Լոյս Տեսաւ «Բագին»-ի 2020-ի Երկրորդ  Թիւը

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

 

Լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան «Բագին» գրական պարբերաթերթի 2020-ի երկրորդ թիւը (ԾԹ․ տարի, Յունիս 2020)։ Անոր մէջ գրութիւններ ունին Վահէ Պէրպէրեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Մարուշ Երամեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Վեհանուշ Թեքեան, Կարօ Արմենեան, Աւետիս Հաճեան, Արծուի Բախչինեան, Ռուբէն Խաժակ, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վիոլէթ Գրիգորեան։

Ստորեւ խմբագրականը.-

Այսօր ստեղծուող գրականութիւնը որքանո՞վ կը ցոլացնէ Սփիւռքի իսկական ու հարազատ դէմքը։ Արդեօք լեզուն, այս պարագային արեւմտահայերէնը, օրէ օր Սփիւռքի ընդլայնուող սահմաններուն հետ, ճկուն ու հարազատ մշակումով կը ստեղծէ՞ իր ժամանակն ու յիշողութիւնը, կը մտածէ՞ ինքզինք, իր շրջապատը, առօրեան եւ վերջապէս կեանքը, կամ պինդ պրկումով մը տակաւին կը փորձէ վերապրիլ երէկուան իր կախարդանքը։

Հարցումներ, որոնք յաճախ մեր մտքերը կ՛ալեկոծեն, որովհետեւ երբ մամուլին մէջ, գրական թէ այլ, կը կարդաս հայերէն, կեանքդ շարժումի մէջ դնող արեւմտահայերէնը, յանկարծ կ՛անդրադառնաս, որ թուղթին վրայ ժամանակը կանգ առած է լեզուին մէջ, լեզուն բրածոյացած է ու յանկարծ օտարումի եւ մինակութեան վախը կը պրկէ ինքնութեանդ թելերը խաղցնող ու բերնիդ մէջ դարձող լեզուին շարժիչները։ Այս բոլորէն անկախ, ամէնէն ահաւորը, սակայն, անդրադարձումն է, երբ կը զգաս թէ ինչպէս լեզուին մէջ/հետ «ստեղծագործող» միտքն ալ սառած է, ու լեզու/միտք տափակ, խայծէ ու թրթռացումէ զուրկ կմախքի պէս ամուր փակած են քարին, որ յանկարծ չկորսուին, չաղաւաղուին, չգայթակղին կամ չգայթակղեցնեն։

Ճորճ Օրուէլ, որ իր գրականութեամբ պայքարած է ֆաշականութեան եւ մենատիրութեան դէմ, «1984» գիրքին մէջ կ՛անդրադառնայ, թէ ինչպէս լեզուն հիմնարար միջոց կը հանդիսանայ կառուցելու մարդկային միտքը, կամ՝ սահմանափակելու անոր թռիչքը։ Անշուշտ, Օրուէլ կը խօսի քաղաքականացուած լեզուին մասին, նշելով որ քաղաքական գաղափարախօսութեամբ ստրկացած միտքը չի կրնար յեղափոխութեան մասին խօսիլ, քանի որ չունի յեղափոխութիւնը ջատագովող բառամթերք։ Անգլիացի հեղինակին յիշատակումը այստեղ պատահական չէ։ Եթէ Օրուէլէն ուռկան մը նետենք դէպի այսօրուան մեր իրականութիւնը, զանց առնելով բացառութիւնները, կ՛անդրադառնանք, որ սփիւռքեան մեր մամուլին մէջ (գրական, բայց մանաւանդ այլ) օգտագործուող հայերէնը եթէ ոչ ֆաշական, բայց այլ գաղափարախօսութիւններու բառամթերքով կը մտածէ, կամ չի մտածեր, իսկ գրական մամուլն ալ անցեալի լեզուն իբրեւ գաղափարախօսութիւն ընդունելով, բառերը կը վերարտադրէ, սակայն չի ստեղծագործեր։

Եթէ կարենանք քիչ մը աւելի հանգիստ ըլլալ այսօրուան Սփիւռքի պայմաններէն ծնած մեր ինքնութեան հետ ու իբրեւ գրող կամ մտածող պահենք մեր անկեղծութիւնն ու հարազատութիւնը, ու բաց աչքերով նայինք մեր ներկային ու անոր միջավայրէն բխող հարցերուն եւ տագնապներուն, գուցէ ուշ չէ սփիւռքեան գրականութեան մէջ նոր էջ մը բանալու, ժամանակակից մտածողութեամբ, լեզուամտածութեամբ, կարենալ բան մը ըսելու նախ մենք մեզի ու ապա (գուցէ) մեզմէ ետք եկողներուն, ժամանակի մը մասին, որ կորստեան եզրին է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles