Արցախի 44-օրեայ Պատերազմի Ա․ Տարելիցին Առթիւ․- Բողոքի Ցոյց Եւ Հաւաք՝ Յունաստանի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second


ԱԹԷՆՔ․- Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, իրագործելով բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք Թեսաղոնիկէի մէջ՝ Սուրբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ։
Աթէնքի հայութիւնը ներկայ եղաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, իր բողոքն ու ընդվզումը բարձրաձայնելու համար Արցախի վրայ 44-օրեայ պատերազմին եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ։
Ցոյցէն առաջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր, շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած ըլլալով պաստառներ զանազան ընդվզեցուցիչ լոզունգներով, որոնց վրայ յունարէն լեզուով գրուած էին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուքի ու յարգանքի օր Ատրպէյճանի համար» գրութիւնները։ Նաեւ, մայր դռան վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն։ Նաեւ, տեղադրած էին նոյնանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար։
Ցանկապատին ետեւէն, դեսպանատան պաշտօնեաները երկար ցողերով փորձեցին վար առնել հայկական Եռագոյնը, իսկ մէկ այլ պաշտօնեայ մը ցուցարարներուն վրայ ջուր փորձեց թափել։
Ներկայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւններն ու նկարները, իսկ ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները։ Միջադէպի ամբողջ տեւողութեան եւ բողոքի ցոյցի ընթացքին դեսպանատան բազմաթիւ պաշտօնեաներ պատուհաններուն ետեւէն նկարահանումներ կը կատարէին։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները մեծադիր պաստառներով գրաւեցին դեսպանատան առջեւէն անցնող ճամբան, իսկ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան անդամները եւ ժողովուրդը Եռագոյն դրօշակները իրենց ձեռին կը բացագանչէին լոզունգներ։ Ցուցարարները պահանջեցին, որ Ատրպէյճան անյապաղ ազատ արձակէ հայ գերիները, իսկ կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին եւ մեծ պետութիւններուն վերականգնել արդարութիւնը եւ ճանչնալ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։
Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին« եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտավազդ վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Հոծ բազմութեան առջեւ Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ զինուորներու ու Արցախի ժողովուրդի դիմադրականութեան, հերոսական մարտնչումին եւ անձնազոհութեան ոգին։
Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր պատերուն վրայ զետեղուած էին քաջաբար իրենց կեանքը մատուցած հայ զինուորներու նկարները եւ բոլոր զոհուած հայ զինուորներու անուններու ցանկերը։
Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ յիշատակի յատուկ յայտագիր։
Յուշ երեկոն շարունակուեցաւ լուռ քայլարշաւով մը դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող խաչքարը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles