Գէորգ Պետիկեան
Չեմ փորձեր այս տողերովս, վերնագրիս մէջ յիշած բառերուս իմաստները պարզել: Բացատրել: Բոլորդ ալ, շատ հաւանաբար կը հասկնաք: Իսկ եթէ ո՛չ.- ընթերցողը, ի՛նք թող ստանձնէ այդ «պարտականութիւնը»: Բայց եւ այնպէս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ կը սիրեմ մտածել «ասոնց» մասին: Նախ, որովհետեւ ամրօրէն կապուած են մեր հայրենիքին եւ համայն հայութեան: Ապա, իբրեւ երկրորդ արդարացում՝ որովհետեւ ներկայ մեր կեանքի զանազան ճեղքուածքներուն մէջէն, ամէնօրեայ տաղտկալի տառապանքի նման, յստակօրէն տեսանելի են, եւ որ բոլորին տուներէն ներս ազատօրէն ման կու գան:
Յիշեցնեմ, որ անցեալ տարի եւ տակաւին, հայու միակ հայրենիքը, ներքին եւ արտաքին քաղաքական զանազան ցնցումներու ենթարկուեցաւ: Պատերազմ, պարտութիւն, մարդկային եւ տարածքային ահաւոր կորուստ, յուսախաբութիւն եւ որուն իբրեւ արդար հետեւանք, աշխարհի տարածքին համայն հայութիւնը ծանր օրեր ու ամիսներ ապրեցաւ: Այսպէս, բազմալեզու լոզունգներու մեծ ու փոքր աւազաններուն մէջ, կանչերու անժամանակ աղմուկը բարձրացաւ ու հայը, անոր մէջ ամիսներով լողաց, ու քիչ մնաց, որ պիտի խեղդուէր: Ու իբրեւ արդար հետեւանք, ինքնաբերաբար հայու բոլոր չափանիշները խախտեցան ու հայ կեանքն ալ կորսնցուց իր «համն ու հոտը»:
Ահա՛, մեր ամօթը: Կ’ըսեմ:
Առանց բացառութեան, բոլորս ալ ապրեցանք տեսակ մը վիճակներու անօրինակ խառնուրդ մը, յաճախ անվայել եւ նոյնքան ալ վտանգաւոր: Աջէն-ձախէն վատ «բաներ» եղան եւ պատահեցան եւ մարդիկ կարծես մոռցան հայու ոգիի արժէքը, նոյնիսկ ա՛յն հողը, որուն վրայ կ’ապրէին: Մոռցան նոյնիսկ որոնել երկրի խորհուրդն ու անոր հողին կանչը: Ու մինչեւ հիմա, հայրենի մեր երկնակամարին վրայ, վախի բազմազան «մրրիկները» տակաւին չեն հանդարտած: Տեսանելի են: Մրրիկներ, որոնք ո՛չ միայն զարտուղի հետքեր ձգած են, այլեւ՝ մեր մտածումներն ալ սահմանած: Ու անկեղծօրէն՝ նման հոգեվիճակ-գոյավիճակին, մենք բոլորս ալ պատրաստ չէինք:
Ահա թէ ինչո՞ւ կը վախնամ, այս մասին խօսելէ: Կը հասկնամ, բայց չեմ կրնար՝ չհարցնել: Ցաւալի է: Ուստի, անպայման կ’ուզեմ արտայայտուիլ: Սրտբաց եւ անկեղծօրէն: Որովհետեւ, կը կարծեմ, որ վերջ ի վերջոյ այս ընթացքով, հայը օր մը, իր դարերու երազն ու ցարդ ձեռք ձգածը կրնայ կորսնցնել:
Եւ համեստօրէն նաեւ աւելցնեմ, որ այս անօրինակ տագնապի ծնունդի առաջին իսկ վայրկ-եանին, մտահոգ գրիչներ, այս մասին երկարօրէն անդրադարձան: Զգաստութեան հրաւիրեցին: Մատնանշումներ կատարեցին: Այս անօրինակ իրավիճակէն դուրս գալու էական ու կենսական «ճամբաներ» ցոյց տուին: Ընդհանուր լուծումներ առաջարկեցին: «Պէտք է»-ներու էական եւ գործնական շարքեր առաջարկեցին: Որպէսզի հայրենիքը, յանուն իր ապագայ որակաւոր սերունդներ կերտելու գործընթացին չկորսնցնէ իր դիրքը, իր նկարագիրը, իր ինքնութիւնը, նաեւ շեշտեցին «միութեան» կենսականութիւնը: Ըսեմ: Բոլորս ալ պատմութեան առջեւ պատասխանատու ենք: Անխտիր: Փախուստ չկայ: Ուրեմն, յանուն հայրենիքի վերաշինութեան, բոլորս ալ հրաւիրուած ենք աշխատելու եռանդով եւ մեր կարելիութիւններու սահմաններով, որակին եւ արդիւնքին հանդէպ մեր հետաքրքրութեամբ եւ յարատեւ ոգիով:
Եւ այս կացութիւնէն դուրս գալու համար, մանաւանդ իբրեւ «չարեաց փոքրագոյն», նոր յոյսերով դիմաւորեցինք նոր Ազգային Ժողովի մը ընտրութեան գաղափարը: Եւ ընտրութիւնը կատարուեցաւ: Արդիւնք: Շատեր յաղթեցին, ուրիշներ՝ պարտուեցան: Բնական է: Սակայն բոլորիս մաղթանքն ու աղօթքը մնաց, որ ընտրուած այս բոլոր «նորերը», տէրը ըլլան իրենց խոստումներուն: Ըլլան՝ հոգեպէս հզօր: Անկաշկանդ: Ինքնակալ եւ միեւնոյն ատեն ներդաշ-նակօրէն կապուած՝ հայու ոգիի ստեղծագործական թափին հետ: Մնան իրենց ներկայութիւնը, իրենց գործերով արդարացնող պատգամաւոր: Աւելին՝ իրենց ներկայութիւնը, ըլլայ վկայութիւնը իրենց տարած աշխատանքին, նուիրումի եւ օրինակելի որակով: Երկիրն ու ժողովուրդը դառնան իրենց գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկան: Հեռու վերացական եւ շինծու գաղափարներէն, անիրաւ խոստումներէն: Ձրի եւ անհեռատես բառերէն: Ըլլան՝ առանց մեզ եւ ուրիշին խաբող, իբրեւ մեր ցեղին տեւական արժէքները բարձր պահող հայեր: Հեռու՝ «մեզմէ չէ. մերը չէ» գաղափարէն: Զանազանել գիտնան «թշնամի», «հակառակորդ» եւ «ընդդիմադիր» բառերուն իմաստները: Այլապէս՝ նման մօտեցում ատելութիւն կ’ենթադրէ: Ու ո՛չ միայն ատելութեան մէջ տրամաբանութիւնը ըսուածը գոյութիւն չունի, այլ՝ մեզի նման կեցուածք անվայել է: ԱԺ-ի աթոռները գրաւողները, պէտք է գիտնան արժէքը ա՛յդ աթոռին եւ զայն բարձրացնել ջանան, փառքի տիրանելու ախորժակներէն հեռու:
Այս բոլորը սակայն, փափուկ կարպետի կամ կակուղ բարձի խօսքեր չէին եւ չեն:
Վերջ ի վերջոյ, հայը պէտք է ունենայ իր առնական կամքը, մեր արժէքներու շտեմարանները ամբարող: Հայը ապրող ժողովուրդ է, կենսուրախ, դիմացող եւ լաւատես: Չմոռնանք: Ամէն աշխարհը գիտէ: Տեղեակ է: Ուրեմն՝ նոր շունչ տանք հայ կեանքին, նոր մտածելակերպ եւ մանաւանդ մտային նեղ շրջագիծէ դուրս բերող խիստ անհրաժեշտ գաղափարներով «զինուած»: Պարզ խօսքով՝ իր պաշտօնի եւ աթոռի գիտակցութիւնը ունեցող եւ պահող ու հայկական ինքնագիտակցութեան տէր պատգամաւորն էր մեր երազածը, փնտռածն ու ուզածը:
Արդ, «նորեկներ», մի՛ գողնաք հայրենիքի սէրը, նոր սերունդի սրտերէն: Ձեր արտասանած բառերն ու քրտինքը նուիրեցէ՛ք հայ հողի զարգացման եւ պաշտպանութեան, հայ կեանքի բարելաւման, հայ բանակին հզօրացման, հայ բերքի առատութեան եւ անոր արեւին, եւ ո՛չ թէ ձեր փառքին եւ կամ անհատին: Որովհետեւ, այս օրերուն եւ ընդհանրապէս, միայն զէնքով կռուողներու կարիքը չունինք, այլ նաեւ՝ մտաւոր դասի: Նոր կեանք ներարկողներու հոյլի: Անձնապէս, ինքնաբուխ հիացում մը ունիմ նոր սերունդին նկատմամբ: Լաւ յիշեցէ՛ք: Անոր համար կ’ուզեմ գտնել կապը, տեսիլքը եւ հաւատքը: Բոլորս ալ կապուած մնանք երկրին, հողին եւ ժողովուրդին ու անոր արեան կանչին: Ցոյց տանք աշխարհի, թէ մենք հոս ենք եւ տէրն ենք մեր խոստումին: Այս մէկը անզուսպ, մաքուր եւ յստակ ցանկութիւն մըն է: Ազնիւ կոչ մը:
Նոր սերունդ ըսի, երիտասարդ, ե՛ւ գիտակից, ե՛ւ ուսեալ հայորդի ալ պէտք էր, որ աւելցնէի, որովհետեւ անոր շնորհիւ է, որ մեր գիտակցութեան լոյս պիտի տրուի եւ մեր յոյսի աստղը, պիտի փայլի:
Ու այս բոլորը անկասկած՝ կախեալ է մեզմէ, մեր կամքէն, մեր իմացականութենէն, մեր միաբանութենէն եւ մեր հաւատքէն, որպէսզի բոլորիս համար հայ ըլլալն ու մնալը բեռ մը չըլլայ ու հայ միտքն ալ պանդուխտ չմնայ:
Մղձաւանջ եւ ճգնաժամ ըսած էի, թէեւ ծանր բառեր են, բայց, ա՛յս մթնոլորտի մէջ է, որ կ’ապրինք ազգովին: Զգաստանալ է պէտք:
Մնացեալը, դո՛ւք գիտէք:
bedig43@aol.com