Զգացականէ եւ անմիջականէ տարբեր հեռանկարի խորհրդածութիւններ.-ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐ-ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 33 Second

Յ. Պալեան

Ա. Հարցադրում

 

            Յաճախ կը մտածեմ մեր ժողովուրդի եւ հայ գրականութեան կապի մասին: Ոչ ընդհանրապէս գրականութեան: Հայ մարդը անցեալին, Հայաստան եւ սփիւռք, սերտ հաղորդակցութեան մէջ էր իր գրականութեան հետ: Մօտաւոր անցեալին, Խորհրդային շրջանին, գրական գիրքերը լոյս կը տեսնէին տասնեակ հազար տպաքանակով, եւ կը սպառէին: Սփիւռքի մէջ, հայ մարդիկ երբ գրական երկեր լոյս կը տեսնէին օրաթերթերու մէջ որպէս թերթօն, անոնցմով հատոր կը կազմէին եւ կը պահէին: Հիմա հայ գրականութիւնը փակ շրջանակի հետաքրքրութիւն է: Քանիցս անդրադարձած եմ երեւոյթին: Գիրքերը լոյս կը տեսնեն սահմանափակ տպաքանակով, երբեմն հարիւր օրինակով: Կը յիշեմ բանաստեղծի մը գիրքի կողքին վրայ գրուածը. տպաքանակ՝ 100, նուէր կը տրուի բարեկամներու: Հայերէն գիրքերու կողքին գինի յիշատակութիւն չկայ:

            Կը զարմանա՞ք բնաւ, որ խոհանոցի գիրքերը աւելի գեղեցիկ տպագրութիւն ունին, աւելի լաւ կը վաճառուին:

            Ներկայի գրական հանդէսները տեսակ մը սիրոյ տուրք են, անոնք իրենց վաճառքով չեն կրնար գոյատեւել: Աշխատակիցները ընդհանրապէս սիրայօժար կը մասնակցին: Իսկ գրողը չի կրնար իր գրիչով ապրիլ, բայց կը գրէ, իր գիրքն ալ լոյս կը տեսնէ բարերարութեամբ: Չէ՞ք լսած բնաւ, որ հայ մարդիկ ըսեն, թէ «հայերէն գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար», կը պատահի որ ոմանք վշտանան՝ երբ հեղինակը կը մոռնայ զիրենք եւ գիրքը չի նուիրեր: Նոյն հունով, հայերէն թերթը «բարերարութեամբ» կամ կազմակերպութեան մը նիւթական յատկացումներով կը գոյատեւէ: Անցեալին, թերթի մէկ օրինակը բազմաթիւ ընթերցողներ ունէր, աշխատեղիի ընկերներ կամ դրացիներ: Հիմա, ինչպէս ոմանք կը խոստովանին, կը կարդան վերջին էջը, ծանուցումներու, հանդէսներու, մահազդներու եւ հոգեհանգիսներէ տեղեակ ըլլալու համար:

            Կը յիշեմ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի խոստովանութիւնը: Ան ըսաւ, որ իր գիրքերէն ոչ իսկ մէկ տոլար ստացած էր: Եթէ մտածենք, այս խիստ վիրաւորական քննադատութիւն մըն է հայ ընկերութեան ուղղուած, ի հարկէ եթէ լսող եղած է եւ ըլլայ:

            Բայց ամէն առիթով կը սիրենք բարձրաձայն ըսել եւ կրկնել, որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք, ունեցած ենք մեծ մշակոյթ, կը յիշեցնենք Նարեկացի, Վարուժան, Չարենց: Նորոյթի հետեւելով երիտասարդի ծնողները զինք անուանակոչած են Նարեկ, բայց երբ իրեն հարցնէք, թէ ո՞վ է Նարեկը, ուսերը կը թօթուէ, չի գիտեր:

            Դեռ կայ այլ խնդիր ալ, երբ կը խօսիք հայ գրողի գաղափարներու եւ գիրքին մասին, ամենայն բարեացակամութեամբ հարց կու տան, թէ այդ գիրքին ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը չկա՞յ: Գումարեցէ՛ք մեծ-հայրիկի կամ հայրիկի մահէն ետք այս կամ այն գրադարանին ղրկուած կամ պարզապէս փողոց թափուած ընտանեկան գրադարանի գիրքերը, կացութիւնը կը տեսնէք իր գորշութեամբ: Բախտաւոր պարագային, հայ գրականութիւնը սիրողներու կամ հաւատաւորներու տեսակ մը ակումբ է, ուր մարդիկ զիրար կ’ընթերցեն եւ կը գրախօսեն:

            Այս բոլորին տխրած ականատես է հայ գրասէրը, աւելցնենք՝ գիտակիցներու վերջին պահակագունդը, որ չ’ուզեր անձնատուր ըլլալ, ընդունիլ պարտութիւնը: Բայց վերջին պահակագունդը բանակ չէ:

            Այս հաստատումներէն թելադրուած են լայն առումով եւ ընդհանուր բնորոշումով Գրականութեան մասին հետագայ խորհրդածութիւններս, որոնք կը վերաբերին մեր ինքնութեան, լինելութեան, հայրենատիրութեան, լեզուին, այսինքն՝ ազնուօրէն քաղաքական են:

Բ. Գրականութիւն եւ արուեստ էապէս ընկերաքաղաքական են

            Գրականութիւն եւ արուեստ միջավայրի մը մէջ ծնունդ կ’առնեն: Այդ միջավայրը տնտեսութիւն է, մշակոյթ, կենցաղ եւ բարոյական ըմբռնումներ, կրօն, քաղաքականութիւն, հաստատութիւններ, քաղաքակրթութիւն, գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն, գաղափարաբանութիւններ: Անոնք այդ ամբողջին մէջ են, անոնցմէ չեն անջատուիր, անոնց արձագանգն են, զանոնք ընդունին թէ մերժեն, փորձեն գերանցել:

            Այդպէս սկզբնաւորուած է հայ գրականութիւնը: Խորենացիի յիշած Վահագնի ծնունդը հեթանոս աշխարհի արտայայտութիւն է, հոն աստուածները գերբնական էին եւ ժողովուրդը ինքզինք կը տեսնէր անոնց մէջ: Ողիմպոսի (Olympe) վրայ մարդոց կեանքին առասպելական զուգահեռը կար: Այդ պատումներուն մէջ կար ընկերութիւնը իր կառոյցով, թագաւորով, հերոսներով, իմաստուններով: Գրողը կամ արուեստագէտը, անոնց ստեղծագործութիւնները, կը սնանին ընկերութեան կեանքով եւ պատկերով, համակերպին թէ ընդդիմանան այդ ընկերութեան արժէքներուն եւ ըմբռնումներուն: Այսինքն, գրականութիւն եւ արուեստ ոչինչէ չեն բխիր: Բայց անոնք իրականութեան պատճէնահանումը չեն, քանի որ գրողը եւ արուեստագէտը կը դիտեն, կը դատեն, կ’արտայայտեն իրականութիւնները զանոնք անցնելով իրենց ինքնուրոյնութեան եւ ազատութեան բովէն: Այսպէս, լուսանկարը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, չի փոխարիներ գեղանկարը:

            Գրականութիւնը մտածելու, տեսնելու եւ ապրելու փորձ է, որ կ’ընդգրկէ կեանքի անհատական եւ հաւաքական հատուածները, թափանցելու փորձ մը, մասնակին ընդհանրացած տեսնելու համար: Առօրեան՝ իրական եւ երեւակայական պատկերացումով, այս ըմբռնումով գրող, արուեստագէտ, ընթեցող, արուեստասէր, կը մասնակցին ընկերութեան կեանքին, շնչառութեան, լաւին եւ վատին, ապագային եւ երազին: Այս պատկերացումն է գրողի փորձադաշտը, զոր կը կոչենք նաեւ վկայութիւն: Գրականութիւնը մաս կը կազմէ կեանքին, վաղ մանկութեան օրերէն սկսեալ: Գայլի եւ աղուէսի պատմութիւններ, ստախօս Միհրանը, Մոխրոտը, որոնք կը շարունակուին հերոսական դրուագներով, չարի եւ բարիի պատումներով, գեղեցիկի, սիրոյ, իշխանի եւ իշխանուհիի, ճամբորդութիւններու, արկածախնդրութիւններու, որոնք իրականութենէ տարբերի պատկերացումները կը բերեն: Նոյնիսկ չափահասներուն կ’ընծայեն առօրեայի միօրինակութենէն կամ ցաւերէն խուսափելու համար տարբեր աշխարհներ կը տանին պատմութիւնները:

            Գրականութիւնը մարդու ճամբու ընկերը եղած է պատմութեան ընթացքին. առասպելներ, դիւցազներգութիւններ, հեքիաթներ, տաղեր: Բանաւոր, գրաւոր թէ պատկերներով, գրականութիւնը ժամանակին մէջ ըլլալու եւ անկէ խոյս տալու մնայուն փորձ է: Մատենադարանները, գրադարանները, գրախանութները կը վկայեն ժամանակին մէջ եւ տարածքի վրայ միասին կատարուած եւ կատարուող ճամբորդութեան մասին:

            Գրական ստեղծագործութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, դէպի միւսը երթալու եւ զայն ճանչնալու բնական մղում է, քանի որ կը նկարագրէ, երեւակայութեամբ նորը եւ տարբերը կը բերէ մեր ուշադրութեան պաստառին վրայ, խօսիլ, գրել, որոնք նոյնիսկ երբ կը թուին առանձնութեան մէջ ըլլալ, կ’ուղղուին միւսին, այսինքն գրականութիւնը էապէս ինքնաճանչման եւ փոխճանաչման մայրուղի է: Գրականութիւնը ապրուածի,- կենսափորձ եւ զգացումներ,- հասարակաց հարստացման բեմ է, խտիղ կու տայ մտածումին, մեկնելով անցեալէն կամ առօրեայ փորձէն: Եթէ նուաճէ խորք եւ որակ, կ’ըլլայ համամարդկային ժառանգութիւն, փոխհարստացման հարթակ:

            Գրականութեան մասին խօսիլ կ’ենթադրէ նաեւ խօսիլ ընթերցման մասին, որուն միջոցաւ տեղի կ’ունենայ ընկերային փոխհարստացումը եւ յառաջդիմութիւնը, քանի որ անմիջականէն անդին նոր գաղափարներու, տարբեր զգացումներու եւ աշխարհներու փորձով կը փոխուինք, կ’ընդլայնենք մեր տեսադաշտը, կը բաղդատենք, կը դատենք: Գրականութիւնը մեզ դուրս կը հանէ մեր տունէն, կրպակէն, թաղէն, աշխարհի վրայ կը բացուի, կը ճանչնանք մեր մօտի եւ հեռուի նմանները, կեանքի ծիածնային գոյները, երեւակայութեան թեւերուն վրայ: Ալպէր Այնշթայնի խօսքի խիտ տարազը մտածելու պէտք է մղէ մեզմէ իւրաքանչիւրը: Ան ըսած է, որ տրամաբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ մէկ կէտէ միւսը, իսկ երեւակայութիւնը մեզ կը տանի ամենուրեք: Իսկ երեւակայութիւնը մեր միտքի հզօրութիւնն է, ամէն ինչ կ’ընթանայ այնպէս, որ ամէն բան նախ կը յայտնուի երեւակայութեան մէջ, իրականութիւն դառնալէ առաջ: Այդպէս եղած են մեծ գիւտերը:

            Աւելի պարզ խօսելով, գրականութիւնը կեանքի հայելին է: Աւելի ճիշդ՝ այն կեանքին զոր ապրած ենք կամ կ’ուզենք ապրիլ, ապրած ըլլալ, ինչ որ երեւակայութիւնն է: Եթէ Րաֆֆիի երեւակայութիւնը սաւառնած չըլլար Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողին վրայ, անկէ անդին, երեւակայութեան թռիչքով մերժած չըլլար պարտադրուած բրտութիւնը, ազատագրական պայքար երազելով խօսած չըլլար սերունդներուն, մնացած կ’ըլլայինք այս կամ այն իշխող ուժին ստրուկը:

Գ. Գրականութեան բացակայութիւնը կ’առաջնորդէ քաղաքակրթական-քաղաքական ճահճացման

            ԺԹ ֆրանսացի մեծ գրող Սթանտալի վէպի մասին յայտնի սահմանումը միշտ կարելի է պեղել: Ան ըսած է, որ «վէպը հայելի մըն է, զոր կը պտըտցնենք ճամբու մը երկայնքին»: Այսինքն վէպը տուեալ պահու մը լուսանկարը չէ, ան կ’ընդգրկէ թաւալող կեանքը անհատին, անհատներու, հաւաքականութեան, փոխազդեցութիւններու խրձիկով, որուն մէջ կը տեսնենք մենք մեզ, որմէ բացակայ չենք:

            Ժամանակակից մեծ վիպասան Միլան Քունտերա գրականութիւնը կը տեսնէ հոգեբանութիւններու եւ մտայնութիւններու այլազանութեամբ յատկանշուող հոլովոյթին մէջ, սէր, կիրք, բախումներ, որոնք որպէս ենթահող ունին կասկածը, հաւատքը, երազը, յոյսը, լքումը, որ երբեմն կը յանգի դրժումներու, դաւաճանութեան, վկայելով՝ որ փոփոխութիւնները դադար չունին եւ մարդը կը գտնուի անոնց յորձանուտին մէջ: Այդպէս է նաեւ մեր ներկան, որուն մրցադաշտը ժամանակակից բազմերանգ լրատուամիջոցներն են:

            Այս սահմանումներու ընդմէջէն եթէ դիտարկենք մենք մեզ եւ հայ գրականութիւնը, կը փոխուի մեր մարդկային եւ ազգային որակը, քանի որ բանտարկուած չենք մնար մեր անձի եւ անմիջականի անհորիզոն վիճակին մէջ:

            Այս խորհրդածութիւնները կարեւոր կը համարեմ գրականութեան եւ մեր ժողովուրդի միջեւ գոյացած հեռացման հետեւանքները հասկնալու համար: Յաճախ կ’ըսեմ, որ վիճակագրութիւններ եւ հարցախոյզներ պէտք է կազմակերպել, անոնց տուեալներու լոյսին տակ փորձել հասկնալ հայ կեանքը յուզող հարցերը, մեր հակասութիւնները, նահանջները, պարտուողականութիւնը: Սովորաբար կ’ըսենք, որ Րաֆֆի երազեց յեղափոխութիւնը, զոր մէկ սերունդ ետք պիտի ապրէին ուրիշներ:

            Այսօր հայ գրականութիւնը մեր ազգի հոգեկերտուածքի կազմաւորման մէջ դերակատար չէ, քանի որ, ինչպէս կ’ըսեմ, եւ այդ պարզ կ’երեւի, հայերու ջախջախիջ մեծամասնութիւնը խորթացած է հայ գրականութենէն, լեզուական արգելքի եւ ընդհանրապէս հետաքրքրութեան պակասի հետեւանքով: Նոյնիսկ ամէն բնոյթի ղեկավարական շրջանակներու մէջ, մարդիկ ո՛չ Րաֆֆիի, ո՛չ Բակունցի, ո՛չ Կոստան Զարեանի, եւ բոլոր միւսներու գիրքերը չեն կարդացած, չեն կարդար: Չնչին փոքրամասնութիւն մը հայ գրականութիւն կարդացած է եւ կը կարդայ: Րաֆֆիի հերոսներու տեսիլքը անծանօթ է, որ հողի սէր է, ըմբոստացում, կամ դաւաճանութեան պատուհասում (կարդալ «Սամուէլ»ը), Կոստան Զարեանի «Նաւը Լերան վրայ» գիրքի պատգամը չեն լսած եւ չեն լսեր, չեն լսած Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն» խօսքը, քանի որ հայերէնի դարձած է աղքատ ազգականի եւ ժամանակավրէպ մարդոց լեզու:

            Բախտաւոր պարագային, երբեմն հայերէն գիրքի ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի թարգմանութիւնը կը կարդան, կարծէք հայութիւն եւ հայ գրականութիւն վարձու սենեակ ըլլան:

            Արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ գոյապահանումը կ’ըլլլայ շաբաթավերջի խնճոյք, կարգախօսներու կրկնւթեան հապդէս, հայ ազգային քաղաքականութիւնը կ’ըլլայ այս կամ այն երկրի քաղաքականութեան պատճէնը, երբ իւրաքանչիւր երկիր եւ իւրաքանչիւր ազգ քաղաքականութիւն կը վարէ ըստ իր անցեալին, ժառանգութեան, ինքնուրոյնութեան, հրամայականներուն եւ տեսիլքին, որոնք կը կառուցուին հոգեմտաւոր ամբողջի մը վրայ: Առանց այս էականութեան, քաղաքականութիւնը կ’ըլլայ դիրքապաշտական եւ շահախնդրական խաղ մը: Անվարան՝ Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռքներ:

            Այս խնդիրներուն մասին պէտք է խօսիլ եւ գրել, արտայատուիլ, ոչ թէ պահու մը իրաւ կամ կարծեցեալ պահանջներուն տուրք տալով, այլ ազգի եւ հայրենիքի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վերականգնման առաջադրանքով:

            Այսօր կագնած ենք գոյութենական հրատապ հարցերու դիմաց, որոնց եթէ ազգային պատասխան չտրուի, Վիգէն Խեչումեանի պարզ բանաձեւումով, կ’ըլլայ նորի սկիզբ, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն:

Դ. Վասն եզրակացութեան՝ նոր որակով պատշաճեցում

            Հայ ժողովուրդին պէտք է վերադարձնել իր լեզուն: Յաճախ խորհած եմ անկարելի թուացող բայց իրականացած հրաշքի մը մասին, երբ հրեայ մտաւորական մը, խօսուած զանազան լեզուները եւ աղճատումները յաղթահարեց եւ վերականգնեց եբրայերէնը, զայն վերածեց արդի, որդեգրուած գրական լեզուի: Բաղդատենք հայերէնի, որ լքուած լեզու է այսպէս կոչուած վերնախաւին, էլիդային, էսթէպլիշմընթին  կողմէ, ներսը եւ դուրսը, խօսուած հայերէնը, Շաւարշ Միսաքեանի բառերով, դարձած է հաց պանիրի հայերէն, նոյնիսկ երբ կը կարծենք հայերէն խօսիլ, զայն կ’աղճատենք հազարաւոր մուրացածոյ բառերով, եւ ազգի առաջնորդները մեղսակից կը դառնան այս աւերին:

            Գրականութիւնը լեզու է, գրականութիւնը կ’արտայայտուի լեզուի հանճարով:

            Հայը պէտք է վերագտնէ իր լեզուն: Հայ գրականութիւնը այդ լեզուին կրողը պիտի ըլլայ: Հայու իոնքնութիւնը եւ գիտակցութիւնը պիտի վերականգնին սեփական եւ հարազատ լեզուով եւ այդ լեզուով գրականութեամբ, որ պէտք է վկայէ հայու հոգեխառնութեան, տեսիլքին, ինքնուրոյնութեան եւ շաունակութեան ըլլալու կամքի մասին: Այս ընել իսկական յեղափոխական քաղաքականութիւն է, ներսը եւ դուրսը:

            Ինչո՞ւ հայ մամուլը, չբաւարարուելով իր լրատուի եւ քաղաքական խօսքի դերէն, անցեալի հայկական թերթերուն պէս պիտի չըլլայ նաեւ գրականութեան բեմ: Երեմն կը մտածեմ այն մասին, որ Րաֆֆին ինքզինք իրականացուց Արծրունիի ՄՇԱԿով, ԱԶԱՏԱՄԱՐՏի միջոցաւ յայտնուեցան արեւմտահայ գրականութեան մեծանունները, Զօհրապ, Զարդարեան, Սիամանթօ եւ միւսները:

            Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցներուն նոր որակ եւ դեր պէտք է տալ: Անհրաժեշտ են վերատեսութիւններ:

            Ղեկավարութիւնները, ուր որ ալ ըլլան, ինչ վարքագիծ ալ ունենան, պիտի ընեն անպէս, որ հայը իր աշխարհայեցողութիւնը ապրի իր լեզուով եւ գրականութեամբ: Եթէ այս չընենք, չընեն, պարզապէս կը տնտեսենք մեր հաւաքական այլասերումը:

            Միշտ յիշել Խեչումեանը. Կ’ԸԼԼԱՅ ՆՈՐԻ ՍԿԻԶԲ ԲԱՅՑ ՈՉ ՆԱԽԿԻՆԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ:

            Կրկնե՞նք, որ այս յեղափոխութիւնը մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի ընէ…

            Գործնապաշտ ըլլանք. այս ընելու համար լիաբուռն ներդրում պէտք է ընել:

            Որպէսզի ժամանակակից հայ ընկերութիւնը չկծկուի եւ չայլասերի:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles