Յ. Պալեան
Կա՞յ հայ որ ըսէ՝ «դուն իրաւունք ունիս, ճի՛շդ ես եւ ո՛չ ես»:
Ո՞ր հայը իրաւունք չունի, չի յաւակնիր վերջին խօսքը ունենալ: Հայը՝ միութենական, կուսակցական, քաղաքական գործիչ: Հայաստան եւ բազմաշերտ եւ բազմագոյն սփիւռք(ներ): Երբ հայ մարդը ցուցամատը քունքին դնէ եւ ըսէ՝ «իմ կարծիքով», այդ կը նշանակէ որ գտնուած է ճշմարտութիւնը:
Այդպէս են Ֆրանսայի տուն դառնալէ առաջ սրճարանային խօսակցութիւնները. ա մոն ավի, à mon avis, իմ կարծիքով…
Եթէ կան վստահութիւն ներշնչող մարդիկ, որոնք կրնան Հայաստանի ներկայ կացութեան մէջ, իրարու բախող գաղափարներու, առաջադրանքներու, կողմնորոշումներու, քննադատութիւններու եւ այլազան ամբաստանութիւններու խրձիկները քակել եւ ճամբացոյց ըլլալ, այդ պէտք է ընեն հիմա՛, որպէսզի քաղաքացին այս կամ այն կողմի ամբոխահաճական (populist) քարոզչութեան զոհը չըլլայ, հաւատալով կէս կամ քառորդ ճշմարտութիւններու:
Հայաստանի մէջ կա՞յ քաղաքական գործիչ մը, որ քննադատութեան թիրախ չըլլայ: Կարծէք իշխանութիւնը եւ իշխանութեան տիրանալու ցանկութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կիրքը, պատճառ եղած են եւ են քաղաքական դաշտի փտախտին (gangrène): Լաւագոյն բարիկամեցողութեամբ անգամ չենք կրնար յիշել մէկ կենսագրութիւն, ուր անկարելի ըլլայ սեւ կէտ չդնել կամ չգտնել: Սեւ կէտեր նաեւ այն պատճառով, որ փոխադարձ վարկաբեկումները յառաջացուցած են վստահութեան խախտում: Այս կացութեան մէջ քաղաքացիին կարծէք կը մնայ ընտրել վատին եւ նուազ վատին միջեւ, փոխանակ ընտրելու լաւին եւ աւելի լաւին միջեւ: Քաղաքացին քուէտուփին առջեւ պիտի կանգնի այս հոգեմտաւոր շփոթանքով: Երեւակայեցէ՛ք արդիւնքը եւ անոր վաղորդայնը:
Ֆրանսացի մեծ մտաւորական, ESPRIT ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր Էմմանուէլ Մունիէ, 1944-ին գրած է. «Քաղաքական մեծագոյն առաքինութիւնը ամբողջներու իմաստը չկորսնցնել է»: (La plus grande vertu politique est de ne pas perdre le sens des ensembles. Emmanuel Mounier).
Կը տիրէ մթնոլորտ մը, ուր ոչ ոք չըսելիքը գիտէ, չընելիքը գիտէ, ինչ որ քաղաքական իմաստութիւն է: Իւրաքանչիւր ըսուած խօսք կը յաւակնի վերջնական ըլլալ, վերջնական ճշմարտութիւն, իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն կը ներկայանայ որպէս միակ, տրամաբանական եւ ճիշդ ուղի, կը կուտակուին քննադատութիւնները: Այս պայմաններուն մէջ, քաղաքացին, կամայ-ակամայ, դատապարտուած է ապակողմնորոշուելու, եւ ելքը կ’ըլլայ այն՝ որ ընտրութիւնը կը կատարուի կիրքով, ատելութեամբ, հաճոյակատարութեամբ, կամ կաշառքով:
Ի հարկէ սփիւռք(ներ)ն ալ, յոգնակի, բազմաթիւ երաժշտական գործիքներու caisse de résonnance-ի պէս կը հակազդէ, կ’աղմկէ: Այսպէս ենք. ես, դուն, միւսը, միւսները: Բնական է, որ անտարբեր չենք կրնար ըլլալ հայրենիքի իրադարձութիւններուն հանդէպ, բայց դրական վերաբերումը պատճառ չի կրնար ըլլալ, որ հազար եւ հազար վերջին խօսքի իրաւունքով հրապարակ գանք, շփոթինք եւ շփոթեցնենք:
Նայինք թէ ի՞նչ հոլովոյթ ունեցան Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով ծնունդ առած Հանրապետութիւնները: Անոնցմէ ոմանք անցան քաղաքացիական կռիւներու բովէն, կամ յանձնուեցան նախկին համակարգի ափարաչիքներու մենատիրութեան:
Ստեղծուած բոլոր անկախ հանրապետութիւնները բեմ հանդիսացան իշխանութեան շահագործումներու, իւրացումներու, անհատական հարստութիւններու տիրացման: Հայաստանն ալ անցաւ այդ բովէն, անկէ դուրս չէ ելած տակաւին, բայց դեռ չմեղանչեց քաղաքացիական պատերազմով, կարծէք բաւարարուեցաւ մասնակի դէպքերով: Միթէ՞ ինքնամաքրման ձեւ մըն էր քաղաքացիական պատերազմը, իշխանութեան հաստատման համար, նոյնիսկ՝ մենատիրական ձեւով:
Իրատեսութեամբ պէտք է ըսել, որ իշխանութիւնները, հիները, անոնց հունով նաեւ նորերը, երեսուն տարի, սեփական մեղրի կարաս համարեցին Հայաստանի (գումարած սփիւռքի) եղած-չեղած հարստութիւնը: Ապա թէ ոչ ինչպէ՞ս կրնանք բացատրել, որ խորհրդային հաւասարութեան դրութենէն անմիջապէս ետք յայտնուեցան իսկական մեծահարուստներ, մեծ գործատէրեր, մեծ կալուածատէրեր: Ի հարկէ այդ բոլորը ճակտի քրտինքի արդիւնք չէին: Եթէ հետախուզող լրագրողներ ազատօրէն կարենան աշխատիլ, կրնանք մենք մեզ գտնել ցնցող լուսաբանութիւններու դիմաց: Լաւ է գիտնալ, ընդունիլ եւ անցնիլ: Այդ բոլորը համարել պատմական պահու հակասութիւններու հետեւանք եւ անցնիլ:
Բայց միաժամանակ հաստատել օրինաւորութիւն եւ հսկողութիւն, օրէնք, որպէսզի աւերը չկրկնուի, նորեր չշարունակեն հիներու ընթացքը:
Անոնք որոնք Հայաստան կ’երթան, հոն կը մնան, երկրի կեանքով կը հետաքրքրուին, սոսկ զուարճացող զբօսաշրջիկի կեանքով չեն բաւարարուիր, կը տեսնեն, կը փորձեն հասկնալ, ենթակայական դատումներ չեն ըներ: Խօսուն երեւոյթներ եղած են եւ կան:
Երեսուն տարի առաջ, հասութաբեր կալուած էր օդակայանի մաքսային պատասխանատուի պաշտօնը, այսօր ալ է, եւ հոն «պետ» նշանակուեցաւ պետական մեծաւորի մը քեռայրը, որ դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ էր…: «Ի՜նչ կապ», պիտի ըսէ շարքային քաաքացին, կամ պիտի ըսէ՝ «ինչո՞ւ ոչ ես ալ»…
Հիմնադրամի տնօրէնուհիի մը առաջին գործը եղաւ իր բնակարանի հիմնական նորոգութիւնը… հիմնադրամի հաշւոյն…
Վարժապետ եւ գրող նախարարը պարսպապատ բնակարան կառուցեց Երեւանի մէջ: Ինչպէ՞ս…
Բարեսիրական կազմակերպութիւններով զբաղող վարժապետի զաւակը մասնաւոր վարորդով եւ մերսետեսով դպրոց սկսաւ երթալ…
Հիմա կը լսենք, որ այսինչ մեծաւորի դստեր երազը Լաս Վեկաս տեսնել էր եւ ընկերուհիին հետ պիտի երթայ հոն…
Պզտիկ ձուկեր, մեծ ձուկեր: Ինչպէս Աւետարանին մէջ ըսուած է, առաջին քարը թող նետէ ան որ չէ մեղանչած:
Սակայն «գողեր» կային որոնք «պետութիւն» պահեցին, «հայրենի հողեր ազատագրեցին»: «Ամաթէօր»ներ չէին, փորձ ունէին:
Հայաստանեան ընկերութեան մէջ, վերէն վար, սովորութիւն է «առիթէն օգտտուիլ», «անաշխատ դրամ շահիլ»: Լիբանանն ալ այդպէս էր եւ է, եւ այդ կը կոչուի «շաթարա» եւ այսօր Լիբանան սուղ կը վճարէ այդ անպատիժ «շաթարա»ներուն համար:
Երբ հեղանակզրկումը, մեր բոլորի մեղսակից շատախօսութեամբ, կը դառնայ ընդհանուր երեւոյթ, տրամաբանութիւնը չի գործեր:
Այս պայմաններուն մէջ, գէթ սփիւռքը իր ողջախոհութիւնը պէտք է պահէ, պահէր, եթէ ունի: Միակ յոյսը տեսիլք ունեցող մտաւորականութիւնն է, թէեւ, ներսը եւ դուրսը ան ալ սիստեմին մէջ է: Հետեւաբար առանց յուսահատելու պէտք է խօսիլ, լուսաբանել, առանց բարդութիւնները բարդացնելու, եթէ դեռ լսողներ գտնուին:
Իմաստութիւն է չանգիտանալ ինչ որ դրական եղած է:
Պէտք է մաղթել, որ լարուածութիւնները չյանգին յոռեգոյնին, քաղաքացիական կռիւներու: Այդ կ’ըլլայ անկման տանող անգիտակիցներու պերճանքը:
Հեռուն նստածներուս մնացած է, ինչպէս կ’ըսեն համպըրկըրի երկրին մէջ, brain storming ընելու հաճոյքը կամ պարտականութիւնը: Բայց այդ storming-ով մեղսակից չըլլանք աւերներու:
Ինչ որ ալ պատահի, թեր ըլլանք թէ դէմ, մեր ժողովուրդին համար կենսական լուծումը հայրենատիրութիւնն ու հայրենադարձութիւնն են: Այս մասին պէտք է խօսիլ, այս պէտք է կազմակերպել, յաջողցնել: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ, երբ համաշխարհայնացման հսկայ ալիքը հասած ըլլայ Հայաստան:
Ինչո՞ւ պարզ խօսքերով չենք խօսիր ժողովուրդի բնական ողջախոհութեան, որպէսզի ան լուսաբանուի եւ տէր ըլլայ իր ինքնութեան, հայրենիքին, ազատութեան, փոխհասկացողութեան եւ արդարութեան մթնոլորտի մէջ:
Կրկին պէտք է յիշեցնել դերը «տիրոջ ձայն»ը ըլլալ մերժող հարազատ մտաւորականութեան:
Այս շողոմ ճառ չէ, շատախօսութիւն եւ կրկնութիւն չէ: Պարտք է: