Յ. Պալեան
Հայաստան Հանրապետութիւնը ուռկանի մէջ բռնուած է եւ կը տապլտակի, սփիւռք(ներ)ը կ’աղմկէ եւ կը մաշի:
Այս կացութիւնը կը մղէ հարցադրումներ ընելու եւ պատասխաններ որոնելու: Յանցանք է տեղքայլ ընել, դիտել եւ աւաղել:
Հայ ժողովուրդը, իր ընդհանրութեամբ, մէ՞կ է, բազմաթի՞ւ, որպէս մշակոյթ, որպէս ազգային ըմբռնում-հասկացողութիւն, ան նոյնատեսա՞կ վերաբերում ունի իր ինքնութեան, լինելութեան, իր տեղի եւ դիրքի մասին համամարդկային ընկերութեան մէջ, նաեւ՝ ինչ կը վերաբերի ընդհանրապէս հայրենիքի եւ անոր ըմբռնումին:
Հայ քաղաքական միտքը կառուցուա՞ծ է ազգային նոյն գաղափարախօսութեան հիմերու վրայ, թէ ապրած ենք եւ կ’ապրինք այնպէս, որ Հայաստան եւ Հայութիւն հոն են ուր զարկած ենք եւ կը զարնենք մեր վրանը, եղած ենք եւ ենք բազմաթիւ: Այսինքն մէկութիւն եւ միասնութիւն սոսկ հռետորաբանութի՞ւն են: Յանգած ենք այն վիճակին, որ կան Հայաստաններ եւ Հայութիւններ: Կը խօսինք միութեան եւ միասնութեան մասին, բազմապատկած ենք եւ կը բազմապատկենք տարբերութիւնները, հեռացումները, հակադրութիւնները, մրցակցութիւնները, թշնամութիւնները:
Բառերը կացութիւններ կը բնորոշեն. Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ, Արեւելահայաստան եւ Արեւմտահայաստան, գումարուած են, ժամանակի ընթացքին, ռուսահայը, վիրահայը, թրքահայը, պարսկահայը, եւ աճելով՝ սուրիահայը, լիբանահայը, իրաքահայը, յունահայը, ռումինահայը, եգիպտահայը, ամերիկահայը, գանատահայը, արժանթինահայը, պրազիլահայը, գերմանահայը, հոլանտահայը եւ շարունակելով աճիլ՝ աւստրալահայը, զելանտահայը, չինահայը…
Երբեք պիտի չկարենանք սպառել շարքը, նորեր կը ստեղծուին, նոյնիսկ եթէ նոր ցամաքամասներ եւ նոր երկիրներ չեն ստեղծուիր:
Բանաստեղծը ըսած էր՝ օր մըն ալ աստղահայ…
Այսպէս ենք եւ այսպէս է կացութիւնը, քանի որ արտաքին եւ ներազգային պատճառներով միշտ ենթակայ եղած ենք կոտորակման եւ տարտղնումի: Հիմա կարծէք այլեւս չենք զարմանար, չենք անհանգստանար, որ հինգհազարամեայ իր պատմութիւնը վկայակոչող ժողովուրդի ոչ իսկ քառորդը իր հայրենիքին մէջ ներկայ է, եւ Ռաֆայէլ Իշխանեանի բանաձեւումով պատմական կոչուող հայրենիքէն մնացած է «հողակտոր մը»:
Այս զարտուղութիւններով յատկանշուող իրականութեան մէջ, հարց կը ծագի, թէ ինչպէ՞ս պիտի տոկանք եւ տեւենք որպէս ինքնուրոյն ազգ: Կրնա՞նք տեւել: Հզօրանալ: Առարկայական պէտք է ըլլալ: Ներկայիս կը տնտեսենք դանդաղ անհետացման ընթացքը, սպասելով հանգուցալուծումներ եւ հրաշքներ: Իսկ սպասումը կը մաշեցնէ:
Իրականութիւնը պէտք է ընդունիլ: Մնացած է մէկ հողակտոր Հայաստանէն, որ ներկայի Հանրապետութիւնն է:
Իսկ Հայաստան հասկացողութիւնը ըմբռնելու եւ ապրելու համար պէտք է անցնիլ Ախուրեանի միւս կողմը, տեսնել Անին, երթալ մինչեւ Բերկրիի դաշտ, տեսնել Արածանին, Վանը, Մուշը, Սասունը, ինչ որ երագած ենք եւ կ’երգենք որպէս Էրգիր, Հայաստան՝ որ հայ ազգին չի պատկանիր, ուրկէ հայը հեռացուած է:
Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով յայտնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, գումարած արցախեան հերոսամարտը եւ ազատագրութիւնը, խանդավառեցին հողակտորին վրայ մնացած հայ զանգուածը, զայն դարձուցին անոր պաշտպանութեան պատասխանատու, հոն չապրող ազգի չորս հինգերորդը, սփիւռք(ներ)ը լաւագոյն պարագային, չորս հինգերորդը, ապրեցաւ յուզումով, բարեսիրութեամբ, ինչ որ կը սահմանենք որպէս զգացական հայրենասիրութիւն, առանց ինքզինք տեսնելու մէկ եւ նոյն ազգային գաղափարախօսութեան մէջ, յանձնառութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Անհատական եւ առանձնակի յանդգնութիւնները պէտք չէ մոռնալ եւ ուրանալ, բայց անոնք համահայկական յանձնառութեան վկայութիւն չեն:
Եթէ չենք ուշացած արդէն, հայ ազգային գաղափարախօսութեան հիմերուն վրայ պէտք է զարգացնել հաւաքական զգացողութիւն եւ յանձնառութիւն: Յաճախ կրկնած եմ ֆրանսական ասութիւնը, որ՝ ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը: Անկասկած, հայերը, ուր ալ գտնուին կամ գտնուած ըլլան, ունին, ունեցած են նոյն ցեղային-ազգային (էթնիկ) արմատները, ծագումը, բայց կրնանք հարց տալ, որ այդ արմատները եւ ծագումը այսօրուան իրադրութեան մէջ նոյն իմաստը եւ հետեւանքները ունի՞ն բոլորին համար:
Առանց յոռետես կամ բաժանող համարուելու, տասնըհինգ միլիոն գնահատուող հայութեան ենթադրաբար բոլոր մաս կազմողներու ո՞ր տոկոսը ինքզինք կը սահմանէ հայ ազգ ըմբռնումով: Այս հարցումն իսկ մեկնակէտ պէտք է ըլլայ ազգային գաղափարախօսութիւնը դարձնելու օրակարգ եւ անով ներգրաւելու բոլոր հայերը Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններ տեսնելով մենք մեզ տկարացնելու:
Նկարագիր դարձած կոտորակումը, տնտեսական-մշակութային նոր արմատներու պարտադրուած-ընդունուած ստեղծումով, հայուն կը թելադրէ այն միամիտ եւ գործնապաշտական զգացումը, որ Հայաստան է հոն ուր ինք կ’ապրի: Այսօր, իրականութիւնը է այն, որ ամերիկահայը, ֆրանսահայը, լիբանահայը, սուրիահայը, գերմանահայը, աւստրալահայը, նոր շուէտահայը, իրենք զիրենք օտար չեն համարեր իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, զանոնք կը դարձնեն իրենք իրենց համար «Նոր Հայաստան», կառուցելով իրենց եկեղեցիները, երբեմն ալ՝ դպրոցները, նաեւ՝ ակումբները, կը հրատարակեն թերթ, կը պահեն ձայնասփիւռ: Նոր արմատներ ձգելու մխիթարական թափահաումներով, յաճախ մոռնալով՝ որ օտար են եւ դատապարտուած են օտարանալու, աւելի ճիշդ՝ օտարուելու (aliéation), նոյնիսկ եթէ ունենան բնիկներուն նախանձը շարժող ապարանքներ, եկեղեցիներ, տէր դառնան տնտեսական կայսրութիւններու:
Այս հաստատումներէն մեկնող գաղափարախօսութիւն եւ զայն կենսագործող համազգային ռազմավարութիւն չունինք: Զոյգ համաշխարհային պատերազմներէն, ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման աւերներէն ետք, անմիջապէս չէինք կրնար վերականգնիլ եւ ապագայի նախատեսութիւններով գաղափարախօսութիւն եւ ռազմավարութիւն ունենալ:
Այսօր, տասնըհինգմիլիոն համարուող հայութիւնը, իմացական եւ նիւթական կարողականութիւնը (potentiel) ունի իր հաւաքական գոյութենական (exisstentiel) խնդիրները ձեռք առնելու, կազմակերպուելու ազգային հիմնական եւ հիմնարար գաղափարախօսութեամբ, սեւեռելով գալիք ժամանակները, դասական եւ մասնակի նախաձեռնութիւններէն տարբեր որակով եւ տարողութեամբ:
Այս, ի հարկէ, կը մնայ երազ եւ բաղձանք, եթէ մտաւորականութիւն եւ ղեկավարութիւն, ընթացիկ նախաձեռնութիւն եւ տարակարծութիւն յաղթահարելով, չիրականացնեն լուսաբանական աշխատանք, ստեղծելով յաւելեալ յանձնառութիւն: Այս ազգային գաղափարախօսութիւնը կը ներառնէ ՀԱՄԱՅՆը, որուն յարաբերաբար Հա-յաստանը եւ սփիւռք(ներ)ը կառուցային մասեր պիտի ըլլան, ագուցուին, զիրար լրացնեն, ձգտելով ՀԱՅԱՍՏԱՆի եւ ոչ միայն Հանրապետութեան, հայութեան եւ ոչ միայն համայնքներու վերականգնումին:
Դեռ մեր մէջ ունի՞նք բաւական ուժ, երազելու ունակութիւն, որպէսզի ընթա-նանք ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆի եւ ո՛չ ամբոխավարական ՄԻԱՑՄԱՆ ճառի ճանապարհով: Այս ցնորք չէ, ազգային գաղափարախօսութիւն է, առանց որուն պարտուած եւ անիրաւուած ժողովուրդը կը վերջնականացնէ իր պարտութիւնը: Հայ քաղաքական միտք պէտք է կառուցել ազգային նոյն գաղափարախօսութեան հիմերու վրայ, եթէ կ’ուզենք ՀԱՅԱՍՏԱՆ ունենալ, ըլլալ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ, դադրիլ ըլլալէ ուր հաց հոն կացի յաւերժի ճամբորդ:
Պէտք է ունենալ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ, ՈՐՊԷՍ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ԵՐԱԶ:
Պարտութիւնը մերժողներն ու պայքարողները գիտցած են ԵՐԱԶԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ:
Ուսանելի է ազգային-քաղաքական պայքարի յաջողած հերոս Նելսըն Մանտելայի իմաստութիւնը. «Յաղթող մը պարզապէս երազող մըն է, որ երբեք տեղի չէ տուած»: Այս պատգամը պէտք է տանիլ իւրաքանչիւր հայու յարկին տակ: Առանց դուրսէն կամ երկինքէն գալիք հրաշքներ սպասելու: ՏԵՂԻ ՉՏԱԼ:
Պարտութիւնը կը սկսի տեղատուութեամբ: Յաջողութիւնը ֆրանսացի գրող Սէնթ’Էկզիւփրեիի վերապրելու իմաստութիւնն է. «…Ոտքի կանգնիլ, ընել առաջին քայլը, ապա ընել երկրորդ առաջին քայլը» եւ այդպէս շարունակել:
Այս հիմնաքարն է տեսութիւններու եւ լեզուագարութիւններու մէջ չթաղուող ազգային իրաւ գաղափարախօսութեան:
Չզբաղիլ ջաղացքի չախչախով երբ հեղեղը կը տանի ջաղացքը: