- Ինչպէ՞ս կ’ընդունուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններուն բացման ազդանշանները
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վերջերս դրական ուղերձներ եղան: Գնահատելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, «Մենք պատրաստ ենք խորհրդակցելու ճանապարհային եւ երկաթուղային փոխադրումներու վերականգնման համար»- կ’ըսէ Իկտիրի առեւտուրի եւ արդիւնաբերական պալատի նախագահ Քամիլ Արսլան. «Մենք կողմ ենք դռներու բացման»:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Կարս-Գիւմրի սահմանային դարպասը փակ է 1993 Ապրիլէն՝ հայկական ուժերու եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայացած պատերազմի եւ Ատրպէյճանի կողմէ Քելպաճար նահանգի գրաւման պատճառով: Միաժամանակ Կարսով կ’անցնի նաեւ Թուրքիայէն Հայաստան երկաթգիծը: Իսկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն մօտ 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Իկտիրի Ալիճան սահմանային դարպասը փակած է 1952-էն ի վեր:
Արսլան կը շարունակէ․- « Վստահ որ առեւտուրը ազգութիւն չունի: Մենք կողմ ենք դռներու բացման, բայց առաջին հերթին Հայաստան անհրաժեշտ է վերջ տայ Ատրպէյճանի հետ հակամարտելէ: Երկրորդ, մենք դժգոհ ենք որ Հայաստանը մեղադրանքներ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ այսպէս կոչուած հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Այս դռան բացումը ձեռնտու է երկու կողմերուն: Այս դուռը կը նպաստէ տարածաշրջանին սոցիալական, մշակութային եւ տնտեսական առումով»:
Տեղեկութիւն փոխանցելով այն մասին, որ դարպասը երկար ժամանակ անգործութեան մատնուած է, Արսլան կը տեղեկացնէ․- «Այստեղի կամուրջը կարող է աշխուժացնել ծառայութեան համար: Նախապէս կառուցուած էին մաքսային տարածքներ եւ շէնքեր երկու կողմերէն: Այսինքն, եթէ դուռը բացուի, կան նոյնիսկ շէնքեր, որոնք կարող են ֆիզիքապէս ծառայել: Տարածաշրջանի ամենամեծ բեռնատարերու տորմը կը գտնուի Իկտիրի մէջ»:
Աղբիւր `Sputnik Turkiye
- Անիի վերջին պեղումները կ’աւելցնեն տարածաշրջանի զբօսաշրջութիւնը
Պատմութեան մէջ Անին, որ յայտնի էր որպէս «հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք», «40 դարպաս ունեցող քաղաք», «100 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք» եւ «Քաղաքակրթութիւններու օրրան» եւ 2016-էն ի վեր ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, նուաճուած է սուլթան Ալպարսլանի կողմէ Օգոստոս 16, 1064-ին:
Անին Կովկասէն Անատոլիա տանող առաջին դարպասն է եւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի:
12 համալսարաններէ 35 հոգիէ բաղկացած պեղումներու խումբը կ’աշխատի Անիի աւերակներուն վրայ, հոն ուր կը գտնուին մօտ 25 կարեւոր կառոյցներ, որոնք բաղկացած են պատերէ, մզկիթներէ, տաճարներէ, պալատներէ, եկեղեցիներէ, վանքերէ, բուխերիկներէ, բաղնիքներէ, կամուրջներէ եւ մասամբ աւերակ դարձած անցքերէ:
Քաֆքաս համալսարանի արուեստի եւ Գիտութեան ֆակուլտետի արուեստի պատմութեան ամպիոնի վարիչ, ինչպէս նաեւ Անիի աւերակներու պեղումներու ղեկավար Տոքթոր Մուհամմէտ Արսլանը տեղեկացուց, թէ պեղումները կը կատարուին նախագահի որոշմամբ եւ յայտարարեց, որ «պեղումները կը շարունակուին տարբեր տարածքներու ինչպէս՝ Սելճուքեան Պազարին, Սելճուքեան տուներու, Սելճուքեան մեծ բաղնիքին, նաեւ գերեզմանոցին մէջ: Մենք սկսած ենք պահպանման աշխատանքները, յատկապէս Սելճուքեան Պազարին»:
Արսլանը աւելցուց՝ «Այս վայրի զբօսաշրջային ներուժը բաւականին բարձր է: Մենք կը շարունակենք մեր պեղման աշխատանքները `այս ներուժը բացայայտելու, աւելի առաջ տանելու եւ արագացնելու համար: Մեր պեղումներու եւ վերականգնման աշխատանքներուն հետ միասին կը ստեղծուի զբօսաշրջային զարգացում քաղաքէն ներս»:
Աղբիւր` Anadolu Ajans
- 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան հարցը Կարօ Փայլան վերստին արծարծեց խորհրդարանին մէջ
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը կը յիշեցնէ թէ ամեն տարի Սեպտեմբերի 6-7ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան առաջարկը խորհրդարանի օրակարգի կը դրուի փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացած ջարդերը լուսաւորելու նպատակով, սակայն իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը եւ իր գործընկեր Ազգայնական շարժումը ամեն տարի կը մերժեն այս առաջարկը:
Նշելով, որ այն, ինչ տեղի ունեցաւ 1955-ին, ոչ թէ Թուրքիոյ անցեալն է, այլ ներկան եւ ապագան, Փայլան ընդգծեց, որ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները կը կրկնուին յոյներու, հայերու, ալեւիներու եւ շատերու դէմ:
Փայլանը յիշեցուց, թէ ջարդերու կազմակերպիչներէն մէկը ՝ Սապրի Եիրմիպէշօղլուն, հետագային տարբեր պետական պաշտօններ ստանձնած է եւ 1980 -ականներուն դարձած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը:
Աղբիւր` «Ակօս»
- Լրագրող Շահին Այպէք («Ճումհուրիէթ») հարցազրոյց մը կատարած է «Արեւմտահայերէնի ուսուցման մեթոտը» գիրքի հեղինակ՝ ակադեմիական դասախօս Էրտալ Քըլըչըի հետ
Այպէքի հարցումերուն պատասխանելով Քըլըչ կ’ըսէ թէ ան առաջին անգամ ծանօթացած է հայերէն լեզուին, երբ նշանակուած է Պոլսոյ Լեւոն Վարդուհեան անուան հայկական դպրոցի տնօրէնի օգնական: Յետոյ դարձած է փորձառու ուսուցիչի ՝ Շողեր Չափարեանի աշակերտը, որ տարիներ շարունակ ուսուցած է Կեդրոնական Վարժարանէն ներս: Ան ընտրած է հայերէնը սորվիլ, որովհետեւ կը կարծէ թէ բազմաթիւ արեւմտահայերէնով գրուած արժէքաւոր գործեր կան կարդալու եւ հասկանալու բժշկութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան, գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, ճարտարապետութեան, արուեստի եւ մշակույթի պատկանելութեան վերբերեալ յատկապէս աշխարհագրական այն տարածաշրջանին մէջ ուր ինք կ’ապրի: Ան հետեւած է իր ուսուցիչին դասապահերը իր պաշտօնավարութեան չորս տարիներուն ընթացքին, չնայած, որ ան որպէս դասախօս կը դասաւանդէր համալսարանէն ներս՝ չխզելով իր ուսուցչի հետ կապերը: Ուսուցիչին աջակցութեամբ ան որոշեց իր դասերուն նօթերը գիրքի վերածել եւ հրապարակել:
Ըստ Քըլըչի, թուրքի մը համար հայերէնով գիրք հրատարակելը գրաւ մը շահելէն աւելի իր ուսուցիչին հետ ունեցած լաւ յիշատակները ուշադրութեան հրաւիրելն է եւ օրինակ ըլլալ այն մարդկոց համար, որոնք կը ցանկան սորվիլ հայերէնի նման բարդ լեզու մը:
Գիրքը բաժնուած է չորս մասի, առաջին մասին մէջ քերականական կանոնները տրուած են օրինակներու միջոցով: Երկրորդ մասին մէջ կը ներկայացուին եւ օրինակելի կը դառնան աւելի արդիական թեմաներ, որոնք կ’առնչուին առօրեայ կեանքէն: Երրորդ մասին նպատակն է հարստացնել բառապաշարը եւ նախադասութիւններու կառուցուածքը: Մինչդեռ չորրորդ մասը բայերուն մասին է ուր 55 յաճախ գործածուող բայերու հոլովման աղիւսակները կը ցուցադրուին բոլոր ժամանակներով: Գրքի ամենանշանաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ քանի որ տառատեսակը տարբեր է եւ դժուար, օգտագործուած բոլոր հայերէն բառերն ու նախադասութիւնները փակագծերու մէջ գրուած են լատինատառ տառերով: Այս կերպով կարդացողը առողջ կը սորվի հայոց այբուբէնը եւ կ’ամրացնէ ծանօթութիւնը հայերէն բառերուն եւ նախադասութիւններուն արտասանութեան:
Քըլըչը անհամբեր կը սպասէ այս նոյն գրքի անգլերէնին հրատարակումը: Ան նաեւ ոգեւորուած է թարգմանելու երաժշտագիտութեան բազմաթիւ մշակութային գրքեր արեւմտահայերէն թուրքերէնի, զանոնք աւելի հասանելի դարձնելու թուրք հետազօտողներուն: Ասկէ անդին, յառաջիկային կը փափաքի հրատարակել արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի տարբերութիւններու վերաբերեալ յօդուած մը, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի համեմատական բառարան, քերականական ուսումնասիրութիւններ եւ հայերէն շարադրական թարգմանութիւններ: Ան նաեւ մտադիր է գիրքի վերածել եւ տպել իր թրքական երաժշտութեան մասին աւարտաճառը:
Աղբիւր `Cumhuriyet Gazete
- Լոյս տեսաւ «Միսիոնարները, հայերը եւ ազգային պայքարը Անթէպի մէջ» վերնագրով գիրքը
Անթէպի ՊաշտպանութԵան հարիւրամեակի տօնակատարութիւններու առթիւ Կազի-Անթէպի քաղաքապետարանը հրատարակեց «Միսիոնարները, հայերը եւ ազգային պայքարը Անթէպի մէջ» գիրքը, որ պատրաստած է դոկտ․ Ռամազան Էրհան Կիւլլիւի։
Գիրքը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Անթէպը գրաւուած էր միսիոնարներու կողմէ մինչեւ իրական թշնամիի գրաւումը։ Միսիոնարները կը ցանկային փոխել քաղաքի մտածելակերպը ՝ փոխելով քաղաքի ֆիզիքական կառուցուածքը եւ հայերը կը ցանկային փոխել Անթէպի մտածելակերպը: Գիրքը կը բացայայտէ այս գործունէութեան ձեւերը:
Գիրքը, որ կը ներկայացնէ Անթէպի պաշտպանութեան տանող գործընթացը, որ կատարուած է չորս յօդուածաշարքով:
Գրքի առաջին երկու յօդուածները կը կեդրոնանան Անթէպի միսիոնարներու հասարակական -քաղաքական աշխատանքի անդրադարձներուն վրայ: Հայկական հարցի ի յայտ գալը, որ նոյնպէս հրահրուած էր միսիոնարներ կողմէ, եւ աւելի ուշ հակամարտութեան ընթացքը քննարկուած են յաջորդ յօդուածին մէջ եւ բացատրուած է, թէ ինչպէս հայկական հարցը կ’արտացոլուէր Անթէպի մէջ մինչեւ Ազգային Պայքարի աւարտը: Այս գործողութիւններուն զուգահեռ, Ազգային Պայքարի ներքին եւ արտաքին շարժաբանութիւնը եւ Անթէպի Ազգային Պայքարի տարրերը կարեւոր են հասկնալու համար ընդհանուր գործընթացները:
Վերջին երկու յոդուածները կը վերաբերին Քըլըչ Ալի Պէյի Անթէպի մէջ կատարած աշխատանքին, Մուսթաֆա Քեմալ փաշայի աջակցութեան եւ Անթէպի Պայքարի Կեդրոնական կոմիտէի նշանակութեան, եւ Ֆահրի Ճանի աշխատանքներու քաղաքէն ներս: Այս աշխատանքը, որ կը լեցնէ կարեւոր բացը` համակողմանիօրէն բացայայտելով Ամերիկացի միսիոնարներու եւ հայերու գործունէութիւնը Անթէպի պաշտպանութիւնէն առաջ եւ ընթացքին, բաղկացած է 184 էջերէ:
Աղբիւր՝ Sondakika.com