Կիրակի, 24 Նոյեմբերին Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի Terrace on the Park համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի ծառայութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ներկայ եղան ո՛չ միայն Նիւ Եորքի ու Նիւ Ճըրզիի հաւատացեալներ, այլեւ Արեւելեան Թեմի զանազան ծուխերէ ժամանած հայորդիներ։ Անոնք եկած էին իրենց գնահատանքը, յարգանքն ու սէրը յայտնելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ անոր քառասուն տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար:
Տօնախմբութիւնը սկիզբ առաւ բարեջան Առաջնորդի գոհաբանութեան Սուրբ Պատարագով, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւնը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մեթր Քրիստափոր Բարնակեան, որ նաեւ կատարեց հանդիսավարութիւնը։ Այնուհետեւ, երգչուհի Յուշեր Պզտիկեան իւրայատուկ ոճով մեկնաբանեց ամերիկեան եւ հայկական ազգային քայլերգները։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը, զոր պատարագի ընթացքին ընթերցած էր Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան, վերստին կարդաց Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Վեհափառ Հայրապետը, ի միջի այլոց, գրած էր. «Անոնք որոնք ճանչցած են Սրբազան Հայրը, կրնան անվարան հաստատել, որ ան քառասուն տարիներ շարունակ բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու նախանձախնդրութեամբ, հաւատքով ու հաւատարմութեամբ ծառայեց մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Պաշտօնները եւ աթոռները չճշդեցին երբեք Սրբազանին ծառայութեան որակն ու մակարդակը, չափն ու սահմանը։ Որպէս քարոզիչ, Հոգեւոր Հովիւ թէ Առաջնորդ, Սրբազան նո՛յն ոգիով ու հաւատքով իրագործեց իր ծառայութիւնը։ Իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանին մօտ հոգեւոր հովիւի տիպարը միշտ մնաց տիրական՝ Աստուծոյ խօսքը տանելով ժողովուրդին, եւ օգտակար հանդիսանալով անոր կարիքներուն»։
Հանդիսութեան ներկայ էին հետեւեալ հոգեւորականները. Արժպ. Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեան՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ (Պէյսայտ, Նիւ Եորք) հոգեւոր հովիւ, Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի նետկայացուցիչ, Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, Տակլըսթընի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան եւ երէցկին, Ինտիըն Օրչըրտի (Մասաչուսէց) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան եւ երէցկին, եւ Թրոյի (Նիւ Եորք) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւով հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան եւ երէցկին։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ գնդ. Արամ Սարաֆեան, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ՝ տիկ. Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն, իրենց խօսքերով դրուատեցին Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հանապազօրեայ նուիրումը, բարեսրտութիւնը, համեստութիւնն ու սէրը, զորս ան մատուցած է իր ժողովուրդին, եկեղեցւոյ ու ազգին։ Գնդ. Սարաֆեան նշեց, թէ Անուշաւան Սրբազանի ծառայութիւնը իր ժողովրդանուէր բնոյթով կը մնայ իւրայատուկ Ազգային Առաջնորդարանի պատմութեան մէջ։ Ան յուզմունքով արտայայտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրումին, «որ սահման չէ ճանչցած, երբ ժամերով ինքնաշարժ վարած է գրեթէ ամէն շաբաթավերջ՝ ժողովուրդին հետ ըլլալու, Ս. Պատարագ մատուցանելու կամ սարկաւագներ ձեռնադրելու համար։ Ան իսկապէս սահման չունի, նոյնիսկ գործողութեան ապաքինման շրջանին»։
Կրօնական Ժողովի փոխատենապետ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, յայտնեց, թէ «բոլորս հաւաքուած են այսօր մէկ ընտանիքի նման՝ իրօք իմաստալից պահ մը նշելու. Առաջնորդ Սրբազան Հօր քառասնամեայ նուիրեալ ծառայութիւնը, մինչ կը խորհրդածենք Աստուծոյ հանդէպ անոր յանձնառութեան եւ Անոր Եկեղեցւոյ աճին մասին»։ Սրբազան Հայրը «առաջնորդող հովիւ եղած է իր հօտին։ Անոր առաքելութիւնը անհամար կեանքերու հետ կապուած է, Աստուծոյ սէրը մուծելով ծխականներու սրտին մէջ, որոնք անոր հետ կապուած յիշատակներ կը պատմեն Արեւելեան Թեմի բոլոր համայնքներուն մէջ»։ Հ. Պօղոս դիտել տուաւ, թէ ինչպէս Անուշաւան Արքեպիսկոպոս «սովորաբար կը յիշեցնէ նոր հովիւներուն, թէ հովիւի մը դերակատարութիւնն է հօտին խնամքը, ինչ որ ան կատարած է քառասուն տարուան ընթացքին, եւ կը շարունակէ իր օրինակով առաջնորդել։ Այսօր ո՛չ միայն կը մեծարենք անոր տեսանելի իրագործումները, բայց եւ անտեսանելի զոհողութիւնները, զորս կատարած է յանուն իր կոչման»։
Բոլոր հոգեւորականներուն անունով, Հ. Պօղոս Սրբազան Հօր նուէր ըրաւ Աստուածամօր պատկերով պանակէ մը։
Ընթրիքէն առաջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս օրհնութիւնը տուաւ, եւ իրեն յատուկ մտերմիկ ոճով այցելեց իւրաքանչիւր սեղան, ներկաներուն հետ խօսելով եւ լուսանկարուելով։
Ընթրիքէն ետք, յատուկ կրծքանշաններ յանձնուեցան Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատու հիմնասիւներուն, որոնցմէ ներկայ էին տէր եւ տիկ. Գառնիկ եւ Ալիս Ալաճաճեան, տոքթ. Գարլօ եւ Օրորա Պայրագճարեան, տէր եւ տիկ. Վեհ եւ Արփինէ Պզտիկեան, Անդրանիկ Պուտաքեան, Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան, տոքթ. Հուրի Տաղլեան, տէր եւ տիկ. դատաւոր Տէյվիտ եւ Սիւզըն – Էրիքսըն, մեթր Թամար Յարութիւնեան, Քարէն Ճիհանեան, Արժպ. Տ. Վահան եւ երէցկին Մակի Գույումճեան, տոքթ.ներ Արթըր եւ Լուիզա Գուպիքեան, Ալիս Մովսէսեան, տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Մարի Օհաննէսեան, մեթր Քրիստափոր Բարնակեան, գնդ. Արամ Սարաֆեան, տէր եւ տիկ. մեթր Ռիչըրտ եւ Նորա Սարաֆեան, տէր եւ տիկ. տոքթ. Արամ եւ Սեդա Սէմէրճեան, տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Մարի-Ժան Շիրինեան եւ տիկ. Նայտա Ոսկերիչեան։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «40-ամեայ ծառայութիւն» տեսերիզը, որ նուիրուած էր Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի չորս տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայութեան Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։
Գեղարուեստական բաժինը ապահովեցին երգչուհիներ Յուշեր Պզտիկեան եւ Քարինէ Վարդանեան, եւ ջութակահար Լիզա Տոտաքեան։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը յայտնեց՝ իւրայատուկ անձնական շեշտով, եւ հայերէն ու անգլերէն արտայայտեց իր երախտապարտութեան խօսքը բոլորին, անդրադառնալով Ազգային Առաջնորդարանի իրագործումներուն եւ առողջական հարցերէ ետք իր ապաքինման պայքարին։
Յոտնկայս ու երկարատեւ ծափահարութենէ ետք, անմոռանալի այս ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ։