Ուրբաթ Յունիս 18-ի գիշերը, ժամը 23:30-ին (Երեւանի ժամով), Արցախի Հանրապետութեան բանակի սահմանային զինուորներու եւ ազերի հետախուզական զինեալ խմբաւորումի մը միջեւ տեղի ունեցաւ բախում մը, որուն ընթացքին հայկական կողմէն չորս զինուորներ մահացան, իսկ չորս ուրիշներ ալ, վիրաւորուեցան:
Ազերի կողմը, որ եղած է նախայարձակը, նահանջելէ ետք, ձգած է մէկ դիակ եւ զինամթերք: Այս դէպքը, ցարդ կը նկատուի զինադադարի ամէնէն աւելի ծանր խախտումը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ազերի զինեալ հետախուզական խմբաւորումը սահմանային գօտիի հիւսիս-արեւելեան Մարտակերտի շրջանէն, ներթափանցած է Չայլու գիւղի մերձակայքը:
Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, այս դէպքին մասին անդրադառնալով, ըսաւ թէ յատկապէս այս տմարդի գործողութիւնները անընդունելի են, որովհետեւ անոնք տեղի ունեցան Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ կայացած եռակողմանի հանդիպումէն ժամեր անց: Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ,սադրանք» որակեց այս յարձակումը: