Վեհանոյշ Թեքեան
Ապրիլ 13, 2021
Չդիմացա՛ւ։ Սի՛րտը չդիմացաւ։ Հոկտեմբերէն ի վեր ամէն օր դիմատետրի էջերուն կը դնէր իր հարցերու շառաչն ու արցունքի խունկը։
Վախճանումէն հինգ օր առաջ կր գրէր ինծի. «Բան մը այն չէ։ Ես ոչնչացած կը զգամ ինքզինքս։ Անոնք որ մեզ այս ահաւոր ճգնաժամին վերածեցին, այնքան անգամ պէտք են սպաննուիլ որքան նահատակներ ունեցանք։
Ազգին ամէն ցաւի պահերուն կը մխիթարուէի ըսելով որ մենք Կոմիտաս ունինք, Սարեան ունինք, Սայաթ Նովա ունինք, Համբարձումեան ունինք – Չարենց ունինք։ Այո, այս ամէնը հոգիիս մէջ փոխարինուած են «խլէզներով», որ իրարու միս կ՚ուտեն, ծունկի կու գան մարդակերպ գազաններու առջեւ, սրբութիւնները պղծող, պապենական գիւղերը քանդող, ես չեմ ընդունիր այս անձերը – թող կորչին երթան գրողի ծոցը եւ չպղծեն հայոց սուրբ հողը»։
Եւ յաջորդ օրը՝ «Գլուխնիս ուր դարձնենք՝ փտութիւն է։ Ինչ է ասոր վերջը…»
Սեւրի «Սամուէլ Մուրատեան» ընդարձակ վարժարանին մէջ, միայնակ ու տառապագին՝ իր գրասեղանին առջեւ եռանդով ու բարձրագոյն նուիրումով աշխատող սիրտը բաբախելէ դադրի՛լն է ասոր վերջը։ Մխիթարեան երիցագոյն Վարդապետ, մինչեւ վերջին վայրկեանը հայութեան յաւերժութեան համար աշխատած սիրտը ինչպէ՛ս դիմանար ամէն օր հայրենիքէն հասնող մէկը միւսէն տագնապալի լուրերուն։
Իր վերջը հասաւ երբ գիտակցեցաւ թէ նորօրեայ յելուզակները՝ հայոց աշխարհի, հայ ժողովուրդի ինքնութեան վերջը կը բերեն։ Մեր Երկրին ցաւը գրկած Երկիր մոլորակէն դուրս ելլելը վերջ դրաւ իր երկրային կեանքին։
Յարութիւն Ծայրագոյն Վարդապետ Պզտիկեան, ութսունչորս տարի ուր որ գնաց երկնային շող ցանեց։ Մխիթարեան Միաբանութեան Ուխտի լուսածիր վարդապետներու հոյլին ամենափայլուններէն։ Հայ եկեղեցիի եւ դպրութեան երախտաւորներու յատուկ եռանդագին աշխատանք եղաւ իր կեանքը։ Խիզախ ու համեստ։ Տեղւոյն վրայ ապրելով պաշտպանեց «Սամուէլ Մուրատեան» վարժարանի կալուածը ծախուելէ, երազն էր զայն մշակութային կեդրոնի վերածել։Դադար չտուաւ իր առաքելութեան։
Ծնած էր Պէյրութ։ Ուսանած՝ Վենետիկ, Հռոմ, Փարիզ։ Տիտղոսները՝ Փիլիսոփայութեան դոկտոր, Աստուածաբան, Արուեստաբան։ Հինգ լեզուներու հմուտ։ Իր ստացած մեծաթիւ շքանշաններու անունները դրուած են իր համացանցին մէջ։ Ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսները բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Փարիզի Յառաջ օրաթերթի«Միտք եւ Արուեստ»-ի կիրակնօրեայ թիւերուն կ՚աշխատակցէր։ Իտալական թերթերու մէջ արուեստի եւ շարժանկարի յօդուածներ կը գրէր։ Մաս կը կազմէր Իտալիոյ մշակութային կեանքին։
Հայաստանէն դուրս՝ Մխիթարեան Միաբանութեան կղզիին մէջ ճոխացուց Սբ. Ղազարի թանգարանը։ Իսկ անոր աշխարհասփիւռ վարժարաններուն մէջ իբրեւ տնօրէն ու դաստիարակ՝ քանի՜ սերունդի ուսանողներու- ամէն մէկը մէկ ճրագ – անհատնում լուսաւորութեան ուղին ցոյց տուաւ – փոխանցելով մեր մշակոյթի հզօրութիւնը, եւ կեանքի նոր ոլորտներու մէջ իրենց հայութենէն չանջատուելու հրամայականը։ Բացառիկ իմացականութիւն, ձգտումնատենչ, ու հոգիին բարիքը անմնացորդ բաշխող։ Նախկին ուսանողներու փաղանգ մը շրջապատած էր զինք։
Հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր. «ամէն տարի Հայաստան կ՚երթամ որպէսզի նոր ոյժ ամբարած վերադառնամ ու բաշխեմ աշակերտներուս»։
Ա՛յս էր Հայաստանը իրեն համար. զօրութեան, ներշնչումի ակնաղբիւր։ Գնաց գտաւ բոլոր – նոյնիսկ այլեւս անծանօթ – լքուած վանքերն ու եկեղեցիները, փլատակ եկեղեցիներու քարերուն մէջ տեսաւ անոնց անցեալի փառքը, խաչքարերու անզուգական գեղեցկութիւնը, կ՚արժէ դիտել իր պատրաստած տեսերիզները հասկնալու թէ ինչպիսի մանրամասնութեամբ կուտայ անոնց պատմութիւնը, խորհուրդը՝ սրբութեամբ օծուն։ Բարձրացաւ խարխուլ աստիճաններէն, մագլցեցաւ իջաւ ելաւ հաւատալով թէ իրենց անուան պէս հաստատուն են անոնք. եւ օր մըն ալ ինկա՛ւ վանքի մը տանիքէն։ Անմիջապէս հասաւ Փարիզ, հակառակ վիրաբոյժի ճարտարութեան ողնայարի գործողութիւնը յաջող ելք չունեցաւ եւ այնուհետեւ գաւազանի օգնութեամբ միայն կրնար քալել։ Բայց կենսաձեւը չկասեցաւ։ Գնաց Հայաստան, ճամբորդեց ուրիշ երկիրներ, հրատարակեց քառասուներեք գիրք, բանասիրական, ուղեգրական, իր հմտութիւնն ու հիացումը ցոլացնող։ Իւրօրինակ եւ արգասաբեր կեանք մը, կաղապարը իր մէջ պահեց, եւ ոչ թէ ինք մտաւ կաղապարի մէջ։
Ով որ անցաւ իր կեանքէն՝ օգնեց որ ան իր կարելիութիւններու բարձրագոյնին հասնի։ Լուսաւոր էութիւն մըն էր որուն խօսքը անկարելի է ,որ հիւմըրով պարուրուած չըլլար։ Փոքրին հետ փոքր, մեծին հետ մեծ։
Վարչական կարողութիւններու կողքին՝ նաեւ արուեստագէտ էր։ Իր նկարները Փիքասոյի գնահատանքին արժանանալով՝ Փիքասոն անձամբ կատարած էր անոնց ցուցահանդէսը։ Նրբազեղ ու զօրաւոր գեղանկարներ, անդամ էր Ֆրանսայի Գեղարուեստի Ակադեմիային։
Ինչո՞ւ այսպիսի մարդ մը պիտի ըսեր «ինքզինքս ոչնչացած կը զգամ»։ Պատանութենէն իր կեանքը եկեղեցիին նուիրած հոգեւորականը Հոկտեմբերէն ի վեր ահով ու տագնապով տեսաւ թէ ինչպէս Արցախի մեր յուշակոթողները, մեր պապենական գանձերը յանձնուեցան թշնամիին։ Մեր վանքերը բուժարար ու դպրութեան հնոց։ Հիմա՝ գազանի թաթին տակ։ Մեր կենարար հողին վրայ՝ մահաբեր շունչ ու դունչ։
Ինչպէ՞ս «ոչնչացած» չզգար Վարդապետը, երբ երկար տասնամեակներ հաւատացած էր թէ հայ հոգիին հմայքով կ՚ողողէ պատանիները Սփիւռքի մէջ որպէսզի յարատեւէ հայ ազգը։ Սերունդներ դաստիարակած էր հայ լեզուի հարուստ հանքերը պեղած, ադամանդը յղկած, սրբութեան պէս բաշխելով զանոնք։ Հայ մշակոյթի բերրի անդաստանին համն ու հոտը տալով, Հայոց պատմութեան տեսիլքն ու Հայաստանի իրականութիւնը ցոլացնելով, անոր Յաւերժութեամբ հաղորդուի՛լ տալով։ Եւ ահա վեց ամիսէ կը տեսնէր որ ազգը թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի միահամուռ չէր կանգնէր ամէն բան կլանող ցունամիին դիմաց որ ներսի ափերէն ծայր առած էր։ Գլուխ կը ծռէր, կը քծնէր, առանց դիմադարձելու կ՚ընդունէր ազերիին եւ թուրքին կատարած նուաստացման բարբաջանքները։
Պիտի բնաջնջե՜նք հայերը, կը պոռար Էրտողան եւ մեր պետութեան առաջնորդները՝ թուրքին հետ պէտք է բարեկամանա՜նք , Հայաստանի դռները բանա՜նք , մեր տնտեսութիւնն ալ կը բարելաւուի կը յանկերգեն միաբերան։ Անտեսեելով այն իրողութիւնը թէ Անկախութեան առաջին օրէն եթէ պետական այրերն ու անոնց գործակիցները չլափէին ժողովուրդին բարօրութեան, նաեւ բանակին հզորութեան համար հասած օժանդակութիւնները, հիմա Հայաստանի տնտեսութիւնը պէտք չէր ունենար թուրքին ներխուժումին՝ բարելաւման դիմակին տակ։ Թուրքը պիտի ճգնի քամել ինչ որ մնացեր է իբրեւ կամք ու հոգի մեր ինքնութեան մէջ։
Պետութիւնն է որ պէտք է պաշտպանէ իր ժողովուրդը, եւ բարձր պահէ անոր արժանապատուութիւնը։ Ճիշդ հակառակը ըրաւ. թողուց որ թշնամին ամենայն դիւրութեամբ մուխը մարէ հայ ընտանիքներու, սպանելով անոնց մատղաշ որդիները, որոնք կարծեցին թէ հայրենիքի պաշտպանութեան համար կը կռուին։ Պետութեան անկարութիւնը, թերեւս նենգութիւնը, առիթ տուաւ հազարաւոր հաշմանդամներ ու որբեր ու տնազուրկեր ստեղծելու, գերեվարելու, տանջահար սպաննելու ծեր ու ռազմիկ։ Քանդելու Ստեփանակերտը, առանց դիմադրութեան յանձնելով գիւղեր ու աստղերու մէջ արեգակի պէս փայլող Շուշին։
Այս բոլորը անդադրում մղձաւանջ էին Հայր Յարութիւն Պզտիկեանին, որ ամէն օր ծագող արեւին հետ կր գրէր կը հարցնէր. կարճ բայց խոր էր հարցումը, մորմոք ու բողոք կար։ Ակնյայտ էր Հայաստանի սպառնացող վտանգը։ Զարմանալի է. միա՛կ կրօնականն էր որ երբեմն օրը քանի մը անգամ իր տագնապէն մաս մը կը դնէր դիմատետրի սեղանին, եւ հաղորդութեան պէս կու տար, հաւատալով հանդերձ որ պատասխանատուներուն փոյթը իսկ չէ։
Կը դնէր նաեւ աղօթքներն ու ողբերը մեր նախնիներուն, գրաբարէն վերածելով աշխարհաբարի։ Մշտնջենական դաստիարակը, քարոզիչը, մա՛րդը որ եկեղեցիի զանգի պէս կը հնչեցնէր գերեվարուածներու վերադարձի հարցը, կասկածը թէ ինչո՛ւ իբրեւ աճիւն կը վերադարձուին անոնք։ «Այդ գերիներուն մէջ նաեւ կիներ կան – կը մտածէ՞ք անոնց զաւակներուն մասին» Եւ լուծումներ կ՚առաջարկէր – անյապաղ համագումար աղուաններու հարցին շուրջ, միջազգային ատեաններու դիմելու անհրաժեշտութիւն։ «Ստախօսներու» խումբերէն բան չէր ակնկալէր, իսկ հայ մայրերու լուռ մղկտացող ցաւը զինք միշտ կը տանջէր։
«Շաբաթ մը մօրս այցի գացած էի ժահթաուիռ կրակի ամենատաք օրերուն, մորթիս վրայ զգացի թէ ինչ ահաւոր բան է այդ եղբայրասպան ճակատումը» գրած էր ամիս մը առաջ։ Այսինքն՝ չէր այցելած մօր շիրիմին, այցի՛ գացած էր անոր։
Եւ հիմա, Հա՛յր Սուրբ, դուն որ մինչեւ երկու օր առաջ նուիրումի կենարար կեանք մը ապրեցար, հոգեկան արիութիւն եւ եղբայրական սէր ու կարեկցանք ,զուսպ բարկութիւն ու զայրոյթ, «վերջը տեսնող» պատկերներով տուայտեցար, ո՛չ, ոչնչութիւն մը չես։
«Ոչնչութիւն մը» չես. ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ ԵՍ ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԵԱ՛Ն. փրկարար խօսքի լուսարձակ։ Դուն որ Խիղճի առաջնորդը եւ խոհեմութեան քարոզիչն էիր, ափսո՜ս, դուն ալ զոհուեցար պատմական մղձաւանջի պղտոր յորձանքին մէջ։ Կսկծաց ու կծկուեցաւ սիրտդ։ Արդէն ամիսներէ ի վեր սգաւոր հռչակեր էիր ինքզինքդ։
Հայր Սուրբ, այլեւս այցի չես երթար, արդէն մօրդ քով ես, յաւիտեան ապրելու անոր հետ որ կեանք տուաւ քեզի եւ դուն ալ իրեն հոգ ու հրճուանք։ Երկնային բարիք եղար ազգիդ, երկրային մեր դժոխալի լուրերէն ետք՝ Վարդապետ, Աստուծոյ արքայութեան մէջ ապրէ խաղաղ ։
Հոն ալ հարկաւ հայոց եկեղեցի մը գոյութիւն ունի, որ քու լուսեղէն պատարագիդ կը սպասէ։
Congratulate Vehanoush Tekian for his exceptional article about Father Haroutioun Bezdigian, with who I shared plenty of unforgettable memories in Lebanon. Those memories are partially gone to heaven with Father Bezdigian, while the other part are in all creative works left to us as Legacies of a great Vartabed Bezdigian. Rest in peace great spiritual leader next to your parents who gave an opportunity of a highly dedicated life to the Great Armenian Nation similar to Gomidas Vartabed. We will pray for your gifted soul to our Nation who was a victim of the First Genocide of the Twentieth Centure. Amen.