Բգաւոր Եկեղեցիի Հետքերով

0 0
Read Time:2 Minute, 21 Second


Լոռիի կիսափուլ Բգաւոր եկեղեցին համեմատաբար անծանօթ է եւ շրջան այցելողներուն համար նոյնքան հետաքրքրութիւն չստեղծէր։
Բգաւորը կը գտնուի Աքորի գիւղէն երեք քլմ․ դէպի հիւսիս-արեւմուտք` բարձունքի վրայ: Եկեղեցիին հասնելու համար գիւղին մէջէն աւելի քան մէկ ժամ պէտք է քալել ձորակներու եւ ժայռերու վրայով: Բգաւոր եկեղեցւոյ բարձունքէն կ՛երեւին Լոռիի ձորը, ձախ կողմէն` Ալավերտի քաղաքի մէկ մասը, նաեւ Սանահին, Հաղպատ եւ Ակնէր գիւղերը, իսկ աջին` համայնապատկերն է ամբողջ Աքորիի եւ Օձունի:
Եկեղեցին կիսաւէր է, բացի թաղակամարներէն ծածկը չէ պահպանուած, պատերը կիսաքանդ եւ խարխլած վիճակի մէջ կը գտնուին: Կը պատկանի եռանաւ թաղածածկ դահլիճներու տիպին: Պատերու երեսի քարերը եւ ներսի բոլոր ձեւաւոր մասերը իրականացուած են սրբատաշ պազալթով: Ներսի մասը, պատերու շարուածքը մանր կոպտատաշ քարերով է, իսկ կէսէն վեր ինկած մասին մէջ մէկ մեթր բարձրութեամբ աղիւսով պատուած է: Եկեղեցին ներսէն սուաղուած է: Տարածքում թափուած են թաղերի, կամարների, որմնամոյթերի եւ այլ բազմաթիւ քարեր:
2014-2016 թուականներուն մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների պահպանութեան գործակալութիւնը յատուկ ծրագիր մը մշակած էր Բգաւոր եկեղեցւոյ ամրակայման եւ մասնակի վերականգնման աշխատանքները կատարելու, սակայն աշխատանքը դանդաղ ընթացաւ եւ ցայսօր եկեղեցին կը մնայ կիսափուլ վիճակի մէջ:
Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան տեղեկացմամբ` Բգաւոր եկեղեցին պետական սեփականութիւն է եւ յուշարձանի պահպանութիւնը կ՛իրականացնէ Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն»-ը, որուն աշխատակիցները պարբերաբար այցելութիւն կը կատարեն:
Յուշարձանի ամբողջական վերականգնման նախագիծը մշակուած ու լրամշակուած է` ամրակայման եւ մասնակի վերականգնման նպատակով:
Բգաւորը չունի վիմական արձանագրութիւններ: Յուշարձանի մասին յայտնի չեն յիշատակութիւններ պատմական աղբիւրներու մէջ: Ուստի, մասնագէտները Բգաւորը թուագրած են 13-րդ դարով` անոր ճարտարապետական յօրինուածքը համեմատելով նոյն մարզում գտնուող Ախթալայի, Քոպայրի, Սեդուի եւ Մանստեւի վանքերի (բոլորն ալ` 13-րդ դար) հետ եւ գտնելով շարք մը նմանութիւններ:
Յուշարձանի շուրջը թափուած են անոր մաս կազմող քարերը:
Եկեղեցին ունի երեք մուտք՝ հարաւային, արեւմտեան եւ հիւսիսային կողմերէն: Անոնք ունին լուսամուտներ եւ զարդարուած քանդակներ: Հիւսիսային մուտքը փակուած է: Բոլոր մուտքերը եւ պատուհաններն ունեն ճարտարապետական տարրերով քանդակներ։
Արեւելեան ճակատը աւագ խորանի եւ աւանդատների կցման մասերուն մօտ ձեւաւորուած է եռանկիւնաձեւ կտրուածքի զոյգ խորշերով, որոնք եզերուած են քանդակազարդութեամբ: Աւագ խորանը լուսաւորւում է երեք նեղ պատուհաններէն, որոնց մէջ եզրայինները կը բացուին ճակատային խորշերու մէջ: Պատուհաններու ստորին անկիւնաքարեր պահպանուած են աղօթասրահի երկայնական պատերու արեւելեան կէսին մօտ:
Աղօթասրահը ունենալով քառակուսի համաչափութիւններ (9.33 մ x 9.13 մ), երկթռիչք զոյգ կամարաշարերով բաժնուած է երեք նաւի (սիւնաշարերուն միջեւ գտնուող տարածութիւն)։
Կամարակապի բացուածքները անհաւասար են (4.5 մ x 3.6 մ), որի հետեւանքով արեւմտեան կամարի կրունկները 90 սմ ցածր են արեւելեանի կրունկներէն: Երկայնական կամարաշարերը ամրացուած են միջին մասի լայնական կամարներով եւ դրան համապատասխան արեւմտեան պատի կից որմնակամարներով:
Աղօթասրահը արեւելեան կողմէն կ՛աւարտի կիսաշրջանաձեւ խորանով։
Հայաստանի միջնադարեան բազմաթիւ այլ յուշարձաններու համեմատած` Բգաւորը շատ աւելի բարւոք վիճակի մէջ կը գտնուի, այն առումով, որ անոր պատերուն վրայ այցելուները չեն փորագրած կամ ներկով ու մուրով գրած իրենց անունները, ծննդեան թուականներն ու վայրերը: Եկեղեցուոյ մօտ կան աղբիւր, խորոված պատրաստելու յարմարանք ու տաղաւար, բոլորն ալ` չգործող ու անխնամ:

Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Հետք», «Ուիքիփետիա» եւ «Արմէնփրէս»

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles