Արմենակի հետ նստած էինք եկեղեցիի դիմացի մայթի սրճարանը, սպասելով հին սերունդէն հայերէն գիրք եւ գիր սիրողի մը հոգեհանգիստը:
Արմենակ խօսեցաւ հանգուցեալի սրտցաւ մէկ զայրոյթի մասին:
– Հայաստանէն ժամանած գրողի մը ընդունելութեան ընթացքին, մի ոմն փողկապաւոր երեւելի, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն կը ջարդէր, գումարելով, խառնելով, փքուելով: Կ’ըսէր. «Հիւրը, որը հոս է, մշակոյթի մեծ գործիչ է: Իր նոր գիրքը, որը պիտի գտնէք սրահի մուտքին, Դանիէլ Վարուժանի Բրգնիկ գիւղի մասին է: Բրգնիկը, որը հայկական դպրոց ալ ունէր, ուր դաս տուած է մեծ բանաստեղծը, որը թուրքը ջարդեց…»… Հանգուցեալը նստած տեղէն պոռթկաց. «Ալ բերանդ գոցէ, եթէ շարունակես, Դանիէլ Վարուժանը հիմա պիտի գայ եւ քեզի պիտի ըսէ. «Վերջ տո՛ւր որերուդ, հայերէն չես գիտեր բերանդ գոցէ»:
– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ չես ուզեր հասկնալ, որ հանգուցեալը անհետացող հայատեսակ է, եւ պիտի ապրինք որը որը ըսողներով, փառատենչիկներով:
– Մակա՛ր, գիտես, փառատենչիկները նաեւ զիրար կը հրմշտկեն, կը կոխկրտեն: Կը մտածեմ հիմնադրամ մը հաստատել, որպէսզի Հայաստան եւ Սփիւռք քարոզչութիւն ընէ Ամերիկայի Շերոքի ցեղախումբի առաջնորդ նահապետը:
– Ան ո՞վ է,- հարցուցի:
– Իմաստուն մը: Անոր իր կեանքի մասին իր թոռան ջամբած ուսուցումը կը փափաքիմ որ ջամբէ նաեւ հայերուն:
Շերոքի նահապետը ըսած է.
– Մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ մեծ կռիւ մը: Եւ այդ կռիւը երկու գայլերու միջեւ է, մին չարն է, բարկութիւն, ցանկութիւն, մեղաւորութիւն, տխրութիւն եւ ես, եւ միւսը բարին է, ուրախութիւն, սէր, յոյս, ճշմարտութիւն եւ հաւատք:
Եւ թոռը հարցուցած է.
– Ո՞ր գայլն է որ պիտի յաղթէ:
Եւ առաջնորդը պատասխանած է.
– Այն՝ զոր դուն կը սնուցես:
Այսօր, մեր կեանքի բարդ իրականութեան մէջ, հայը ո՞ր գայլը կը սնուցէ:
Արմենակ եզրակացուց.
– Հիմնադրամով Շերոքի նահապետը պիտի երթայ Հայաստան, շրջի Սփիւռքի հեռու եւ մօտ տեղերը եւ մարդոց ըսէ, թէ ո՞ր գայլը պէտք չէ սնուցել եւ ո՞ր գայլը սնուցել: Օգտակար հիմնադրամ մը:
Մակար ի Գաղիա, 3 Հոկտեմբեր 2021