ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ FAR WEST Է, ԸՍԱՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻ ԱՐՄԵՆԱԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

 

            Արմենակ քաջ է: Յուլիսի աննախադէպ տեղատարափ անձրեւները արհամարհելով, թրջուած, այցելութեան եկաւ: Էլպիս դժգոհութեամբ ընկերացած էր:

            Մակարուհին սուրճ պատրաստեց եւ հիւրասիրեց իր պատրաստած չամչով կարկանդակը: Արմենակ տրտնջաց եղանակէն, որ մոլորակը կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը, եւ աւելցուց՝ «ինչպէս Հայաստանը, որ դարձած է Far West, ուր մարդիկ իրարու վրայ կը կրակեն»:

            Էլպիս դժգոհեցաւ.

            – Մակա՛ր, խօսք հասկցո՛ւր, ամբողջ օրը Հայաստան կը կարդայ եւ կը լսէ, հիւանդ է:

            Կեդրոնականցին չլսեց Էլպիսի ըսածը եւ ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, սկսաւ իր դիսկուրսը:

            – Մակա՛ր, ինչպէս չյուզուիլ լսելով Հայաստանի հեռատեսիլը եւ կարդալով թերթերը: Եթէ անոնցմէ վերցնենք ոստիկանը եւ ոստիկանութիւնը, ավտովթարները, կամուրջէն նետուողները, անվերջանալի դատերը, բերման եւ կալանաւորման ենթարկուողները, դաւաճանութեան զգայացունցը, գերի փրկելու խոստումով դրամաշորթութիւնը, կրկնուող եւ չաւարտող կաշառակերութեան պատմութիւնները, հրաժարականի պահանջները եւ հրաժարեցումները, ասէկոսէ թէ ճշմարտութիւն քաղաքապետ ապտակելու գայթակղութիւնը, պզտիկ երկրին բանակին եւ ոստիկանութեան համար նշանակուող բազմաթիւ գեներալները եւ գեներալ մայորները, անհամար հերոսի կոչումները եւ շքանշանները, թերթերու էջերու սպիտակները կ’աւելնան եւ հեռատեսիլն ալ կ’աւելցնէ սերեալները…

            Մակարուհին միջամտեց.

            – Սուրճդ պաղեցաւ:

            – Մակա՛ր, տունը ամբողջ օրը այս է,- ըսաւ Էլպիս:

            Արմենակ դժգոհ եւ յուզուած շարունակեց.

            – Ինչպէ՞ս կրնաք տեսնել, լսել եւ անտարբեր մնալ: Երբ երկրին մէջ գզուըռտուքով կը զբաղին մեծ ու պզտիկ, սահմանին վրայ ազերի ասկեարը ճիրիտ կը խաղայ, դիրքեր կը գրաւէ, կը կրակէ հայ գիւղացին վախցնելու եւ փախցնելու համար:

            Մակարուհին, ուշադրութեամբ լսած էր Արմենակի ընդվզումի խօսքերը, եւ կարծէք հայկական ժողովի մէջ ըլլար, հանդիսաւորապէս ըսաւ.

            – Փոխանակ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն առջեւ ցոյց ընելու, ցոյց ընել մեր դեսպանատուներուն առջեւ եւ պահանջել, որ դադրին իրարու միս կրծելէ եւ զբաղին ժողովուրդով, հայրենիքով:

            Արմենակ գլուխը ճօճեց որպէս հաւանութեան նշան.

            – Կեցցե՛ս, չէի մտածած: Վաղը կը դիմեմ շէֆերուն, իմաստուն առաջարկդ կը փոխանցեմ, կը պահանջեմ որ համագաղութային ազգասիրական եւ հայրենասիրական ցոյց ընենք մեր դեսպանատան առջեւ, կարգախօս ունենալով, որ «թշնամին սահմանին վրայ է կամ ետին, ոչ մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ»: Մակա՛ր, լրագրող եւ հրապարակախօս ընկերներուդ Մակարուհիին քաղաքական իմաստութիւնը փոխանցէ:

            Եւ ոտքի ելաւ, հանդիսաւորապէս համբուրեց Մակարուհին:

            Մեր տունը Ազգային Ժողովի շէնք էր: Վաղը եռագոյն մը ճարեմ եւ կախեմ դրան վրայ:

            Եթէ Սփիւռքը օր մը պատգամաւորի իրաւունք ունենայ, Արմենակ եւ Մակարուհի լաւ թեկնածու կ’ըլլան:

            Բայց ջոջերը առիթ չեն տար:

            Հայաստանն ալ կը նախընտրէ ջոջերը:

 

Մակար ի Գաղիա, 10 Յուլիս 2021

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles