Լիբանանի Մէջ Հաւաք՝ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second


ՊԷՅՐՈՒԹ․- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27-ին, Արցախի դէմ Ատրպէյճանի մղած 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ:
Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ ուղղուեցան Ատրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ:
Այս առիթով Լարա Գարակէօզեան արաբերէնով խօսք առաւ, յայտնելով, թէ տարի մը առաջ Արցախ ապրեցաւ արիւնալի պատերազմ մը, որ շղթայազերծուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ` Թուրքիոյ զօրակցութեամբ: Այդ պատերազմին ընթացքին ոտնահարուեցաւ մարդկային իրաւունքներու Ժընեւի համաձայնագիրը: Ան աւելցուց, թէ Արցախի դէմ վերջին պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճան ամէն տեսակի արգիլուած զէնքեր օգտագործեց, ինչպէս` սպիտակ ֆոսֆորի զէնքեր, տարանջատուող ռումբեր, «Պայրաքտար» տիպի թրքական անօդաչու սարքեր, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց քաղաքայիններ եւ գերեվարեց զինուորներ, զորս մինչեւ օրս ազատ չէ արձակած:
«Ատրպէյճանցի՛ ժողովուրդ, ձեր պետութիւնը որոշած է խրտուիլակի վերածուիլ, եւ այդ պատճառով դուք գերիշխան չէք: Ձեր պետութիւնը յարձակում սանձազերծած է դրացի երկրի հողերուն վրայ, հետեւաբար ձեր բնակարանները ենթակայ են յարձակումներու: Ձեր պետութիւնը բռնաբարած է ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքները, հետեւաբար մերկացուցած է ձեզի մարդկային իրաւունքներու խանձարուրէն: Ձեր պետութիւնը ահաբեկիչ պետութիւն է, որուն պատժուելուն ժամը հնչած է: Ինչպէ՞ս կ՛ընդունիք ապրիլ երկրի մը մէջ, որուն պետութիւնը պատճառ դարձած է ձեր գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան կորուստին, պարզապէս թուրք փաշան գոհացնելու համար: Ինչպէ՞ս կ՛ընդունիք, որ ձեր պետութեան ղեկավարը ըլլայ խրտուիլակ մը, որ ձեզ կը ներկայացնէ միջազգային ամպիոններէն: Արցախի դէմ պատերազմէն տարի մը ետք միջազգային ընտանիքին` ներկայացուած Մ․Ա․Կ․-ով, պարտականութիւնն է ստանձնել իր պատասխանատուութիւնները, եւ խիստ պատիժներ որդեգրել յանցագործին ու պատերազմը հրահրողին դէմ: Կը մնանք պահանջատէր եւ պայքարը կը շարունակենք մինչեւ բոլոր հողերուն ազատագրումը` թրքական եւ ատրպէյճանական բռնագրաւումէն», ըսաւ Լարա եզրակացնելով, թէ պատերազմէն տարի մը անցած է արդէն, եւ այդ տարուան ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները կոպտօրէն խախտած են միջազգային օրէնքները, եւ ոչ ոք կասեցուցած է անոնց ընթացքը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles