Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
20 Ապրիլ 2021
19 եւ 20 Ապրիլին, հայութեան ձայնը ուժեղ կերպով հնչեց Եւրոպական Խորհուրդի բեմէն եւ արձագանգ գտաւ խորհուրդի անդամ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու ճառերուն մէջ: Արցախի վերջին պատերազմի աւարտէն աւելի քան 5 ամիս ետք, Հայաստանի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս Եւրոպայի իրենց պաշտօնակիցներուն ներկայացուցին այն ահաւոր պատկերը, որ ստեղծուեցաւ թուրք-ազերիական յարձակումին հետեւանքով, նաեւ խարանեցին Ատրպէյճանը, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ պատերազմական գերիներու ճակատագիրին հետ խաղեր խաղալ: Ատրպէյճանի ներկայացուցիչը փորձեց թրքաբարոյ ոճով միջամտել ու խեղաթիւրել իրականութիւնը, զայն պատշաճ կերպով «տեղը նստեցուցին»: Ատրպէյճան փորձած էր խափանել այս հարցին քննարկումը՝ զայն օրակարգի նիւթ դարձնելը, սակայն հայ ներկայացուցիչները եւ իրականութիւններուն իրազեկ եւրոպացի պատգամաւորներ ձախողութեան մատնած էին այդ նախնական փորձը:
Կարելի՞ է հայութեան ի նպաստ շահ նկատել այս քննարկումը:
Այո եւ ոչ:
Այո՝ որովհետեւ տագնապը քուլիսներէ եւ կողմնակի հաղորդակցութիւններու, մամլոյ տեղեկութեանց բաւիղներէն դուրս կը բերուէր եւ Եւրոպական Խորհուրդին պէս միջազգային բեմի մը վրայ քննարկման նիւթ կը դառնար (հոգ չէ թէ գերիներու եւ բռնի տեղահանուածներու լայնածիր տագնապին լոյսին տակ): Յաջողութեան մէջ բաժին ունեցան հայկական պատուիրակութեան բոլոր անդամները, որոնք մէկդի դրած էին իշխանաւոր-ընդդիմադիր խաղը եւ միաձայնութեամբ աշխարհին ներկայացուցին, թէ թուրքն ու ազերին ինչպիսի՛ թշնամանք իր գործ դրին պատերազմի օրերուն, մինչեւ այսօր ալ, գերիներու «խաղաքարտով», պատերազմի դաշտին մէջ հայերէն գրաւուած զինական կազմածներու «բաց թանգարան»-ին ու նմանօրինակ հայատեաց քարոզչութեամբ, անփոփոխ կը պահեն նոյն թշնամանքը, «ասֆալթին փռելով» Հայաստանի վարչապետին ու ձայնակիցներու կողմէ բարձրացուող ցնորական խաղաղասիրութիւնը:
Ոչ՝ որովհետեւ քննարկումները չանցան խօսքի սահմաններէն անդին, քննադատական եւ մեղադրական արտայայտութիւնները չյանգեցան յստակ բանաձեւի մը, որ համապատասխան ըլլար Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքը հաշուետուութեան բերելու, զանոնք հատուցման պահանջին դիմաց կանգնեցնելու: Սա կը նշանակէ երկու բան. այն՝ որ քուլիսային նախապատրաստական աշխատանքները բաւարար կամ արդիւնաւոր չէին, երկրորդ՝ քաղաքական խաղերն ու մասնակի հաշիւները դարձեալ գերակշռած են: Փաստօրէն, ռուս ընդդիմադիր Նաւալնիի մը հարցը շատ աւելի «արդիւնաւոր» քննարկումներու առաջնորդած է, իսկ հարցը օրակարգի վրայ դնելու քուէարկութեան պահուն, Ռուսիոյ կեցուածքը (դէմ քուէարկած էր, յետոյ բացատրուեցաւ, որ ատիկա «թեքնիք սխալի մը հետեւանք էր») շատ «ջուր կը վերցնէ» եւ յստակացումի կը կարօտի, արդէն ստեղծած է բազմաբեւեռ մեկնաբանութիւններ:
Երկու երեսները աչքի առջեւ ունենալով, քննարկումը (կրկնենք՝ առանց շօշափելի արդիւնքի հասած ըլլալու) ինքնին դրական փոքր տեղաշարժ մըն է, պէ՛տք է դառնայ խթան՝ նոր յառաջխաղացքի, ոճրային արարքներու իրականութեան աշխարհով մէկ պաշտօնական ճանաչման եւ անշուշտ՝ առաջնորդէ արդար հատուցումի:
***
Արցախի ու Հայաստանի դէմ թուրք-ազերիական վայրագութեանց եւ ամէն տեսակի օրէնք խախտելու աղաղակող այս նոր փաստերը օրակարգի վրայ ունենալու լուրը հաղորդած էին Հայաստանի լրատու աղբիւները՝ 19 Ապրիլին: Նոյն երեկոյեան, ընկերոջ մը հետ հեռաձայնային զրոյցի մը պահուն, իրեն աւետեցի այս դրական քայլը, սակայն նաեւ արտայայտեցի մտահոգութիւն մը, որ անմիջականօրէն կապ չունէր հաւանական-անհաւանական արդիւնաւորման հետ: Ըսի, թէ մենք՝ հայութեան զանգուածներս, ի լուր այս յառաջխաղացքին, արդեօք վաղը (20 Ապրիլին) քանի՞ քաղաքի մէջ ցոյցի պիտի ընենք, եւրոպական եւ այլ խորհրդարաններու, դեսպանատուներու, հիւպատոսարաններու առջեւ պաստառներ բարձրացուցած՝ պիտի միանանք մէկ կողմէ՝ դատապարտանքի արտայայտութեանց ու միւս կողմէ՝ գոհունակութիւն պիտի յայտնենք, որ Եւրոպան ի վերջոյ ձայն պիտի բարձրացնէ ի նպաստ արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու, ընդդէմ ոճրագործ պետութիւններուն, որոնց արիւնոտ մատները շատո՜նց կը խռովեն նաեւ եւրոպական եւ այլ երկիրներու ապահովութիւնը, խաղաղութիւնն ու հասարակական կեանքի անդորրութիւնը: Խօսակիցս, դառնութիւն «բուրող» արտայայտութեամբ մը, պատասխանեց, որ ակնկալութիւնս հաւանաբար չարդարանայ, որովհետեւ «մենք հիմա, Հայաստանի մէջ թէ այլուր, զբաղած ենք տաք օրակարգերով…» (չթուեմ հոս. ընտրական եւ պառակտիչ բազմակողմանի ու բազմայարկանի բանավէճերը բաւական ուժեղ կը հնչեն ամիսներէ ի վեր):
Ընկերս ճիշդ էր: 20 Ապրիլին, Եւրոպական Խորհուրդի նիստերուն մասին բազմաթիւ աղբիւրներէ հետեւեցայ լուրերուն. յիշեալ դրական եւ գօտեպնդող տեղեկութեանց կողքին, բառ մը իսկ չլսեցի, թէ տեղ մը հայ երիտասարդներ պահանջատիրական, մեր պատգամաւորներուն զօրակցութեան եւ եւրոպացի պատգամաւորներէն արդարութեան ակնկալութիւն արտայայտող պաստառներով ցուցական քայլերու դիմած են: (Եթէ տեղ մը նման ցոյց կատարուած է, խօսքս ետ կ’առնեմ ու կը զարմանամ, թէ նման արդարատենջ արարք ինչո՞ւ աննկատ մնացած է):
Ակնկալութիւնս, խոստովանիմ, անհիմն ու ցնորածին չէր: Չէ՞ որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, բազմահազար հայորդիներ, ինքնաբուխ կամ կազմակերպուած ձեւով, հնչեղ ցոյցերու եւ ցուցական արարքներու դիմած էին: Ճամբաներ փակուած էին, պաշտօնական շէնքերու եւ լրատու ազդու աղբիւներու գրասենեակներուն առջեւ երկարատեւ համախմբումներ կատարուած էին: Նմանապէս, ամիսներէ ի վեր, գերիներու ընտանեկան պարագաները Երեւանի մէջ օտար դեսպանատուներու դուռները կը մաշեցնեն (ի տես Հայաստանի իշխանութեանց կրաւորականութեան ու անկարողութեան), պատրաստ են կռուելու պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին հետ: Որոշ տեղեր ալ (նաեւ անցեալի նմանօրինակ հանգրուաններու, օրինակ՝ Ապրիլ 24-ի առիթով ցոյցերուն կամ Թուրքիոյ նախագահին հոս-հոն այցելութեանց առիթներով) մեր կողքին ունեցած ենք նա՛եւ թուրքին ոճիրներուն եւ աշխարհակալական ծրագիրներուն զոհ գացած այլ ժողովուրդներու՝ յոյներու կիպրացիներու, քիւրտերու, ասորիներու, արաբներու ներկայացուցիչները…
Մեր պատուիրակները հայ ժողովուրդի ձայնը 19 եւ 20 Ապրիլին հնչեցուցին Եւրոպական Խորհուրդի բեմէն: Հայ ժողովուրդի ձայնը նման պահերու պէ՛տք է հնչէ նաեւ հրապարակներէ եւ ներկայացուցչական հաստատութեանց շէնքերուն առջեւէն: Ճիշդ է. վաղը Ապրիլ 24 է. մեր ժողովուրդը, յատկապէս երիտասարդները հրապարակները պիտի ողողեն՝ թուրքը դատապարտելով եւ մեր արդար պահանջները աշխարհին յիշեցնող բացագանչութիւններով: Իսկ 44-օրեայ պատերազմը Ցեղասպանութեան նորագոյն կիրարկումն է (կաթիլ մը կասկած կա՞յ որ այդպէս չէ), մաս կը կազմէ մեր համընդհանուր պայքարին: Եթէ մինչեւ իսկ Եւրոպական Խորհուրդի նիստերուն տեղի ունեցած քննարկումին պէս ԱՌԻԹներ չներկայանան, մենք՝ հայ զանգուածներս, պարտաւոր ենք մեր իւրաքանչիւր օրը նկատելու պահանջատիրութեան յիշեցման եւ հետապնդման օր: Ասոր համար, պէտք է պետական, կազմակերպական-կուսակցական եւ կարելի բոլոր «ռատարները» բաց պահել, հաղորդակցութեան միջոցները լծել համաժողովրդային կազմակերպ քայլերու, որպէսզի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԱՅՆԸ անյապաղ եւ ուժգնօրէն հնչէ ամէն տեղ, զօրակցութիւն ապահովէ պաշտօնական բեմերէ խօսող մեր ներկայացուցիչներուն:
***
…11 ամիս առաջ, Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգին մէկ անկիւնը, ոստիկան մը սպաննեց Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ մը: 20 Ապրիլին, սպաննող ոստիկանը դատապարտուեցաւ իբրեւ մարդասպան:
Ֆլոյտի սպանութիւնը ամիսներ շարունակ եռքի մէջ պահեց Միացեալ Նահանգները: Անոր եւ նմաններու սպանութիւնը դատապարտանքի եւ բողոքի ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ. մինչեւ այսօր ալ, եւրոպական երկիրներու մէջ ու այլուր, ֆութպոլի մրցումներ կը սկսին պահիկ մը ծնրադիր լռութեամբ, իբրեւ զօրակցութիւն՝ սեւամորթներուն, իբրեւ դատապարտանք՝ անոնց անտեղի սպանութեանց:
Ֆլոյտը սպաննած ոստիկանին դատավարութիւնը տեւեց շուրջ 15 օր: Անկէ առաջ, ամիսներ շարունակ, նաեւ ամբողջ դատավարութեան տեւողութեան, ցոյցերն ու բողոքի արտայայտութիւնները, արդարութեան պահանջները ամէն օր հնչեցին եւ արձագանգներ գտան քիչ մը ամէն տեղ: Ո՛չ ոք կրնայ վստահ ըլլալ, թէ այդ ցոյցերը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցան դատակազմի «յանցաւոր է» եզրայանգումին վրայ: Փաստերը այնքա՛ն աղաղակող էին ու անվիճելի, որ մարդս մինչեւ իսկ կը տարուի մտածելով, թէ նման դատավարութիւն արդեօք աւելորդ չէ՞: (Մենք ալ յաճախ կ’ըսենք, որ Ցեղասպանութեան փաստերը Թուրքիոյ պետութեան ոճիրներուն մասին կասկածի չորցած տերեւով մը իսկ չեն կրնար ծածկուիլ): Սակայն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ՝ սպիտակամորթ, կարմրամորթ, դեղին եւ այլ ցեղերու զաւակներ, իրենց ձայնը միացուցին սեւամորթներու բողոքին: Ցոյցի ալիքներն ու բողոքի աշխարհատարած արտայայտութիւնները, դատակազմի վճիռէն առաջ իսկ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՃԻՌԸ հռչակած էին ոճրագործ ոստիկանին դէմ: Այս պարագային, դատակազմին վճիռն ալ եղաւ ժողովուրդի ձայնին համահունչ (միշտ չի պատահիր. Արդարութիւնը յաճախ բառացիօրէն կոյր կամ շիլ կը ձեւանայ…):
Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է ժողովուրդին ձայնը ճի՛շդ ատենին եւ հնչեղ կերպով բարձրացնելը: