Կը Շարունակուին Հայ Օգնութեան Միութեան Աշխատանքները՝ Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

0 0
Read Time:2 Minute, 39 Second

 

Լիբանանի մէջ, Հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին օր ըստ օրէ վատթարացող անկայուն առողջապահական եւ ընկերային կացութեան ու լիբանանեան թղթոսկիին արձանագրած նահանջին հետեւանքով, Լիբանանցի քաղաքացին այսօր կը գտնուի մութ անորոշութեան մէջ։ Առաւելաբար, Օգոստոս 4, 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր պայթումէն ամիսներ ետք, հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին կը դիմագրաւեն կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ․Օ․Մ․), Լիբանանի տագնապին սկզբնական օրէն ի վեր, իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ ի նպաստ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան։ 2020 տարուան ընթացքին սկիզբ առած մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրները Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուին մեծ թափով՝ ի պատիւ Հ.Օ.Մ.-ի համակիրներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն եւ Հ․Օ․Մ․-ի միաւորներուն ճիգերուն։ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը (Լ․Օ․Խ․) ՀՕ․Մ․-․ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ աշխատանքները համադրելով, ճիգ չխնայեր ձեռք երկարելու տասնամեակներ շարունակ հայութեան բաբախող սիրտը եղած՝ Լիբանանահայ գաղութին։ 

Առաջին հերթին, $8,000 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ 100 կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէնի տուփեր բաժնուեցան Լ․Օ․Խ․-ին կողմԷ։ Իսկ, յաջորդող ամիսներուն, «Քորոնա» ժահրին եւ Օգոստոս 4-ի պայթումին հետեւանքով, շաբաթական 200 բաժնի փոխարէն, 1600 բաժին տաք ճաշ սկսաւ տրամադրուիլ կարիքաւոր պարագաներու։  Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, ընդհանուր 224,426 ամերիկեան տոլար յատկացուած է սոյն ծրագրին։

Սղաճի հետեւանքով, առօրեայ այլ կարիքներու պէտքը բնականաբար աւելի զգալի եղած է։ Պայթումէն ետք, երկրին մէջ ժահրին տարածումը անխուսափելի էր, իսկ մաքրութեան պիտոյքներու եւ հականեխիչ հեղուկներու կարիքը՝ մեծ։ Հետեւաբար, 3000 ընտանիքներ ստացան մաքրութեան իրեր ընդհանուր 28,522 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ։ Իսկ ձմռան ամիսներուն, 11,000 տոլարի արժողութեամբ ծածկոյթներ բաժնուեցան ընտանիքներու։

Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքով, երեք հանգրուանով, անմիջական օժանդակութեան իրեր եւ դեղորայք առաքուեցան, որոնք օգտակար եղան Լ․Օ․Խ․-ի Արաքսի Պուլղուրճեան Կեդրոնի այցելուներուն խնամելու համար։ 300 երեխաներ ստացան կաթ եւ շոր, իսկ 310 տարեցներ օգտուեցան կենցաղային իրերէ։ Մարտ 2020-Փետրուար 2021, Հ․Օ․Մ․-ի Լիբանանահայութեան Շտապ Օժանդակութեան ֆոնտէն $126,985 տրամադրուած է ընդհանուր 3151 պարագաներու դեղորայքի, շտապ օգնութեան, բժշկական, ընկերային եւ հիւանդանոցային ու տարրալուծարանի քննութեանց կարիքներուն հասնելու համար։

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթումէն վնասներ կրած հայորդիներուն աջակցելու նպատակով, Լիբանանի մէջ ստեղծուած է ԿԱՄՔ-ը (Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին), որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լ․Օ․Խ․-ը։ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս 2978 պարագաներու մատուցուած է Քորոնա ժահրի քննութիւն, որոնց ընդհանուր գումարը կը հաշուէ $27,917։ Նոր տարուան շրջանին, ԿԱՄՔ-ի ճամբով եւ Լ․Օ․Խ․-ի 90,000 տոլարի մասնակցութեամբ, 5200 ուտեստեղէնի տուփեր պատրաստուեցան եւ բաշխուեցան հայ ընտանիքներու։ Առաւելաբար, Հ․Օ․Մ․-ուհիներու մասնակցութեամբ, բնակարանային այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան Պէյրութի պայթումէն վնասներ կրած ընտանիքներուն։ Անոնց բնակարանային պէտքերը քննելէ ետք, ցարդ 33,000 տոլարով Հ․Օ․Մ․-ը իր մասնակցութիւնը բերած է 180 ընտանիքներու նիւթական յատկացումներ կատարելու եւ/կամ տնային գործիքներ գնելու համար։Նկատի առնելով Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, որուն պատճառով բազմաթիւ հայ ընտանիքներու եկամուտը նուազած կամ դժբախտաբար բոլորովին չքացած է, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի դերը հայեցի դաստիարակութեան գործունէութեան մէջ, Կեդրոնական Վարչութիւնը 25,000 տոլար տրամադրեց Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի Հ․Օ․Մ․-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզին։

Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան կարիքը, այսօր աւելի քան երբեք զգալի է Լիբանանահայ գաղութէն ներս, որը գոյատեւման խիստ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ։ Երախտապարտ ենք Հ․Օ․Մ․-ի բոլոր համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց ներդրումը այս դժուարին պայմաններուն մէջ առիթը կ՛ընծայէ գործադրելու բարեսիրական ծրագիրներ, թիկունք կանգնելով Սփիւռքի անդրանիկ եւ հայահոծ գաղութի մեր հայրենակիցներուն։

Նուիրատուութիւններու համար կարելի է այցելել՝ https://ars1910.org/4lebanon

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Կը Շարունակուին Հայ Օգնութեան Միութեան Աշխատանքները՝ Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles