Արամ Մանուկեան՝ Քաղաքական եւ Հասարակական Գործիչ (Բ․)

0 0
Read Time:4 Minute, 25 Second

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԱՅԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ

Թուրք-հայկական պատերազմի վճռական տեղամասերէն էր նաեւ Ղարաքիլիսայի ճակատը: Ալեքսանդրապոլի անկումէն յետոյ Լեղաքարայինի ուղղութեամբ շարժուող թուրք զօրամասը, մայիսի 20ին գրաւած է Աջուելը, Աղբուելը (Լուսաղբիւր), Թաղքչին (Հարթագիծ), մայիս 21ին՝ (Տաշիր)ը: Մայիս 22ին հայկական բանակի հրամանատարը ( Թովմաս Նազարբէկեանի) եւ սպայակոյտը տեղափոխուած են Դիլիջան: Ողջանալիի (Ստեփանաւան) մօտ մայիսի 21-22ի մարտերէն յետոյ Անդրանիկի ջոկատը կեդրոնացեր է Դսեղ գիւղը եւ յետագայ գործողութիւններուն չէ մասնակցած: Հրամանատար Նազարբեկեանի հրամանով, հրամանատար՝ գնդապետ Աթաբեկ Բէյ-Մամիկոնեան եւ 2 լեռնային մարտկոցներ փոխադրուած են Շահալի (Վահագնի), մնացածները կեդրոնացած են Դիլիջանի մօտ: Հայկական զօրքը ունեցած է 6 հազար զինուոր, 10 հրանօթ եւ մօտ 20 գնդացիր,  թրքական զօրքը 10հազար զինուոր, 70 հրանօթ եւ 40 գնդացիր: Ճակատամարտին մասնակցած է Գարեգին Նժդեհը՝ իր 100 հեծեալ գունդով: Հայկական ուժերը հիմնական հարուածներ հասցուցած են թրքական ուժերուն Ղշլայ (Դարպաս) գիւղին մօտ, Բզովդայի մատոյցներուն եւ Մայմեխ լերան լանջերուն: Մարտերու ընթացքին աչքի ինկած են գնդապետ Նիկոլա Ղորղանեանի զօրամասը, հերոսաբար զոհուած Գուրգէն Տէր-Մովսէսեանի հրետանիի զինուորները եւ ուրիշներ: Հայերը կրած են զգալի կորուստներ, սակայն անոնք անցած են հակայարձակման եւ մայիս 30ին խուժած են Ղարաքիլիսա:

Յետագային հայկական ուժերը հակադրուած նահանջած են Դիլիջան: Ղարաքիլիսա եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կոտորած են հայ բնակչութիւնը «շուրջ 5000 մարդ»  եւ քանդած բնակավայրեր: Ղարաքլիլիսայ ճակատամարտին մեծ կորուստներ պատճառելով հակառակորդին՝ կասեցուցած են անոր գերակշիռ զօրքի  առաջխաղացումը դէպի Դիլիջան եւ Թիֆլիս: Սարտարապատի մէջ տեսնուած են նաեւ հեծելազօրքի հրամանատար Յովհաննէս Բաղրամեանը, գնդապետ Դոլուխանեանը, գրող Ակսել Բակունցը, լեզուաբան Գրիգոր Ղաբանցեանը, բազմաթիւ հոգեւորականներ՝ Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ: Մայիսեան հերոսամարտերը ձախողած են հայերուն վերջնականապէս բնաջնջելու երիտթուրքերու ծրագիրը: Այդ մարտերու շնորհիւ արեւելեան Հայաստանի շրջանի մը մէջ վերականգնուած է հայկական պետականութիւնը. 1918 մայիսի 28ին հռչակուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, դրուած է ամբողջական հայրենիքի վերականգման ճանապարհի սկիզբը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄ

1918 Թուականի մայիս 28ին սկսաւ Հայաստանի անկախութիւնը, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, որով կը նշանաւորուի Արամ Մանուկեանի պետական գործունէութեան երրորդ փուլը: 1918 թուականի մայիս 30ին Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը իրեն հռչակած էր նորանկախ Հայաստանի գերագոյն իշխանութիւն:

Պետական իշխանութեան ու ժողովուրդի ճակատագրին տէր կանգնելով Արամ Մանուկեան անմիջապէս սկսաւ,  Հայաստանի անկախութիւնը պետականութեան հիմքերու վրայ դնելու գործը: 1918 թուականի յունիսի կէսերուն Արամը կը նախաձեռնէ Հայաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան՝ Երեւանի Ազգային խորհուրդի վարչութեան ստեղծումը:  Մինչ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ Երեւան կը ժամանեն Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութիւնը «1918 թուականի Յուլիսի 20ին»: Արամ Մանուկեանը կ՛ըլլայ վարչութեան նախագահ եւ զինուորական բաժնի վարիչը:

Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ գործող Երեւանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ կ՛ըլլայ ռազմական, վարչական, ընկերային տնտեսական ու այլ հրատապ հարցերու լուծմանը: Պետականաշինութեան գործին մէջ, լրատուութեան կարեւորութեան գիտակցելով՝ յունիս 23ին, այդ բարդ ժամանակաշրջանին մէջ, կը որոշուի հիմնել պետական թերթ «Երեւանի Ազգային խորհուրդի լրատու» անուան տակ:

Նոր կառավարութեան մէջ Մանուկեանը ներքին գործերու նախարար էր եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ իր մահը, իր աշխատանքի ու խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանի սպանութենէն յետոյ, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի  պաշտօնակատարութիւնը շարունակած է ան: Արամն էր որ փաստօրէն կը կառավարեր երկիրը: Իբրեւ լիազօր ազգային խորհուրդի՝ ան կազմակերպած էր վարչութիւններ կառավարութեան եւ նորընտիր  ազգային խորհուրդին մէջ:

Արամ Մանուկեան՝ եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ականաւոր  պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, ներքին գործերու նախարար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ: Ղեկավարած է Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, եղած է Վանի նահանգապետը:

Արամ Մանուկեանը եղած է Վասպուրականի հայութեան ամենաճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Արմենակ Երկանեանի եւ այլ գործիչներու հետ կազմակերպած ու ղեկավարած է 1915 թուականի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանութիւնը, զոր Արեւմտեան Հայաստանի առաջին եւ, աւաղ, միակ յաղթական կռիւն էր թրքական եաթաղանին դէմ:

Ըստ իր ժամանակակիցներուն՝ Արամ Մանուկեանը իր նախաձեռնութիւններուն անձնական շահախնդրութիւն երբեք չէ հետապնդած: Ան ապրած է հասարակ երեւանցիի նման: Ան ամենօրեայ անմիջական շփումներու մէջ եղած է իր ժողովուրդին հետ: Ան եղած է իրատես ու շրջահայեաց, նպատակասլաց ու հետեւողական, կազմակերպական բացառիկ ձիրք, անկոտրում կամք եւ իր ժողովուրդի ճակատագրի հանդէ՛պ մեծագոյն պատասխանատուութիւն ունեցող քաղաքական գործիչ, հայ քաղաքական գործիչներու փաղանգին առաջիններէն եղած է, որ հասկցաւ՝ հայը իր պայքարին յոյսը պէտք է դնէ բացառապէս իր ուժերուն վրայ: Ան նաեւ որպէս նախարար, եղած է իր ժողովուրդի սիրելին:

Դեռեւս Վանի մէջ, երբ անոր կայցելէ ընկերը ականաւոր գործիչ, Ռուբէն Տէր Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Յետագային Ռուբէն Տէր Մինասեան կը գրէ, «Չորս պատ, չորս աթոռ, ոչ սեղան, ոչ էլ մահճակալ»: Ժամանակակիցները կը պատմէն որ նոյնքան անշուք եղած է Երեւանի բնակարանը, երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն ըրած են, ան պատասխանած է, «Դատարկ բաներով մի մտահոգուիք:»

Հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակն ու ազգային հերոսը կը մահանայ բծաւոր տիֆէն 1919 յունուար 29ին, (1879-1919) հազիւ քառասուն գարուններ բոլորած՝ երիտասարդ տարիքին: Արամ մանուկեանի յուղարկաւորութիւնը իսկական համաժողովրդային սուգի վերածուած է: Հանրապետութեան հիմնադիրին յուղարկաւորութեան ժամանակ, Նիկոլ Աղբալեանը արցունքն աչքերուն ըսած է իր պատմական խօսքը՝ «Երբ գիշերը գայ, մտէք ձեր հոգու սենեակն ու խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք՝ արդեօք աշխատել եկ հայ ժողովրդի համար ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէս Արամը»:

ՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄԻ ՄԱՍԻՆ

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ. «Վանը բոլորի յիշողութեան մէջն է, Արամը հանդիսացաւ հայու հերոսական ոգին՝ փրկելով անոր ռազմական պատիւը: Երեւանը վկայ էր այն հզօր ուժին, որ կար ու կապրեր անոր մէջ, որ կազմակերպեց դիմադրութեան ուժը եւ այդ դիմադրութեան շնորհիւ կարողացաւ հիմք դնել Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ. «Կար ահաւոր վտանգը, որ ճակատած Վանի դէմ, գլխովին ոչնչացուած կսպառնար Վասպուրականի հայութեան: Սակայն փառք բախտին, կար ու պիտի յայտնուէր Արամը: Եւ առաջնորդի իմաստութիւնը, միացած Վասպուրականցիի հերոսականութեան՝ հրեղէն պատնէշ պիտի կանգներ Վանի շուրջ»:

ԶՕՐԱՎԱՐ Մ. ՍԻԼԻԿԵԱՆ. «Դժգոհները չէն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչէն, կը համոզուէն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին: Եւ ինչու եմ հրաժարւում, որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles