Պոսթընի Մէջ Քայլարշաւ Եւ Հաւաք

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second


ՊՈՍԹԸՆ․- Ապրիլ 24-ին, աւելի քան երկու հարիւր հայորդիներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակը, կատարելով քայլարշաւ մը «Պոսթըն Քամըն»-էն դէպի «Ժառանգութեան Այգի», ուր տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ի յիշատակ յուշարձանը։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներն ու Հայ երիտասարդականի անդամներ առաջնորդեցին քայլարշաւի մասնակցողները։
Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը շատ աւելի եռանդ ստեղծած էր ներկաներուն մօտ, որոնք իրենց խոր շնորհակալութիւնը յայտնեցին Սպիտակ Տան։
Գրեթէ մէկ մղոն քալելէ ետք, «Ժառանգութեան Այգի»-ի մօտ գտնուող յուշարձանին շուրջ սկսաւ օրուան յայտագիրը։ Անի Զարկարեան մեներգեց երկու քայլերգներըը։ Բացման խօսքը կատարեց ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան, որ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Ճօ Պայտընին, որ յանդուգն դիրքրորոշում մը որդեգրած էր, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Խօսք առնողներուն կարգին էր, նաեւ Պոսթընի նախկին քաղաքապետ եւ Վատիկանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռէյմընտ Ֆլինն, որ զգացումով եւ յուզումով յայտնեց․- «Առիթ ունեցած եմ Հայաստան այցելելու։ Տեսած եմ, թէ որքա՜ն ցնցուած է նոր սերունդը։ Անոնք որքա՜ն կը զայրանային, երբ շատեր չէին ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այսօր, այլեւս յստակ է եւ աշխարհը քաջատեղեակ է, թէ ինչ պատահած է»։

Այս հաւաքին մասնակցողներու շարքին էր, նաեւ «Նիւ Ինկլընտ Փաթրիըց» ամերիկեան ֆութպոլի կազմի վարչական պատասխանատուներէն՝ Պերճ Նաճարեան, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատին։
Իր երկու զաւակներուն հետ մասնակցելով, Նաճարեան շեշտեց, թէ․- «Թիկունք կանգնեցանք անոնց որոնք ճակատեցան վերջին պատերազմին։ Պայքարը դեռ կը շարունակուի։ Միայն մենք հայերս չենք։ Շատ մը այլ փոքրամասնութիւններ ալ կան, որոնք տուժած են եւ դեռ ալ կը տուժեն»։
Հաւաքին նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Մհեր Մնացականեանի, Զօրի Պապրուտիի եւ Լուսիա Պապիկեանի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles