Սիւնիք.- Ազերի Բանակը Մօտեցած է Վերիշէն Գիւղին

0 0
Read Time:40 Second


ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 12-ի կէսօրուայ մօտ, Գորիսի համայնքապետարանի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ Սիւնիքի մարզին մէջ, Սեւ լիճի տարածքէն ատրպէյճանցիները անցած են Հայաստանի պետական սահմանը եւ յառաջացած դէպի Վերիշէն գիւղը։
Սիւնիքի մարզի Վերիշէն վարչական շրջանի ղեկավար Արարատ Օրդեան, այս գծով, կը յայտնէ.-«Այս պահուն հայկական զինուժը կը բանակցի՝ թշնամին հայկական պետական սահմանէն հեռացնելու համար։ Այս հատուածին մէջ պաշտպանութիւն չկայ, միշտ ալ կ՝ըսէինք՝ դիրք պէտք է։ Իշխանութիւնը ականջալուր չեղաւ, շատ ուշացուցին․ անոնք այդքան մօտեցած, հասած են մեզի, առաջ եկած ու դրօշը դրած են։ Մերինները կը բանակցին, որ ետ ուղարկեն, դրօշը հանած, հեռացուցած են։ Անվտանգութեան տեսանկիւնէն հիմա ոչ ոք ապահովագրուած է, պէտք է ուշադիր ըլլանք, հերթապահութիւն իրականացուի բնակչութեան կողմէ»:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց, թէ այդ ուղղութեամբ մարտեր կան եւ հաստատեց, որ ատրպէյճանական զինուժը, սահմաններու ճշգրտման հիմնաւորումով, փորձած է որոշ աշխատանքներ իրականացնել Սիւնիքի սահմանային հատուածներէն մէկուն մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles