ՆԱՐՕՏ ՆՈՐԱՄԱՆԵԱՆ
Մայիս 9-ն է, ճիշդ 6 ամիս առաջ ստացանք ցնցիչ լուր մը, որ ընդմիշտ փոխեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը: Այդ լուրը չէր նշանակեր պարտուած ենք, այլ` դաւաճանուած: Գիտէք, պարտութեան գաղափարին հետ աւելի դիւրին է ընտելանալ, անիկա կրնայ վերածնունդի, վերամիաւորման նոր թափ մը յառաջացնել ժողովուրդի մը մէջ: Սակայն դաւաճանութիւնը… միայն մէկ բան կրնայ յագուրդ տալ անոր` վրէժխնդրութիւնը: Թիկունքէն հարուած ստացող ազգի մը որեւէ քայլ այս պարագային արդարացուած է:
Հիմա զիս կը մտահոգէ քանի մը երեւոյթ: Ինչո՞ւ տակաւին այս ոճիրին պատասխանատուները իրենց տեղերն են, անպատիժ: Չէ՞ որ 6 ամիս է հայրենիք կորսնցուցած ենք: Կը փորձեմ դիւանագիտօրէն մօտենալ այս հարցին, սակայն իշխանութիւնները օրէ օր կու գան հասկցնելու, որ անհնար է այլեւս զիրենք հանդուրժել:
Լա՛ւ, վայրկեանուան մը համար մէկ կողմ դնենք իշխանութիւնները: Ո՞ւր է ժողովուրդը: Ինչպէ՞ս այսքան արագ կրցաւ ընտելանալ այս իրավիճակին: Կրնա՞յ ըլլալ հող կորսնցնելը սովորական երեւոյթ մըն է, եւ ես եմ աւելորդ չափազանցութիւններ ընողը: Կամ աւելի գէշ, կրնա՞յ ըլլալ անտարբերութիւնը գլուխը առած գացած է: Մեծապէս պիտի փափաքէի, որ առաջինը ըլլար պարագան: Բայց, դժբախտաբար, միայն անտարբերութիւնն է, որ կրնայ ժողովուրդ մը այսքան շուտ իր բնականոն կեանքին վերադարձնել:
Մեր նահատակ հերոսներէն ներողութիւն կը խնդրենք: Կը կարծէ՞ք արժանի ենք անոնց ներողամտութեան: Ի՞նչ պիտի ըսէին արդեօք Թեհլիրեանները, Շիրակեանները` տեսնելով մեր այսքան լուռ եւ «քաղաքակիրթ» կեցուածքը: Ինչո՞ւ հաշուետուութիւն չենք պահանջեր:
Այս հարցումներուս պատասխանը խօսքերով չեմ ակնկալեր այլեւս, այլ գործով: Կարգախօսերը անիմաստ են, երբ մարդ չկայ զանոնք գործադրող: Ազգային երգերը եռանդով մտիկ ընելը չի բաւեր պայքար մը յաղթելու:
Այս ճգնաժամին մեզի խենթեր են հարկաւոր, որովհետեւ, ինչպէս յիշուած է Մալխասի 1920 թուականին գրուած, սակայն այնքան արդիական «Զարթօնք» վէպին մէջ` «այլասիրական բարձր գաղափարականութեամբ ոգեւորուած խենթ մարդիկ միայն կրնան ազգային վերածնունդը դարբնել»: