“Իբրեւ մօր նայել եւ իբրեւ մօր են
պահել իրենց մայրենի լեզուն
Հայ ժողովրդի մայրասէր
ու մայրախնամ զաւակները՝
սկսած Մաշտոցից ու մեր թարգմանիչներից
մինչեւ… Վարուժանն ու Չարենցը”:
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Հայաստանի մէջ ոչ-հայկական դպրոցներու բացման առաջադրանքը, որ կրնայ քանի մը օրէն օրէնքի կարգ անցնիլ Ազգային Ժողովին որոշումով, ամիսներէ ի վեր փոթորկած է հայրենի աշխարհը, իր մտաւորականներով, կրթական համակարգի պատասխանատուներով, գիտնականներու շրջանակներով, միաժամանակ արդարօրէն յուզում յառաջացուցած է քաղաքական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:
Օրէնքի նախագիծին հրապարակումէն ասդին, մտահոգութեան, դժգոհութեան ու մտավախութիւններու ալիքը արագօրէն բարձրացաւ, հարկադրեց, որ օրինագիծը վերատեսութեան “քաւարան”ը մտնէ, սակայն հիմա, երբ բացայայտ է, որ անիկա քուէարկութեան պիտի դրուի 22 Յունիսին, մտահոգութեան ու ընդվզումի կանչերը հասած են նոր գագաթնակէտի մը, որովհետեւ կասկածներ կան, թէ վնասակար օրինագիծին էութիւնը կրնայ պահուիլ անփոփոխ, բարեփոխութիւնը կրնայ ըլլալ »գեղագիտական, ու մակերեսային:
Հոս չենք ուզեր մանրամասնօրէն անդրադառնալ իշխանութիւններուն ու անոնց կամակատարներուն պատճառաբանութեանց ու պաշտպանողականին, ինչպէս նաեւ օրինագիծին մասին մտահոգութիւն արտայայտող բանիմաց շրջանակներու քննադատութիւններուն հիմքերուն: (Մանաւանդ չենք ուզեր հաւատալ այն ենթադրութեան, որ այս բանավէճը յարուցուեցաւ, լուսարձակները հեռացնելու համար Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց ոլորտէն): Կþուզենք, սակայն, պարզ ու մեկին արձանագրել, որ ստեղծուած մտահոգութիւնները ո°չ չափազանցուած են, ոչ ալ ներքին քաղաքական մրցակցութիւններէ մղում կþառնեն: Հնչող ահազանգերը, մանաւանդ զանոնք հնչեցնողներու անպարագիծ պատկերը ցուցանիշ են, որ իշխանութիւնները անգամ մը եւս նեխած բան մը կþուզեն պարտադրել երկրին ու ժողովուրդին, այնպէս՝ ինչպէս ըրին հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման նպատակով իրենց հրապարակումներու հանգրուաններուն: Այլ խօսքով, մեր հայրենիքին, ժողովուրդին ազգային շահերուն եւ արժէքներուն զոհաբերումը ահաւասիկ կը գտնէ դրսեւորման նոր ձեւ, նո°յնքան վտանգաւոր ու մերժելի, դատապարտելի°, որքան էին ծանօթ փրոթոքոլները:
…Մօտաւորապէս երկու տարուան այլանդակ “Ոդիսական”է մը ետք, փրոթոքոլները անցեալ Ապրիլին իրողապէս դագաղուեցան: Յայտարարուած (ճիշդ) պատճառը այն էր, որ թրքական կողմը ետդարձ կատարած էր իր սկզբնական դիրքորոշումէն ու յարաբերութիւններու զարգացման համար դրած էր անընդունելի նախապայմաններ:
Չյայտարարուած պատճառ էր այն, որ իշխանութիւնը ի վերջոյ հարկադրուեցաւ նահանջ արձանագրել հայութեան մեծամասնութեան, հայրենի ու արտերկրի հայութեան մեծամասնութեան բողոքի ալիքին առջեւ, գործնապէս ետդարձ կատարեց իր այն հաւաստիքներէն, էթ փրոթոքոլները կը վայելեն հայութեան մեծամասնութեան հաւանութիւնը: Այլ խօսքով, մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ յստակ պատգամ մը տալ Երեւանի իշխանաւորներուն, թէ՝ ազգային հիմնական հարցեր ու քաղաքական եւ այլ արժէնքեր չեն կրնար անընդունելի սակարկութիւններու առարկայ դառնալ: Վստահաբար չեն մոռցուած բողոքի այն ցոյցերը, բանաւոր ու գործնական այն բոլոր արտայայտութիւնները, որոնք հայութեան քաղաքական տարբեր հոսանքները համախմբեցին մէկ յայտարարի վրայ. տարբեր չէր կրնար ըլլալ ու չեղաւ, որովհետեւ մեր Դատը, պատմական իրաւունքներն ու արդար պահանջները հատուածականութենէ վեր են, միջ-կուսակցական տարակարծութիւններէ անդին են, չեն բաժանուած հայութեան հայրենի ու արտերկրի մասնիկներուն միջեւ ա°յլապէս անգոյ պատուարով, այլ »մէկ Դատ-մէկ հայրենիք-մէկ ազգութիւն, հասկացութիւնը եղաւ ու պիտի մնայ հայութեան ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը մարմնաւորող սկզբունք:
Հիմա՞…
Հիմա դարձեալ կը գտնուինք նոյն տարողութեամբ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման: Մարտահրաւէրը ուղղուած չէ միայն հայրենի հատուածին, մտաւորականութեան, հայրենի կրթական համակարգի վարիչներուն ու հաւատարիմներուն, այլ անիկա կը յուզէ ու կը ներգրաւէ ողջ հայութիւնը, մեր լեզուի, սեփական մշակոյթի ու ազգային գերագոյն արժէքի պաշտպանութեան նախանձախնդիր ու հաւատարիմ ամբո°ղջ հայութիւնը:
Ճիշդ է, որ Երեւանի մէջ թէ հայրենի այլ աւաններու՝ բողոքի ցոյցեր ու բանաւոր թէ գրաւոր արտայայտութիւններով ընդվզումի դրսեւորումներ իրարու կը յաջորդեն, արձագանգ կþըլլան իրարու, սակայն նաեւ բացայայտ է, որ ալիքը չէ հասած այն ուժգնութեան, որ անգամ մը եւս խելքի բերէ իշխանաւորները, այնպիսի մարդիկ՝ որոնք յայտնապէս տգէտ են նա°եւ մշակութային անսակարկելի արժէքներ, ազգի լինելութիւնը հիմնաւորող արժէքներ ըմբռնելու, պահպանելու առումով:
Անհրաժեշտ է ու անյետաձգելի, որ դժգոհութեան ու բողոքի արտայայտութիւնները անգամ մը եւս ձեւաւորուին այն տարողութեամբ ու ծաւալով, որուն ականատես եղանք, նաեւ մասնակից՝ փրոթոքոլներուն կասեցման պայքարին մէջ:
Հայկական միութիւններ, կազմակերպութիւններ, ազգային-եկեղեցական-յարանուանական հաստատութիւններ, մշակութային միաւորներ, կրթական համակարգը ամբողջ, Հայաստանի մէջ եւ Արտերկրի տարածքին, այսօ°ր եւս իրենք զիրենք պէտք է դնեն ամբողջական շարժումի մէջ, համալրեն բոլոր ուժերը, որպէսզի կասեցուի աւերիչ ու կործանարար ա°յս ընթացքը եւս:
Երեւանի հրապարակները, Ազգային Ժողովի շէնքն ու Մատենադարանի շրջափակը պէտք է անգամ մը եւս վերածել ծովածաւալ ցոյցերու եւ բողոքի քաղաքակիրթ արտայայտութիւններու ժամադրավայրի, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ 1988էն սկսեալ, երբ հնչեց Արցախի պահանջատիրութեան զօրակոչը:
Արտերկրի գաղութները, իրենց կարգին, պէտք է անյապաղ արձագանգեն հայրենի ժողովուրդի գործնական կոչերուն: Համացանցի թէ այլ միջոցներով, պէտք է անյապաղ շղթայազերծել յուշագիրներու արշաւներ, ինչպէս կþընենք մեր Դատի պաշտպանութեան միւս կալուածներուն մէջ: Պէտք չէ մտահան ընել, որ լեզուի եւ օտար դպրոցներու խորագիրին տակ ներկայացող այս վտանգը մէկ այլ երեսն է մեր Դատին: Մինչեւ իսկ եթէ իշխանութիւնները վաղը յամառին վնասաբեր որոշում որդեգրել, պէտք է յարաճուն ճնշումի տակ պահել զանոնք, որպէսզի այս ուղին մնայ անվաղորդայն, ինքնալքումի եւ օտարացումի ճամբան պահուի փակ. ուսումնական ոլորտին մէջ, բնական զարգացումի նպաստող քայլերէ ու դասաւորումներէ անդին, գործնական արտայայտութիւն պէտք չէ գտնեն »Հայաստանը առանց հայու, հինաւուրց ծրագիրները, որոնք փորձուած են գլխաւորաբար ցարական Ռուսիոյ, Օսմանեան, Իթթիհատական ու հանրապետական Թուրքիոյ կողմէ:
Իշխանութեան վրայ կանգնողները՝ առաջադրուած օրինագիծին կառչողները եւ զանոնք թութակողները, ո°ւր ալ որ կանգնին անոնք, պէտք է գործնապէս ապացուցեն, թէ վարձկաններ չեն, այլ ունակութիւնը ունին ի վերջոյ անդրադառնալու, թէ պէտք է ետ կանգնիլ որեւէ ուղիէ, »ճամբու քարտէս,է, եթէ անիկա չի համապատասխաներ մեր ժողովուրդին ազգային գերագոյն շահերուն, գոյատեւման նախադրեալներուն:
Սայթաքողներուն դատը պէտք չէ ձգել պատմութեան, այլ զայն պէտք է տեսնել ա°յսօր, անյապաղ: Թող պատմութիւնը արձանագրէ, թէ Հայ ժողովուրդը ճիշդ ատենի°ն ունեցած է իր ազգային դիմագիծն ու երթը անեղծ պահելու կամքն ու ներուժը:
Եւ ոչ մէկ կասկած, որ սայթաքումի ա°յս փորձութիւնն ալ պիտի ունենայ անփառունակ այն վախճանը, որուն մատնուեցան ցարին կամակատարները՝ աւելի քան դար մը առաջ, կամ օտար ուժերը՝ Աւարայրի մէջ ու յաջորդող դարերուն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յունիս 16, 2010