Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 22 Յուլիս 2021
Խօսելէ առաջ մարմնի ջրազրկումի-ջրանուազումի մասին կ՚ուզեմ որոշ տեղեկութիւններ հաղորդել ընթերցողներուն ջուրի կարեւորութեան եւ դերակատարութեան մասին՝ մարմնի առողջութեան պահպանման մէջ:
Մեր մարմնի 72-75 %-ը կազմուած է ջուրէ, որ կը գրաւէ մարմնին ներբջիջային (intracellular) եւ արտաբջիջային (extracellular) տարածքները: Ներբջիջային ջուրի քանակը արտաբջիջայինին կրկինն է: Արտաբջիջային ջուրին մեծ մասը կը գտնուի անօթներու (vessels) մէջ, իսկ մնացեալը՝ անօթներէ դուրս եւ կը շրջապատէ բջիջները. մաս մըն ալ կը գտնուի լորձունքին, քրտինքին, ուղեղա-ողնածուծի հեղուկին (cerebrospinal fluid), մաղձին (bile), յօդահեղուկին (synovial fluid), աւիշին (lymph) եւ մէզին մէջ: Միջին ծանրութեամբ 65 քիլոկրամ կշռող անձ մը իր մարմնին մէջ կ՚ունենայ մօտաւորապէս 40 լիթր ջուր: Տղամարդոց մարմինը համեմատաբար աւելի ջուր կը պարունակէ քան կիներու մարմինը:
Օդէն ետք ջուրը կարեւորագոյն նիւթն է մարդու կեանքի գոյատեւման համար: Մարդ արարածը կրնայ ապրիլ ամիս մը առանց կերակուրի-սննդանիւթի. իսկ առանց ջուրի կրնայ դիմանալ միայն մի քանի օր, առաւելագոյնը՝ 7 օր:
Մեր մարմինը հիմնականօրէն ջուրի ինքնաղբիւր չունի: Անոր բուն աղբիւրը կը հանդիսանայ մեր խմած ջուրը եւ սննդեղեններու մէջ գտնուած ջուրը:
Ջուրը ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն մեր մարմնի առողջութեան համար: Ան կը կանոնաւորէ մարմնի ջերմութիւնը, կակուղ կը պահէ մարմնի զանազան օրկանները եւ հիւսկէնները եւ կը պաշտպանէ զանոնք արտաքին հարուածներէ, արգելք կը հանդիսանայ փորի պնդութեան եւ կը նպաստէ բնական կղկղանցումի (defecation), կը կակուղցնէ, կը նրբացնէ եւ առողջ կը պահէ մորթը, կը նպաստէ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումին (metabolism), մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներծծումին (absorption) աղիքներու պատերէն, բջիջներու վերանորոգման եւ անոնց թթուածինով եւ սննդանիւթերով մատակարարման, կ՚օգնէ շնչառութեան, կը խոնաւցնէ ներշնչուած օդը, կը կակուղցնէ շնչառական խողովակներու խլնային (mucosal) արտադրութիւնը եւ կ՚օժանդակէ անոնց դիւրաւ արտահանման, կը ձերբազատէ երիկամները եւ լեարդը թունաւոր նիւթերէ եւ թափօններէ (waste products), կ՚արագացնէ արեան շրջագայութիւնը անօթներուն մէջ, մաս կը կազմէ սաղմնապարկի հեղուկին (amniotic fluid) եւ կը պաշտպանէ սաղմը (fetus) ու կ՚օժանդակէ անոր առողջ աճման:
Մեր մարմինը բնական պայմաններու մէջ ամէն օր կը կորսնցէ մօտաւորապէս 2.5 լիթր ջուր: Այս կորուստը տեղի կ՚ունենայ երկու ձեւերով՝ նշմարելի (visible) եւ աննշմար (invisible): Նշմարելի կորուստը տեղի կ՚ունենայ մէզի եւ կղկղանքի միջոցաւ, իսկ աննշմար կորուստը տեղի կ՚ունենայ մորթի մակերեսէն քրտինքի արտադրութեամբ, թոքախորշիկներու (alveoli) մակերեսէն՝ ջուրի շոգիացումով,
լորձունքի գեղձերէն՝ լորձունքի արտադրութեամբ, արցունքաբեր գեղձերէն՝ արցունքի արտադրութեամբ, դիեցնող-ստնտու (breast feeder) կիներու կրծքագեղձերէն՝ (mammary glands) կաթի արտադրութեամբ:
Քրտինքը ջուրի կողքին կը պարունակէ նաեւ աղ: Հետեւաբար քրտնելով կը կորսնցնենք երկուքը՝ աղ եւ ջուր, որոնց քանակը կախեալ է քրտինքի արտադրութեան պատճառներու տարողութենէն:
Ջուրի վերագրուած բոլոր դերակատարութիւնները կ՚իրականանան միայն ու միայն հաւասարակշռուած պահելով մարմնի ջուրի քանակը: Այս մէկը կ՚ըլլայ երբ մարմինը նոյնութեամբ կը վերստանայ իր ջուրի կորուստը:
Հիւանդագին ջուրի կորուստ տեղի կ՚ունենայ հետեւեալ պատճառներով՝ փորհարութիւն, փսխունք, մորթային այրուածքներ, մանաւանդ՝ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքներ, բարձր տենդ (fever), ծանր եւ երկարատեւ ֆիզիքական աշխատանք ու մարզանք, տաք եղանակի եւ միջավայրի ենթակայութիւն:
Հիւանդագին ջուրի կորուստը կը յառաջացնէ մարմնական ջրազրկում, որուն տարողութիւնը կախեալ է ջուրի կորուստի քանակէն: Չափահասներու մօտ ան կրնայ պատահիլ երեք լիթր ջուրի կորուստով:
Ջրազրկումին կը նպաստեն նաեւ հետեւեալ ազդակները՝ օդանաւային ճամբորդութիւն,– որովհետեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին կը կորսնցնենք բաւականաչափ ջուր,– մեծ քանակութեամբ բնասպիտ (protein) եւ բնաթել (fibre) պարունակող սննդանիւթերու առատ սպառում, կարգ մը դեղերու գործածութիւն, ինչպէս՝ միզամուղներ (diuretics), հակազարկերակային ճնշումի եւ հակագերզգայնութեան (anti-allergic) դեղեր, կենսանիւթեր (vitamins) եւ corticosteroid-ներ, ինչպէս նաեւ սուրճի, թէյի, ալքոլի եւ շաքար պարունակող զովացուցիչներու շատ գործածութիւն եւ չախտաճանաչուած շաքարախտ:
Ջրանուազումի ախտանշանները կը սկսին, երբ մարմնի ջուրի քանակը կը նուազի եւ յարաբերաբար ջուրի կորուստը աւելի կ՚ըլլայ քան ջուրի ամբարումը մարմնին մէջ
Ջրանուազումի ախտանշանները հետեւեալներն են՝ ծարաւ, բերնի, լեզուի, շրթունքներու, կոկորդի, քիթի եւ աչքերու չորութիւն, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն եւ ցաւ, յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, գլխացաւ, գլխապտոյտ, մորթի չորութիւն եւ մորթի փափկութեան ու առաձգականութեան կորուստ, յօդացաւ, մարմնի նիւթափոխանակութեան դանդաղում, մարսողութեան դանդաղում, աղիքներու դանդաղ պրկումներ, փորի պնդութիւն, դժուար կղկղանցում (defication), մէզի նուազում եւ մութ գունաւորում, զարկերակային ճնշումի (blood pressure) նուազում, արեան նատրիումի (Na, sodium) եւ կալիումի (K, potassium) նուազում, արագ սրտի զարկ-բաբախում եւ շնչառութիւն, սրտի մկաններու պրկում, արեան թանձրացում, ջղագրգռութիւն, մտային դանդաղանք, կեդրոնացումի դժուարութիւն, շփոթութիւն, խօսելու դժուարութիւն, մթագնութիւն, նուաղում եւ մահաքուն (coma): Այս ախտանշաններու տարողութիւնը կախեալ է ջրազրկումի քանակէն: Իսկ ծայրագոյն պարագային կը պատահի մահ:
Ջրազրկում կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն աւելի մանուկներու եւ տարեցներու մօտ: Մանուկներ աւելի փորհարութիւն եւ փսխունք կ՚ունենան, իսկ տարեցներու մարմնի ջուրի պահեստը նուազած կ՚ըլլայ ծարաւութեան զգացումի տկարացումով, բնականէն պակաս ջուր խմելով եւ շաքարախտ ունենալով: Տարեցներ եւ մանուկներ շուտով կ՚ազդուին ջուրի կորուստէն: Մանուկներ ջրազրկումով մարմնի ջերմաստիճանի բարձրացում կ՚ունենան շատ արագ, որ պատճառ կը դառնայ ուղեղային դանդաղումի:
Ջրազրկումի ախտաճանաչումը կը կատարուի տեսնելով հիւանդին ընդհանուր առողջական վիճակը եւ անոր ունեցած ախտանշանները: Կը կատարուին արեան եւ մէզի քննութիւններ գիտնալու համար մարմնի նատրիումի եւ կալիումի քանակը եւ երիկամներու իրավիճակը:
Թեթեւ ջրազրկումը կը դարմանուի առատ ջուր եւ պտղահեղուկ խմելով, աղի կերակուր ուտելով եւ հանգիստ ընելով: Յառաջացած ջրազրկումի պարագայինն հիւանդը պէտք է փոխադրուի հիւանդանոց, ուր ներերակային ճամբով աղի հեղուկներ կը ներարկուին:
Ջրազրկումը դարմանուելու է շատ արագ, ապա թէ ոչ բարդութիւնները կը սկսին շուտով: Բարդութիւններէն կարելի է յիշել երիկամներու աշխատանքի դանդաղանք, երիկամներու բորբոքում, միզապարկի (urinary bladder) եւ երիկամներու քարերու կազմութիւն, փլանք (shock), շնչահեղձութիւն եւ մահ:
Թելադրելի է ընդհանրապէս շատ ջուր խմել, նուաագոյնը օրական 2 լիթր: Առատ ջուր խմելը ոչ միայն արգելք կը հանդիսանայ ջրազրկումին, այլ նաեւ կը նպաստէ մեր մարմնի ընդհանուր առողջութեան, մտքի արթնութեան, մորթի առողջութեան, վայելչութեան եւ գեղեցկութեան, հաստ աղիքի եւ սրտի բնական պրկումներուն, սրտի բնական զարկերուն, երիկամներու գործելակերպին ինչպէս նաեւ գէր անձերու նիհարնալուն, որովհետեւ առատ ջուր խմելով կը նուազի ուտելու ախորժակը: