Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղի Վարդանեան հարուստ եւ անուանի ընտանիքի չորս եղբայրներէն կրտսերը եղած է Սերոբ Աղբիւրը: Ծնած է 1864-ին: Աւագ եղբայրը՝ Մախոն, գիւղի «ռես»ը՝ գիւղապետն էր, յարգուած եւ ազդեցիկ: Այն ժամանակ Սոխորդի մէջ դպրոց չկար եւ Սերոբը իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց ազատ բնութեան մէջ: Ամրակազմ էր, անվախ ու քաջ, սիրահար էր ձիու, զէնքի ու որսորդութեան, իսկ 20-21 տարեկանին սկսաւ հետաքրքրուիլ նաեւ ազգային շարժումներով՝ Պոլսէն վերադարձած եւ այնտեղի հայրենասիրական շարժումներով տպաւորուած հօրեղբօր՝ Առաքելի ազդեցութեամբ:
Օր մը Նեմրութի անտառներուն մէջ որսի ժամանակ, Սերոբը կը հանդիպի երկու քիւրտերու, որոնք կուզեն խլել անոր ձին: Սերոբը կը սպաննէ անոնցմէ մէկը եւ ոստիկանական հետապնդումներէն խուսափելու համար եղբօր օգնութեամբ կ՛անցնի Պոլիս եւ ապա՝ կը տեղափոխուի Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր մեծ թիւով հայ պանդուխտներ կային:
Սուլինիայի մէջ Սերոբը կը բանայ սրճարան մը, որ ժամադրավայրը կը դառնայ հայրենակարօտ պանդուխտներու համար: Հնչակեան-դաշնակցական սուր պայքարի տարիներն էին, Սերոբի սրճարանին մէջ ալ կուսակցական վէճերը անպակաս էին: Սերոբը ուշադրութեամբ կը հետեւէր բանավէճերուն, երբեմն ալ իր կարծիքը կ՛արտայայտէր՝ բնածին ուշադրութեամբ եւ սրամտութեամբ: Անոր համակրանքը հետզհետէ կը թեքի դէպի Դաշնակցութիւն:
1894ին Տարօնէն Կովկասի վրայով Սուլինա կու գայ Հրայր Դժոխքը, ուր կը շրջապատուի պանդուխտ հայրենակիցներով: Ան կը պատմէ Սասունի դէպքերու մասին եւ կը յորդորէ՝ զէնք ձեռք բերել եւ զինուած վերադառնալ հայրենիք: Հրայրի խօսքերուն ազդեցութեամբ կը սկսի պանդուխտներու երկիր վերադարձի շարժումը:
1895-ի աշնան, 27 զինեալներով Կովկաս կը հասնի նաեւ Սերոբը եւ այնտեղէն դաշնակցական մարտիկներու աջակցութեամբ անվտանգ կը մտնեն Ախլաթ:
Ախլաթը Վանայ լիճի եւ Նեմրութի, Գրգուրի ու Ռահաւ անապատի միջեւ ինկած գրեթէ զուտ հայաբնակ 35 գիւղերէ բաղկացած, համեմատաբար բարեկեցիկ եւ քաջ բնակչութեամբ գաւառ մըն էր՝ շրջապատուած քիւրտերով եւ չերքէզներով: 1895ի կոտորածներու օրերուն անոնք փորձեցին ասպատակել ու թալանել Ախլաթի հայ գիւղերը: Սերոբի խումբը ճիշդ ժամանակին հասած էր եւ անոր ղեկավարութեամբ արագօրէն կը կազմակերպուի շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը: Բոլոր գիւղերուն մէջ Սերոբի հայդուկներուն շուրջ կը համախմբուին երիտասարդութիւնը, իսկ ինքը՝ Սերոբը, քանի մը ընկերներով կը շրջի գիւղէ գիւղ հսկելով հայ բնակչութեան ապահովութիւնը: Քիւրտերու ու չերքէզներու բոլոր ճիգերը աւերի մատնելու Ախլաթի հայ գիւղերը, կ՛անցնին ապարդիւն, Սերոբին շնորհիւ:
Այդ օրերուն ծայր առաւ Սերոբի հերոսական համբաւը: Ուսեալ մարդ չէր ան, հազիւ կարդալ-գրել գիտեր, բայց օժտուած էր պայծառ մտքով եւ հզօր կամքով։ Առնական եւ քաջ էր, տաղանդաւոր կազմակերպիչ ու ղեկավար: Ի բնէ կարծես ստեղծուած էր մարդկանց առաջնորդելու համար: Դաժանութեան աստիճան խիստ էր կարգապահական հարցերու մէջ: Ահարկու եւ անողոք էր մատնիչներու, վաշխառուներու, կեղեքիչ պաշտօնեաներու հանդէպ: Մարդաճանաչ էր եւ գիտեր լաւ եւ հաւատարիմ գործակիցներ ընտրել: Անոր խումբին մէջ էին այնպիսի հռչակաւոր ֆետայիներ, ինչպէս՝ Ճարտարը, Պիթլիսցի Մուշեղը, Փալապեխ Կարապետը, Զուլումաթը, Առիւծ Աւաթը, Առաքելը, Նադոն եւ ուրիշներ: Կարճ ժամանակով Սերոբին զինուոր եղած է նաեւ «լեկենթար» Անդրանիկը:
Ախլաթը կոտորածի վտանգէն փրկելէ յետոյ, Սերոբ կ՛անցնի կազմակերպչական աշխատանքի: Անոր ջանքերով կը ստեղծուի Սալնոյ ձորի կեդրոնական կոմիտէութիւնը, որուն կազմին մէջ կը մտնէին Ախլաթի, Կիվզելդերի եւ Բաղէշի շրջանները: Բոլոր գիւղերու մէջ կը կազմուին ինքնապաշտպանութեան մարտական խումբեր: Սերոբը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ շրջանի զինման հարցերուն, յաճախ բռնութեամբ կը ստիպէ ունեւոր գիւղացիներուն՝ զէնք գնել: Բացի այդ, Կովկասէն ալ զէնք կը տանի մարտական խումբերուն եւ ժողովուրդին զինելու համար, եւ Սերոբին հմուտ ղեկավարութեան տակ Ախլաթ-Բաղէշի մէջ կը ստեղծուի ուժեղ կազմակերպութիւն:
Թրքական կառավարութիւնը, բնականաբար չէր կրնար հանդուրժել Սերոբի ներկայութեանը Ախլաթի մէջ, եւ նոյնիսկ կը փորձէ բռնել զինք: Սոխորդ գիւղը կ՛ենթարկէ խուզարկութիւններու ու թալանի: Սերոբի գիւղապետ եղբայրը եւ կին կը ձերբակալուին եւ կը նետուին Մուշի բանտը․ քարուքանդ կ՛ընեն Վարդանեաններուն տունը, բայց կառավարութիւնը իր նպատակին չի հասնիր:
Սերոբ կը պատսպարուեր լեռներու վրայ՝ ահ ու սարսափ տարածելով բռնակալ կառավարութեան, քիւրտ հարստահարներուն եւ ամեն տեսակ մատնիչներուն ու դաւաճաններուն վրայ: Անոր ղեկավարութեամբ իրարու ետեւէն կը պատժուէին շարք մը մատնիչներ, ժողովուրդին կեղեքող ոստիկաններ ու պաշտօնեաներ: Սերոբի հովանաւորութիւնը կը վայելէին ոչ միայն հայ, այլեւ մահմետական աշխատաւոր գիւղացիները, որոնց մէջ եւս մեծ էր Սերոբի հռչակը: Անպատժելի չէին մնար նաեւ հայ գիւղերու վրայ յարձակում գործող քիւրտ աշիրեթները: Այսպէս, 1907ին Թեղուտ գիւղը թալանելու եկած հասնանցի քիւրտերը կը հանդիպին Սերոբի բուռն դիմադրութեանը եւ չարաչար պատժուելով կը դիմեն փախուստի: Նման վախճան կ՛ունենան նաեւ ուրիշ գիւղացիներու վրայ յարձակում գործած քիւրտ թալանճիները:
1897ի սկիզբներուն դժգոհութիւն կը յառաջանայ հայդուկներուն մէջ, այն պատճառաւ, որ, հակառակ հայդուկային կանոններուն, Սերոբը իր կնոջը Սօսիին ալ իր հետ կը պահեր լեռներու վրայ, մինչ հայդուկներու բոլորին ընտանիքները մնացած էին իրենց գիւղերը՝ վտանգի ենթակայ: Ընտանիքի ներկայութիւնը յաճախ կը դժուարացներ Սերոբի խումբին շարժումները, եւ հայդուկները կը պահանջեն, որ Սերոբը իր ընտանիքը հեռացնէ ապահով վայր մը, բայց Սերոբը չի համաձայնիր եւ սուր վէճեր կ՛ըլլան: Ախլաթ-Բաղէշ-Տարօնի շրջանին մէջ գործելու համար 1897ի ամռանը իբրեւ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ախլաթ կու գայ Գուրգէնը: Թէեւ դժգոհութիւնները ամբողջովին չէն դադրիր, բայց Գուրգէնի ներկայութիւնը որոշ չափով կը մեղմացնէ կիրքերը եւ նոր թափ կու տայ շրջանի պաշտպանութեան կազմակերպչական աշխատանքին:
Սերոբն ու Գուրգէնը սիրով ու համերաշխ կը վերակազմեն ու ամուր հիմերու վրայ կը դնեն ինքնապաշտպանութեան գործը: Սերտ գործակցութիւն կը հաստատէն Տարօնի հետ, ուր ղեկավար դէմքը դարձեալ Հրայրը, Սերոբ Աղբիւրը եւ Գուրգէնը կը գործէն ձեռք ձեռքի՝ փոխ այցելութիւններով նաեւ երկու շրջանները:
Գուրգէնը Ախլաթի ու Բաղէշի շրջանի իր գործը աւարտելէն յետոյ կ՛անցնի Սասուն: Սերոբը կը շարունակէ իր յեղափոխական աշխատանքը Ախլաթի շրջանին մէջ: Գուրգէնի հեռանալէն յետոյ նորէն կ՛արծարծուին դժգոհութիւններ հայդուկներու մէջ, որոնց մէկ մասը կը բաժնուին իրմէ: Սերոբը կը մնայ դժուար կացութեան մէջ: Միւս կողմէ, կառավարական հետապնդումը կը սաստկանայ։ Բաղէշի մեծ կռիւէն ետք, 1898ի Հոկտեմբերին, հակառակ թշնամիին ծանր կորուստներուն, Սերոբը այլեւս չի կրնար մնալ Ախլաթի շրջանը եւ ընտանիքով ու մի քանի մարտիկներով կ՛անցնի Սասունի լեռները, ուր 1899ին Կելիեկուզան գիւղին մէջ՝ կառավարութեան ձեռքին գործիք դարձած քանի մը դաւաճան հայերու կողմէ կը թունաւորուի ու կը սպաննուի գիւղը պաշարած թուրք զինուորներու ձեռքով: Կը սպաննուին նաեւ Սերոբի եղբայրը եւ քանի մը ընկերները: Կինը՝ Սօսէն, որ վիրաւոր էր, գերի կը տարուի: Սերոբի գլուխը կը կտրեն ու կը տանին Մուշ, ամբոխին ցոյց տալու: Կառավարութիւնն ու մահմետական խուժանը հանդէս ու խրախճանք կը սարքեն Սերոբի մահուան առիթով, մինչ հայերը սուգի կը մատնուին: Սերոբի սպանութենէն ետք, իր զինակից հայդուկներուն մէկ մասը կը ցրուի, ոմանք ալ կը մնան Ախլաթի մէջ, շարունակելով գործել ու կը զոհուին տարբեր կռիւներու մէջ:
Ստորեւ Սերոբի նուիրուած երգէն երկու տուները․
Ան որ քաջ է՝ ին՞չ կ՛սպասէ,
Արդէն ժամանակն է՝ թող գայ,
Մահ պատերազմի օրհաս է,
Ո՛վ որ անվախ, քաջ է թո՛ղ գայ:
Վերջապէս մենք ունինք կռիւ,
Զէնքով պիտի մաքրենք հաշիւ,
Մեր հայրենեաց փառք ու պատիւ,
Սերոբ փաշան սիրողն թող գայ:
Read Time:4 Minute, 58 Second