Արամ Մանուկեանի Պրոնզաձոյլ Կիսանդրիի Տեղադրում 

0 0
Read Time:1 Minute, 31 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբե 30-ին Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշակոթող-կիսանդրիին բացումը: Քաղաքական գործիչին պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ կեդրոնի նախասրահին` խորհրդանշական բաժինին մէջ, ուր ամէն օր կ՛այցելեն հարիւրաւոր երիտասարդներ: Քանդակին հեղինակը քանատահայ քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեանն է:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան` արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կերպարն ու գործունէութիւնը, ըսաւ. «Դժուար է թերագնահատել այն դերը, որ ունեցած է Արամ Մանուկեանը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման գործին մէջ: Եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանը, չըլլային անոր ժամանակակից նուիրեալ գործիչները` չէինք ունենար Ա. Հանրապետութիւնը, Խորհրդային Հայաստանը, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Արամ Մանուկեանը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր գործած է եւ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ, միշտ հանդէս եկած է իբրեւ լաւ կազմակերպիչ` ըլլայ Պաքուի, Կարսի, Վանի, թէ Երեւանի մէջ: Ան իր որակական յատկանիշներով կրցած է փայլուն արդիւնքներ արձանագրել իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին: Միայն վերջին տարիներուն է, որ, տարբեր առիթներ օգտագործելով, կրցած ենք Արամ Մանուկեան գործիչի մասին բարձրաձայնել: Վստահաբար, թէ՛ երէկ, թէ՛ այսօր, թէ՛ վաղը Արամ Մանուկեանի պէս գործիչներու անհրաժեշտութիւն պիտի ունենանք` իբրեւ կազմակերպող, իբրեւ առաքինի մարդ, իբրեւ միասնութիւն ապահովող, անմնացորդ նուիրեալ: Այս որակներուն շնորհիւ էր, որ Արամ Մանուկեան բոլորին համար դարձած էր ընդունելի, հարազատ, հեղինակութիւն», ըսաւ ան, ապա, վերյիշելով Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը, շեշտեց` արդեօք մենք կը մտածե՞նք, կը գործե՞նք, կ՛ապրի՞նք Արամ Մանուկեանի նման», ըսաւ Համբարձումեան:

Քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեան պատիւ նկատեց Արամ Մանուկեանի նման հերոսի մը յուշակոթող-կիսանդրին քանդակելը` աւելցնելով, որ Արամ Մանուկեանի մահուան 100-րդ տարելիցին առիթով Սարդարապատ յուշահամալիրին մէջ եւս տեղադրուած է իր հեղինակած` Արամ Մանուկեանի յուշակոթողը:

Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան` խօսելով քանդակագործին մասին, ըսաւ, որ Յակոբ Ճամպազեան իսկական արամական է, եւ եթէ մենք հայ ենք, ապա իւրաքանչիւրս պէտք է քիչ մը արամական ըլլանք:

«Արամականութիւնը դարձնելով հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը` մենք հայ ժողովուրդը ազգային կը դարձնենք, որուն մէջ է մեր փրկութիւնը», եզրակացուց Շահպազեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles