Հ.Յ.Դ Երիտասարդականը կը մեկնարկէ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը

0 0
Read Time:49 Second

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Ատրպէյճանը կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ պահանջներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանայ լիճի և յատկապէս Սիւնիքի գծով:

Առանց Սիւնիքի, առանց աշխարհագրական Հայաստանի այս ողնաշարին մեր պետականութիւնը ամբողջական փլուզումի ենթակայ է:

Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթուրանական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան, բայց ի մասնաւորի Սիւնիքի հայ երիտասարդութեան, պարտականութիւնն է:

Մեր ազգային գոյամարտի այս հանգրուանին, աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական և ուսանողական միութիւնները զօրաշարժի կ‘ենթարկեն իրենց բոլոր ուժերը, կը մտնեն պայքարի դաշտ ու կը մեկնարկեն «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ.

– Ներքաղաքական և միջազգային երիտասարդական հարթակներու վրայ քաղաքական, արտաքին յարաբերական և քարոզչական աշխատանքի ծաւալում։
– Ամրապնդելու համար ազգային ոգին, պատանեկան ճամբարներու կազմակերպում։
– Սիւնիքի երիտասարդութեան խնդիրներու լուծման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպում։
– Սիւնիքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու ստեղծում։
– Երիտասարդութեան մասնագիտական կարողութիւններու և հմտութիւններու զարգացման միտող «Վերելք Ծրագիր»-ի իրագործում։
– Սփիւռքի երիտասարդներու յատուկ գործուղումներ։

Կոչ կ‘ուղղենք յանձնառու երիտասարդութեան մասնակից դառնալու մեր աշխատանքներուն և իր ուժերը ուղղելու «Դէպի Սիւնիք»:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ
Երեւան, 22 Յուլիս, 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles