտը դէմքին, ան սպասարկեց եւ ծառայեց իր հայ ազգին եւ կուսակցութեան։
Իրաւաբանական ուսանող դասընկերներու հետ կապը չէր խզած։ Շատեր պետական պաշտօններ ստանձնած էին Դամասկոսի մէջ։ Յաճախ ընկերներով մեկնեցան Դամասկոս լուծելու հայ ազգի առջեւ արգելք հանդիսացած հարցերը։ Իսկ, ի պահանջեալ յարկին, կը դիմուէր նաեւ հանրապետութեան նախագահին։
1973-ի պատերազմին զինք որպէս պահեստի զինուորական ծառայութեան մեկնեցաւ եւ անկէ ետք, իր քրոջը խնդրանքով որոշեց Մասաչուսէց փոխադրուիլ, իր ընտանիքի հետ։ Նոր երկրին մէջ շրջան մը դադրեցաւ ազգային գործունէութենէ։ Բազմազբաղ ըլլալով զաւակներու դաստիարակութեամբ եւ կարգ մը անձնական գործեր նախաձեռնելով, բայց միշտ մտատանչուելով ազգային հոգերով։
Կարպիս Նալպանտեան միշտ ալ, սիրուած եւ յարգուած էր իր շրջապատին եւ ընկերներուն կողմէ։ Իր մէջ ազգային գաղափառական դաստիարակութիւնը զինք հանգիստ չի ձգեր։
Կրկին սկսաւ որպէս գործունեայ անդամ եւ տարի մըն ալ ստանձնէ Հ.Յ.Դ. Պոսթընի «Սարդարապատ» կոմիտէի հերթապապահի պարտականութիւնը։ Ապա, տարիքի յառաջացումով, ան կը փափաքի նկատուիլ որպէս մնայուն բանաւոր բացակայ, բայց անշուշտ միշտ ալ, հետաքրքրուելով եւ տեղեակ պահուելով ազգային գործունէութեամբ։
Ընկեր Կարպիս համեստ, ժպտադէմ, անաչար նկարագրով կը չանար հանգստաբարոյ կերպով լուծել մեր առջեւ ծառացած անհանգստութիւններն ու դժուարութիւնները։ Ան բացառիկ դաշնակցական մըն էր, քաղաքավար՝ ամբողջ էութեամբ։ Կը խոնարհինք ընկեր Կարպիսի ծառայութեան առջեւ։
Հ.Յ.Դ. «Սարդարապատ» կոմիտէութեան եւ ընկերներու անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եւ կը բաժնեկցինք ընկերոջ զաւակներուն՝ տէր եւ տիկին Արիս եւ Ճէյնի Նալպանտեաններուն, տէր եւ տիկին Շահէ եւ Ծովիկ Նալպանտեաններուն։ Չորս թոռնիկներուն ինչպէս նաեւ բոլոր Նալպանտեան եւ Ստեփանեան ընտանիքներուն եւ հարազատներու պարագաներուն։
Խաղաղութեամբ ննջէ սիրելի երէց ընկեր Կարպիս։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles