ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ ՉԳՈՐԾԱԾԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌԸ

0 0
Read Time:59 Second

p1-1and2-web4

 

Ապրիլ 24-ին հրապարակուած յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անդրադարձաւ, 1915-ին հայութեան դէմ գործադրուած բռնութիւնններուն մասին, սակայն ան չգործածեց Ցեղասպանութիւն բառը: Փոխարէն, ան երկու անգամ գործածեց, հայերէն լեզուով Մեծ Եղեռն բառը:
Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ատենապետ Քէն Խաչիկեան Ամերիկահայ գաղութի դառն յուսախաբութիւնը փոխանցեց, նշելով թէ Օպամա չյարգեց նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը: Խաչիկեան կոչ ուղղեց նախագահ Օպամային, որ անմիջապէս սրբագրէ իր վարչակազմի դիրքորոշումը Հայկական Ցեղասպանութեան հանդէպ: Այս գծով, Հայ Դատի կայքէջ մուտք գործելով, կարելի է բողոք ելեկտրանամակ մը յղել:

Յայտարարութեան մէջ, Օպամա կը հաստատէ, թէ 1.5 միլիոն հայեր ջարդուած են:Ան նաեւ շեշտեց թէ, թէ Մեծ Ջարդը պիտի յիշուի ամերիկացիներուն կողմէ, այնպէս ինչպէս կը յիշուի հայերուն կողմէ:Նաեւ, նախագահ Օպամա կոչ ուղղեց հայ-թրքական պետական մակարդակի երկխօսութիւնները շարունակելու եւ այս ծիրէն ներս անգամ մը եւս, ան զօրակցութիւն յայտնեց:
Նշենք թէ Պարաք Օպամա  օրին քննադատած էր պետական քարտուղար Քանտըլիսա Ռայսը, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էւընզը պաշտօնազրկելու որոշումին համար, որ տրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը հաստատելու Էւընզի կեցուածքին պատճառով: Օպամա շեշտած էր, թէ Էւընզը պաշտօնազրկելու որոշումը խոտոր կը համեմատի արդարութիւնն ու պատմական իրականութիւնները պաշտպանելու ամերիկեան սկզբունքներուն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles