Հայրենի Յուշեր (16)

0 0
Read Time:5 Minute, 19 Second

 

Համագումար. վերջին նիստը: Առաջին շարք, աջ ծայրին՝ Սեւտա Սեւան


Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

Համագումարի երրորդ եւ վերջին օրն էր:
Անոնք կ’ընթանային նոյն անորոշութեան մէջ, որ ի յայտ կու գար ժողովականներու գրեթէ անկապակից ելոյթներու ընթացքին, որ օրակարգային ամէն հասկացութենէ զուրկ էր:
Ըստ սովորութեան՝ Դալլաքեան հրաւիրած էր կարգ մը ծանօթ մտաւորականներ՝ բարձրացնելու համար հանդիպումներուն վարկը եւ քիչ մը լիցք ու բովանդակութիւն ներարկելու համար անոնց: Այն օրուան հիւրերն էին Սիլվա Կապուտիկեանը եւ Ռազմիկ Դաւոյեանը, որոնք իրենց կարգին շատ աւելի տարուած էին օրուան անցուդարձերով եւ Հայաստանը ընկճող առօրեայ հոգերով, որոնց անմիջական ազդեցութեան տակն էին բոլորը:
Եկաւ պահ մը, ուր Սեւտա Սեւան դիմեց Դաւոյեանին.
–Ասա՛, Ռազմիկ, վերջին անգամ ե՞րբ գրիչդ ձեռք առիր գրականութեան հաշուոյն…
Որուն Դաւոյեան չկրցաւ յստակ պատասխան մը տալ, բաներ մը մռլտաց, աջ ու ձախ նայեցաւ ու լռեց, կարծես ժամանակէն դուրս կ’ապրէր ու մոռցած էր զայն:
–Ես տարիէն աւելի է մէկ տող չեմ գրած,– իր մասին վկայեց Սեւտա Սեւան:
Կը յիշեմ, որ այն օրը խօսք առաւ նաեւ Կապուտիկեանը: Ան ի միջի այլոց պատմեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին արտասահման հրաւիրուած մտաւորականին կը թելադրուէր, թէ ո՛ր շրջանակին պարտի մօտենալ եւ ո՛ր մէկէն՝ խուսափիլ:
Այս կէտին հասած՝ կարգ մը պատգամաւորներ որոշակի վրդովեցան եւ յայտնեցին իրենց վերապահութիւնը, չըսելու համար՝ դժգոհութիւնը:
Ժողովը շօշափելի ձեռքբերումով մը փակելու հեռանկարով՝ Դալլաքեան, միշտ հաւատարիմ միասնական յանձնախումբ մը կազմելու գաղափարին, գրպանէն հանեց այս նպատակով կազմուած անուններու ցանկ մը՝ առ ի քուէարկութիւն:
Ժողովականները, իրենք՝ նշանակեալ պատգամաւորները ներառեալ, առարկեցին, թէ իրենք լիազօրուած չեն նման քուէարկութիւն մը կատարելու: Թէ պէտք է վերադառնան իրենց վարչութիւններուն, զեկուցեն այս բոլորը, եւ վարչութիւններն է որ պարտէին կայացնել վերջնական որոշումը:
Այս տրամաբանութեամբ ալ փակուեցաւ ժողովը:
Վարչակարգային վերահաս փոփոխութիւնն ու անկախութիւնը բոլորովին մոռցուցին այդ համագումարն ու անոր ծիրէն ներս առնուած տարտամ յանձնառութիւնը, հրապարակէն հեռացաւ ինքը՝ Դալլաքեանը եւս, որ գլխաւոր նախաձեռնողն էր այդ բոլորին:
* * *
Այն օրը ընթրիքին Եափուճեան յայտնեց, որ պէտք է հանդիպիլ Ռաֆայէլ Իշխանեանին ու անոր յանձնել կարգ մը գիրքեր (իմա՝ «արգիլուած գրականութիւն»): Եւ հրաւիրեց զիս ընկերանալու իրեն:
–Թող չկարծէ, թէ անհատական նախաձեռնութիւն մըն է այս եղածը:
Մեծ հաճոյքով ընդառաջեցի, որովհետեւ այն տարիներուն Իշխանեան համահայկական ժողովրդականութեան արժանացած էր շնորհիւ իր հայագիտական աշախատութեանց ու ինչպէս նաեւ այն սուր պայքարին, որ, հակառակ իր դասախօսի հանգամանքին, կը մղէր ի նպաստ Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատումին ու հայերէնի մաքրման՝ օտար խորթ բառերու հեղեղէն: Անոր սփիւռքահայ ուսանողները կը պատմէին, թէ ինչպէս իր բառամթերքին անուշադիր ուսանողը կը ձախողէր քննութեան՝ օտար բառ կիրարկած ըլլալու հետեւանքով:
Եւ հիմա առիթը կը ներկայանար զայն ճանչնալու յականէ-յանուանէ:
Կառքը հանդարտ կը յառաջանար ցուրտ ու մութ փողոցներէն՝ չհաշուած աստ-անդ պլպլացող հատուկենտ տժգոյն լամբերը:
Երբ կը փորձէինք հասցէ տալ, «պէտք չի, ես լաւ եմ ճանաչում նրան»,– վրայ բերաւ վարորդը, եւ քիչ ետք կանգ առաւ շէնքի մը առջեւ.
–Է՛ս ա:
Հրահանի ու լուցկիի լոյսով բարձրացանք ու զարկինք զանգը:
Դուռը բացաւ միջահասակ, նրբակազմ, ալեխառն մազերով տղամարդ մը, որ ինքն էր:
Տրուած ըլլալով դուրսի ցուրտը՝ ան իսկոյն ու մեքենաբար ներս հրաւիրեց մեզ:
Թեթեւօրէն լուսաւորուած սենեակ մըն էր, որուն մէկ անկիւնը կին մը՝ նոյնինքն տիկին Իշխանեանը, գետինը նստած, հիւսք կը գործէր լուսամփոփի մը կից: Մեզ տեսնելով ժպիտով մը մօտեցաւ եւ սպասողական կանգնեցաւ երկու քայլ անդին:
–Բարի եկաք,– ըսաւ Իշխանեան վաղեմի բարեկամի մը պարզութեամբ ու մտերմութեամբ, որ յատուկ է հանրային դէմքերու, առաւել եւս դասախօսներու, որոնք ենթադրուած են ամէնքէն ճանչցուած ըլլալ եւ ամէնքին պատկանիլ հաւասարապէս:
Եափուճեան փութաց ներկայացնել մեզ եւ այցելութեան նպատակը:
Իշխանեան ինք անցաւ շատ պզտիկ սեղանի մը շուրջ եւ հրաւիրեց մեզ նստելու իր դէմ, ուր դրուած էին երկու աթոռներ, կարծես գիտէին, որ երկու այցելու պիտի ունենան:
Եւ առաջին խօսքը եղաւ.
–Եթէ քառորդ ժամ առաջ գայիք, Վազգէնը այստեղ էր:
Վազգէնը՝ Մանուկեանն էր, որ իր փեսան կ’ըլլայ եւ որուն անունը ամէն տեղ էր այն օրերուն, հաւանաբար ամէնէն աղմկարարը եղածներուն մէջ:
* * *
Ոչինչ գիտէի Իշխանեանի մասին, որքան ալ կարդացած ըլլայի անոր մէկ քանի գործերը, մասնաւորաբար «Արդի հայերէնի շարահիւսութիւն»-ը եւ ուղղագրական կարգ մը պրակները, սակայն բաւական լսած էի կնոջը մասին, որ հիմա վերադարձած էր իր բազմոցին վրայ ու կը շարունակէր հիւսել՝ մերթ ընդ մերթ ժպտագին նայելով հիւրերուս ուղղութեամբ : Եւ մինչ ամուսինը կը խօսէր, ես մտովի կը վերականգնէի մանրամասները այն ողբերգութեան, որ ապրած էր այս կինը կեանքի արշալոյսին:
Ան աղջիկն էր յայտնի մարզիկ Վահան Չերազի,− եղբօրորդին Մինաս Չերազի,− որ Եղեռնէն առաջ Պոլսոյ մէջ հիմնած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, մարզական ակումբ մը եւ եղած էր առաջինը, որ օտար խումբեր հրաւիրած էր Պոլիս հիւրախաղերու: Եղեռնին ան կ’անցնի Կովկաս, կը միանայ Անդրանիկի կամաւորական խումբին ու կը մասնակցի անոր բոլոր մարտերուն մինչեւ 1919: Այս թուականին Նիկոլ Աղբալեանի առաջարկով կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի) ու կը ստանձնէ հայ որբերու դաստիարակութիւնը: Աւելի ուշ կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան եւս՝ սակայն առանց լքելու երկիրը: Ատեն մըն ալ կը ծառայէ Ամերիկեան նպաստամատոյցին… այս բոլորը կը յանգեցնեն անոր ձերբակալումին եւ աքսորին դէպի Սիպիր: Ուրկէ կը վերադառնայ քանի մը տարի ետք, սակայն վերստին կը ձերբակալուի եւ իբրեւ ազգայնական կը գնդակահարուի 1928-ին: Իսկ 1937-ին կը գնդակահարուի կինն ալ՝ Վարդանուշը, որ ետին կը ձգէ անչափահաս աղջիկ մը՝ Բիւրակնը՝ 10 տարեկան: Սա կ’որդեգրուի մօրեղբօրը կողմէ ու կը փրկուի՝ մականունը վերածելով Անդրէասեանի, աւելի ուշ դառնալու համար տիկին Բիւրակն Ռաֆայէլեանը, վաստակաւոր բանասէր ու մանկավարժ, որ հիմա, քանի մը մեթր անդին բազմած, մեղմիւ կը ժպտի ու կը հիւսէ:
Նուազ վիպական չէ եղած կեանքը ամուսինին եւս:
Ծնած 1922-ին՝ ութ տարեկանին կը կորսնցնէ մայրը, իսկ 1937-ին կը գնդակահարուի հայրն ալ: Հակառակ այս դառնութեան ու անտիրութեան՝ ան կը յաջողի համալսարանական կրթութիւն ստանալ, բայց կը ստիպուի ընդմիջել զայն ու կը մեկնի ճակատ Հիթլերի հորդաներուն դէմ, կը վիրաւորուի ու գերի կ’իյնայ, սակայն կը յաջողի փախչիլ,– հակառակ թեթեւ կաղութեան մը, որ կը մնայ մինչեւ մահը,– ու շարունակել պատերազմը մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Այս բոլորը պէտք է իրենց խոր կնիքը դրած ըլլային անոր հոգիին վրայ:
* * *
Երբ յաջողեցայ կտրուիլ անցեալի տխուր պատմութիւններէն ու կեդրոնանալ իր պատումին վրայ. ան մաղէ կ’անցընէր հայ-ռուս յարաբերութիւններու վերջին 300-ամեայ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որ կ’անգիտանայինք հասարակ մահկանացուներս:
Կը խօսէր մեղմ, հատ-հատ արտասանելով բառերը, որպէսզի անոնցմէ ոչ մէկը կորսուէր, կարծես գտնուէր լսարանի մը մէջ, ուր կը ջանար անմնացորդ հասկցուիլ իր ուսանողներէն: Նկատելի էր անոր ամուր կառչածութիւնն ու թաքուն շահագրգռութիւնը մատուցած նիւթին հանդէպ: Այդպէս ալ կը բացատրուէր մեզ տպաւորելու ու համոզելու ճիգը:
Մեր այցելութիւնը տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ:
Այս ամբողջ ժամանակին հազիւ տասը վայրկեանը բաժին ինկաւ մեզի, մնացեալը ինք խլեց ամբողջութեամբ՝ մանրամասն լուսաբանելու համար մեզ, թէ ինչպէս այդ երեք դարերու ամբողջ տեւողութեան մեր միակ թշնամին եղած են ռուսերը, որոնց վերագրեց մեր ազգային ամբողջ ողբերգութիւնը:
Այնքան համոզուած էր ըսածներուն ու վաւերականութիւն կը դնէր շեշտին մէջ, որ պապանձած էինք երկուքս ալ, եւ ոչ մէկ տեղիք ունէինք հակաճառելու:
Հրաժեշտ առնելէ ետք անդրադարձայ երկու բանի.
–Ան ոչ մէկ ատեն ժպտեցաւ:
–Եւ ոչ մէկ անգամ արտասանեց թուրքերուն անունը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles