Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը ստացած է շնորհաւորագիր մը Նիւ Ճըրզիի Հատսըն շրջանի քաղաքապետ՝ Պրայըն Փ. Սթաքէն:
Սոյն գրութեան մէջ նշուած է թէ՝ Հատսըն շրջանը ուրախութեամբ կը պատուէ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ հայ գաղութը, հայկական դրօշակին բարձրացման արարողութեան առթիւ:
»Հայ գաղութը իր կարեւոր նպաստը բերած է Իւնիըն Սիթի քաղաքի բարելաւման համար, իր նպաստով արուեստի եզրէն, երաժշտութեան, առեւտուրի եւ զանազան այլ մարզերէ ներս: Միացեալ Նահանգներ գաղթող հայերու եւ հայերու շառաւիղներուն քաջութիւնն ու վճռականութիւնը բաւական նշելի յաջողութեան պատմութիւն մըն է, եւ կը բովանդակէ Ամերիկայի բնակչութեան ընդհանրական երեւոյթը:Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ճշմարիտ օրինակ մըն է հայ ժողովուրդին ոգիին եւ բնաւորութեան«, կÿեզրակացնէ գրութիւնը:
Այս առթիւ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Սիլվա Գույումճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհի Վերժին Թեկրարեանին, իր տարած աշխատանքին համար, Հ.Օ.Մ.ին նուիրուած այս շնորհաւորագրին ապահովման ծիրէն ներս:
Read Time:45 Second