Ա.Ա.
«Հայրենիք»
Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն երեք ամիս ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պաշտօնական առաջին այցելութիւնը կատարեց Մոսկուա, ուր նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Փաշինեանը՝ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն յաջողութեան առիթով եւ շեշտեց, որ ժողովուրդին վստահութիւնը շատ կարեւոր է՝ դժուար հարցերը կարգաւորելու համար։ Փութին չմանրամասնեց, թէ ինչ են այն «դժուար հարցեր»-ը, որոնց կարգաւորման համար իշխանութիւնները ժողովուրդին վստահութեան կարիքը ունին։
Այդ օրերուն թէեւ քաղաքական մեկնաբաններ եւ փորձագէտներ որոշ նախատեսութիւններ կատարեցին, սակայն ներկայիս շատ յստակ է,թէ ինչ են այդ դժուար հարցերը։ Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշում, «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի խնդիր, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի քննարկում, Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորում, Հայաստան- Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանգծման բանակցութիւններ։ Հարցեր, որոնք հայեւատրպէյճանական եւ հայեւթրքական տագնապներուն առանցքային նիւթերն են։Այս հարցերուն նկատմամբ ալ հայկական, թրքական եւ ատրպէյճանական կեցուածքները եւ դիրքորոշումները իրարմէ շատ կը տարբերին եւ յստակ չէ, թէ, ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել զանոնք եւ լուծել տարակարծութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ նստիլ բանակցութիւններու նոյն սեղանին շուրջ։
Արցախի վերջնական կարգավիճակի որոշումը հայեւատրպէյճանական տագնապին առանցքային խնդիրն է, որուն շուրջ Երեւանի եւ Պաքուի կեցուածքները այնքան կը տարբերին, որ յոյսի ոչ իսկ նշոյլ գոյութիւն ոււնի, թէ կարելի պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները համախմբել եւ բանակցութիւններու ճամբով վճռել Արցախի վերջնական կարգավիճակը։
Երեւանի իշխանութիւններուն համաձայն, առանց Արցախի վերջնական կարգավիճակին ճշդման, Արցախեան տագնապը կարելի չէ լուծուած համարել։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ նախկին իշխանութիւններու հաւանութեամբ միջազգային փաստաթուղթերու հիմամբ Հայաստանի գործողութիւնները բաւական սահմանափակուած են,ան աւելցուց, որ ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շահերը ապահովուի։
Պաքուի կարծիքով, Արցախեան տագնապը անցեալին կը պատկանի, որովհետեւ պատերազմի ճամբով անիկա լուծուած է։ Նոյնիսկ նախկին Խորհրդային Միութեան օրերու Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ չկայ Պաքուի իշխանութիւններուն համար, որոնք կը յայտարարեն, որ Լեռնային Ղարաբաղ անունով վարչական տարածք չկայ Ատրպէյճանի մէջ։
Միջազգային հանրութիւնը բաւական համակարծիք է Երեւանի իշխանութիւններուն տեսակէտին։ Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա կը շեշտեն պաշտօնական Երեւանի կեցուածքը, իսկ համանախագահ երրորդ պետութեան՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չ՛ըսեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի խնդիր չկայ, այլ կը պնդէ, որ այս հարցին քննարկումը պէտք է յետաձգուի։ Ռուսերը արդէն իսկ Ղարաբաղ մտած եւ հաստատած են իրենց խաղաղապահ ուժերը եւ ներկայիս պիտի խուսափին յաւելեալ լարուածութենէ, որ կրնայ ծագիլ վերջնական կարգավիճակի խնդրին քննարկման շուրջ բանակցութիւններու պատճառով։Եթէ անշուշտ կարելի ըլլայ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները համոզել, որ բանակցութիւններու սկսին։ Բայց նաեւ պէտք է նշել,որ Միջազգային ընտանիքը ներկայիս եւ շատ հաւանաբար ալ ապագային միայն բաւարարուի յայտարարութիւններով եւ ոչինչ կատարէ՝ Պաքուն բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու համար, որովհետեւ խնդիրը կը կայանայ ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական շահերու բախման մէջ։
«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի հարցն ալ տարակարծութիւններու բաւական վտանգաւոր թեմայ է։ Հայաստանի վարչապետը շատ յստակօրէն բազմիցս յայտարարած է, որ նման միջանցքի հարց չէ քննարկուած եւ պիտի չքննարկուի։Ռուսերը հակասական կեցուածքներով առաւել անորոշութիւն կը ստեղծեն։Ամերիկացիք եւ ֆրանսացիք գրեթէ չեն անդրադառնար այս խնդրին, իսկ Թուրքիա «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի ստեղծումը նախապայմանի վերածած է՝ հայեւթուրք դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման սկսելու համար։ Անշուշտ Ատրպէյճան յարատեւօրէն կը պնդէ,որ Զանգեզուրը, որ իբրեւ թէ ատրպէյճանական «պատմական» շրջան է, Ատրպէյճանի համար միջանցք պիտի ըլլայ՝ դէպի Թուրքիա եւ Նախիջեւան ելք ունենալու համար։
Նման միջանցքի մը ստեղծման պահանջը նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ նախապայման է՝ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի քննարկման համար։ Իլհամ Ալիեւ զգուշացուցած է, որ այս առաջարկն ալ յաւերժ չէ։ Այսինքն եթէ հայկական կողմը տրամաբանական ժամանակի մը մէջ իր վերջնական կեցուածքը չփոխանցէ, Պաքու չեղեալ պիտի համարէ խաղաղութեան համաձայնագրի քննարկման իր առաջարկը։Այս բաւական արմատական կեցուածքը անցնող օրերուն որոշ փոփոխութիւններ կրեց, երբ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Փաշինեանի հետ տեսակցելու, եթէ Մինսքի խումբին համանախագահութիւնը նման հանդիպում մը կազմակերպէ։ Սակայն Ալիեւի ոճը նոյնն էր, եւ ան խօսեցաւ յաղթողի դիրքերու վրայ գտնուող հռետորի մը նման։ Այլ խօսքով յստակ էր, որ Փաշինեանի հետ հանդիպման պատրաստակամութիւնը «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի անհրաժեշտութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչական տարածքի չգոյութեան Պաքուի պնդումներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ։
Իսկ եթէ Հայաստան – Ատրպէյճան պետական սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման խնդիրը առաւելաբար կապուած է եւ առնչութիւններ ունի նախկին խորհրդային քարտէսներու հիմամբ բանակցութիւններու սկսման կարելիութիւններու հետ, Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ վերջին շրջանի հայկական եւ թրքական կեցուածքները շատ մտահոգիչ են։
Բայց նախ յիշենք Նիկոլ Փաշինեանի քսան տարի առաջ գրած «Մենք ու Մեր Շահերը» յօդուածին հետեւեալ եզրակացութիւնը։
«Գիտակցել, որ Հայաստան կրնայ ռուսական շահերէ տարբերուող շահեր ունենալ։ Գիտակցել, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մեր հարեւաններն են եւ նրանց հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը կենսական հարց է։
Հայաստանը Թուրքիոյ համար ճանապարհ է դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Թուրքիա Հայաստանի համար ելք է դէպի Եւրոպա։Ատրպէյճան Հայաստանի համար ելք է դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Հայաստան Ատրպէյճանի համար ելք է դէպի Թուրքիա, այսպիսով նաեւ՝ դէպի Թուրքիա։ Ահա հաղորդակցութիւններու շահերու այն կծիկը, որուն փոխադարձ կապակցութիւններու կիրառումը կը նպաստէ հարաւային կովկասեան կայունացման եւ զարգացման»։
Քսան տարի առաջ գրուած յօդուածին եզրակացութեան բանաձեւումը տեսական է եւ չի պարունակեր այն վտանգները, որոնք դամոկլեան սուրի մը նման կախուած են հայկական կողմին գլխուն։ Հիմա առաւել քան յստակ են այդ վտանգները՝ «Զանգեզուրեան Միջանցք» եւ Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչում, որմէ ետք Անգարա Երեւանի հետ կրնայ սկսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու։ Ներկայիս պաշտօնական Երեւան ասիկա նախապայման մը չի համարեր։Բայց դիւանագիտական խակութիւն է նման բան իսկ մտածելը։ Նախապայման է եւ շատ կարեւոր է, որ թուրքերուն այս շեշտադրումը իր ամբողջական բովանդակութեամբ դիտուի, որովհետեւ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչմամբ կը թաղուի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտահայութեան դատը։ Կը ջնջուի նաեւ այնքան մելան հոսեցուցած Սեւրի դաշնագրին օրինականութիւնը, որուն մասին Փաշինեան անցեալ տարի բաւական յախուռն գաղափարներով լեցուն խօսք մը արտասանեց դաշնագրին հարիւր ամեակին առիթով։
2008-ին Հայաստանի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերկէյ Լաւրովի փոխանցեց, որ թուրքերը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու պատրաստ են։ Լաւրով ուղղեց հարցում մը։ «Թուրքերը նախապայմաններ ունի՞ն»։ «Ո՛չ չունին» պատասխանեց Նալպանտեան։ «Չեմ հաւատար, որ թուրքերը նախապայմաններ չունին», եղաւ Սերկէյ Լաւրովի պատասխանը։ Ապա ամէն ինչ յստակ եղաւ։
Թուրքերը առանց նախապայմաններու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման չեն նախաձեռներ, ոչ ալ կ՛առաջարկեն նման բան մը։ Այդ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն էր նախապայմանը։ Հիմա, ըստ թուրքեւատրպէյճանական ճակատին, Արցախի տագնապը լուծուած է։ Ուրեմն, նախապայմանը Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչումն է։ Նաեւ՝ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի ստեղծումը։ Իսկ Փաշինեան Վրաստանի վարչապետին միջոցով Էրտողանի հետ տեսակցելու առաջարկ ղրկած է` վստահաբար հաշուի առնելով թրքական շնական դիւանագիտութեան բոլոր ծալքերը եւ էութիւնը։ Այլապէս……