Խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի Հրաժեշտը

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

Ոչ եւս է վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեանը։ Ան հոգին աւանդեց Հոկտեմբեր 15-ի առաւօտեան, Մալաքոֆի իր բնակարանին մէջ, 98 տարեկանին։

Տակաւին քանի մը օր առաջ, Փարիզի քաղաքապետարանը իր հեղինակաւոր «Վերմէյլ» շքանշանով պարգեւատրած էր վաստակաշատ վարպետը։

Անոր անունը եւ յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որուն խմբավարութիւնը ստանձնած էր երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած էր այն բարձունքին, որուն վրայ անիկա կը գտնուի այսօր։

Տասնհինգ տարեկանին` Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանին երաժշտութեան ուսուցիչ Աշոտ Պատմագրեանի աշակերտ, անոր բացակայութեան ինք կը ստանձնէր տարեվերջի հանդիսութեան երգչախումբին ղեկավարութիւնը: Իսկ ուսուցիչին մեկնումէն ետք դարձաւ անոր յաջորդը` մինչեւ 1953:

Փարիզ մեկնելէն առաջ Ափրիկեանը Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ շարք մը համերգներով լուրջ գործունէութիւն ծաւալեց, ինչպէս` «Համրա» հանրածանօթ հանդիսասրահին մէջ: Երաժշտութեան բնագաւառին մէջ առաջնակարգ դէմք դարձաւ` արժանանալով մինչեւ իսկ Եգիպտոսի նախագահին գնահատանքին:

Եթէ Ափրիկեանը չըլլար, Գուրգէն Ալեմշահի «Աւարայրի ճակատամարտը» համանուագային վիպերգութիւնը (poème symphonique) պիտի նուագուէ՞ր Երեւանի մէջ: Նոյնն է պարագան իր «Սասունցի Դաւիթ» օրաթորիոյին, որ դիւցազներգական բնոյթով համանուագախմբային երկ է ու կը պարունակէ մեներգներ, խմբերգներ:

Լեւոն Շանթ հակակրօնական տարողութեամբ իր գործը կոչած էր «Հին աստուածներ», Ափրիկեան գտած էր Բարսեղ Կանաչեանի այդ թատրերգութեան համար յօրինած դաշնակի բաժին մը եւ ջութակի ու թաւջութակի կցկտուր հատուածներ: Անոնց վրայ հիմնուելով` ան յաջողութեամբ ստեղծեց մէկ արարնոց, խտացած «Աբեղան» օփերան, որ համանուագախմբային երկ մըն է: Իրեն կը պարտինք նուագախումբի ընկերակցութեամբ «Նանոր»-ի ժողովրդականացումը, Կանաչեան-Ափրիկեանի «Նանոր»-ը դարձաւ կոթող մը եւ միջազգային երաժշտասէրներու մեծ ընդունելութեան արժանացաւ:

Ափրիկեանը հետագային Կանաչեանի բազմաթիւ գործերուն համանուագային բաժիններ աւելցուցած է, ինչպէս` «Շուշօ»-ին, «Վարդերի հետ»-ին, որոնք այլեւս գրեթէ չենք լսեր արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ…

Ինչ կը վերաբերի կոմիտասեան պատարագին, Ափրիկեանը նկատած է, որ զայն խառն երգչախումբի պատշաճեցնելու բոլոր փորձերը գոհացուցիչ արդիւնք չեն տուած` անոնց հնչեղութիւնը մնացած ըլլալով թեթեւ, նոյնիսկ` միապաղաղ: Ինք իր նոր մօտեցումով պայծառութիւն մը բերած է` նկատի ունենալով testiture-ը, այսինքն` երգաձայնի մօտաւոր հնչածաւալը, երգողներու համար ամէնէն նպաստաւոր, յարմարագոյնը: Ըրածը «փոխագրութիւն-վերագրութիւն» կարելի է կոչել. նոյն աշխատանքը կատարած է մեր հիասքանչ գոհար շարականներուն վրայ:

Կարպիս Ափրիկեանը մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին:

Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ հայ երաժշտութեան երկնակամարին վրայ դարձած էր եզակի անուն մը, որուն վաստակը արժանի է ամէն յարգանքի ու մեծարանքի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles