ՑԵՂԱՊԱՇՏԱԿԱՆ, ԿՐՕՆԱ-ԱԶԳԱՅՆԱՄՈԼԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆԸ ՍԿՍԱ՞Ծ Է

0 0
Read Time:5 Minute, 39 Second

Մարք Յարութիւնեան

31 հոկտեմբեր 2020, Փարիզ

Արեւմտեան ենթադրութիւնը, ըստ որուն ժողովրդավարական ձեւով ընտրուած կառավարութիւնները պիտի ըլլան համագործակցող եւ արեւմտամէտ, կրնայ սխալ դուրս գալ ոչ արեւմտամէտ ընկերութիւններու մէջ, ուր ընտրական մրցակցութիւնը կրնայ իշխանութեան գլուխ բերել ազգայնականներ եւ եւ հակա-արեւմտեան արմատականներ*:

** Սամուէլ Հանթինկթըն, Քաղաքակրթութիւններու Բախումը

 

            Ինչ որ տեղի կ’ունենայ Արեւելեան Միջերկրականի եւ Կովկասի մէջ, քաղաքական մանրուք չէ:

            Ի՞նչ կ’ըսէ Սամուէլ Հանթինկթըն. …ազգայնականներ եւ հակա-արեւմտեան արմատականներ հրապարակ եկած են եւ ասպարէզ կը կարդան քաղաքակիրթ աշխարհին, կրօնա-քաղաքական կայսերական ենթահողի վրայ, ցարդ ընդունուած միջազգային օրէնքներ եւ բարոյականի հիմնաւորումներ անտեսելով:

            Թուղթի վրայ գրուած օրէնքները, ուսուցուած բարոյական սկզբունքները եւ բարձրաթռիչ յայտարարութիւններով հնչող մեծ ժողովները, մինչեւ ե՞րբ կրնան կամաւոր կոյր ըլլալ եւ չտեսնել, որ Երրորդ Համաշխարհայինը սկսած է:

            28 յունիս 1914-ին, արհիդուքս Ֆրանսուա Ֆերտինանտի սպանութիւնը առաջին համաշխարհայինի պատճառը չէր, այլ՝ բռնկման կայծը: Պատերազմի պատրաստութիւնը եղած էր:

            Սեպտեմբեր 1939-ին, Հիթլէրի բանակի Լեհաստան ներխուժումը սպասուած երկրորդ համաշխարհայինի բռնկման կայծն էր, որ Եւրոպայէն դուրս եկաւ, երբ Ճաբոն յարձակեցաւ Փըրլ Հարպըրի վրայ, եւ Ամերիկան մտաւ պատերազմի մէջ:

            Հակասութիւններ, ազգայնամոլութիւն, ծաւալապաշտութիւն, կրօնական եւ քաղաքակրթական անհամատեղելիութիւններ, երկրի ընդերքի շահագործման պայքար, պատերազմի ուժանակը լարած են: Ո՞վ եւ ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի սեղմէ կոճակը, որ բռնկի երրորդը: Երրորդի բնորոշման համար համաշխարհային եզրը անբաւարար պիտի ըլլայ: Եթէ պատմաբան մնայ, ան պէտք է գտնէ նոր եզր:

            Միամիտ եւ երկչոտ պէտք է ըլլալ, ապիկար քաղաքագէտ եւ ղեկավար, չտեսնելու համար վերահաս աղէտը: Բայց քաղաքակիրթ աշխարհը կը շարունակէ թաքնուիլ երկչոտութեան վահանի ետին, որ զինք պիտի չպաշտպանէ, խորքային պառակտումը կարելի  պիտի չըլլայ թուքով կպցնել:

            Ճամբորդութիւնները եւ դիւանագիտական կոչուած ճապկումները տիկնիկային թատրոն են: Այլեւս որոշ է, թէ ո՞վ ի՞նչ կ’ուզէ եւ ինչո՞ւ:

            Ժոովրդավարական աշխարհի պաշտպանոպւթեան համար վերլուծումներ եւ տեսութիւններ զէնք չեն: Իմաստուն եւ քաջ պէտք է ըլլալ վտանգին դէմ, փոխանակ խորհելու, որ ճերմակ ձեռնոցներով եւ մէկ քայլ առաջ եւ մէկ քայլ ետով աղէտը կը հեռացուի: Վաղը աշխարհ ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի սուղ վճարելու:

            Էրտողան նպատակադրած է վերականգնել օսմանի կայսրութիւնը: Իր միտումը չի թաքցներ: Անոր տարածքները կը համարէ թրքութեան իրաւունք, եւ կ’օգտագործէ իսլամութիւնը, ինքզինք կը համարէ անոր տէրը եւ առաջնորդը, տիրելու համար ծագումով, պատմութեամբ եւ մշակոյթով տարբեր ժողովուրդներու, անոնք գտնուին Միջերկրականի աւազանին շուրջ, թէ Ափրիկէ, օգտագործելու համար անոնց հարստութիւնները, իր հզօրութիւնը կերտելու եւ համաթրքական իշխանութիւն  հաստատելու համար:

            Ամերիկան դեռ չէ՞ հասկցած իր պաշտպանեալի կայսերական նկրտումը, վտանգ չի՞ տեսներ, ովկիանոսով բաժնուած ըլլալ բաւարա՞ր սպանալիքին դէմ: Ռուսիան կը տեսնէ, բայց իր նկատմամբ Եւրամերիկեան վերապահութիւնները պատճառ են, որ ան իր շահերը պաշտպանէ, առանց ընդհանուրի մտահոգութիւնը ունենալու:

            Ուրուագծուող վտանգին դիմաց, պաղ պատերազմէն ժառանգուած տեսութիւնները ժամանակավրէպ են:

            Միջազգային հանրութիւնը, բարի կամեցողութեան տէր ժողովուրդները, հարց պէտք է տան մեծ համարուող պետութիւններուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ անոր Ապահովութեան Խորհուրդին, որ երբ դիւանագիտական ճապկումներով հրապարակ կու գան, ի՞նչ ձեւով կը նպաստեն խաղաղութեան, արդարութեան եւ իրաւունքներու հաստատման:

            Դիւանագիտական դատարկաբան ճառի նմուշ մը. Մենք խորապէս մտահոգուած ենք շարունակուող մարտական գործողութիւններով եւ Մերձաւոր Արեւելքէն եկած վարձկաններու թիւի աճով եւ անոնց կռիւներու մասնակցութեամբ… Խօսքեր, որոնք ոչ ոքի անքնութիւն կը պատճառեն:

            Մտահոգուելէ ետք՝ ի՞նչ…

            Պէտք է յիշել, թէ ինչ կը յայտարարէր Էրտողան. «Դրացիներու հետ զէրօ խնդիր»: Եւ ի՞նչ կ’ընէ հիմա: Եւրոպան, Ամերիկան, արաբական աշխարհը, Ռուսիան, եւ ուրիշներ, կոյր չեն, կը տեսնեն, որ շրջանային բոլոր հակամարտութիւններու մէջ կայ Թուրքիան, տարուած սուլթանական հզօրութեան եւ սահմաններու երազով, կ’ուզէ ետ բերել ժամանակը, եւ չի վարանիր, հարկ եղած պարագային, ուժի դիմելու, ինչպէս Սուրիա, Լիպիա, Ադրեւելեան Միջերկրական եւ Կովկաս:

            Իրադարձութիւնները բազմաթիւ են եւ շարժանկարի տեսարաններու պէս այնքան արագ իրարու կը յաջորդեն, որ մեծեր եւ պզտիկներ, ժամանակ չեն ունենար անոնց ետին գտնուող միտումներով զբաղելու: Թուրքիա Լիպիա կը գտնուի, հոն ունի բանակ եւ նաւատորմ, քանի որ Միջերկրականը անցեալի եւ երազուած կայսրութեան պատուհանն է: Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Եէմէն, Կովկաս… իր ազդեցութեան դաշտն են:

            Էրտողան իւրացուցած է Իսլամ եղբայրներու համիսլամականութեան գաղափարախօսութիւնը եւ տիրակալական միտումը, համաթրքական քաղաքականութեան ծառայացնելու համար զանոնք, եւ կը ձգտի Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժերու յարաբերութիւնը խախտել, հակառակ անոր, որ շրջանի հաւասարակշռութեան պահպանման երաշխաւոր Ատլանտեան Ուխտին անդամ է 1952էն ի վեր: Հիմա իր մէկ ոտքը այդ Ուխտին մէջ է, մէկ ոտքը դուրս, եւ դարձած է սպառնալիք շրջանի երկիրներուն եւ Ուխտի իր դաշնակիցներուն (՞) համար:

            Էրտողան կ’ուզէ վերագտնել ԺԶ. դարու օսմանի կայսրութիւնը, որ գրաւած էր Սուրիան, Ալճերիան, Եգիպտոսը, Կիպրոսը, Արեւելեան Միջերկրականը դարձնելով օսմանեան ծով, որ տեւեց մինչեւ առաջին աշխարհամարտի աւարտը: Պատմութեան այդ ամբողջ ժամանակաշրջանին, օսմանեան կայսրութիւնը միշտ է հակադրուած է Ռուսիոյ, միշտ հետապնդելով իր տարածումը դէպի Միջին Ասիա, ստեղծելու համար համաթրքական կայսրութիւնը, թուրքերու եւ թրքախօսներու միացումով, Եգէականէն մինչեւ Չինաստան: Ռուսիան այս գիտէ: Բայց Եւրոպայի եւ Ամերիկայի քննադատական եւ վերապահ կեցուածքը իրեն նկատմամբ, կը ստիպէ մարտավարական գործակցութիւն ունենալ Թուրքիոյ հետ, որուն չափերը եւ սահմանները կը ճշդէ, օրինակ, Թուրքիոյ պաշտպանութիւնը վայելող սուրիական ընդդիմադիր ուժերբւ եւ վարձկաններու դիրքերը ռմբակոծելով:

            Ատրպէյճանաթրքական յարձակապաշտութիւնը Կովկասէն դուրս եկած է արդէն: Ֆրանսայի մէջ ան ունի կրօնական ահաբեկչութեան դէմք, որուն վրայ կը գումարուին թուրք ծայրայեղականներու, մոլեռանդներու եւ ցեղապաշտներու հայերու դէմ ոճրային նախայարձակումները երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ. Վիէն, Լիոն, Տէսին, Տիժոն: Ֆրանսայի մէջ թրքական զինեալ արշաւանքներ կը կազմակերպուին, երկրի օրէնքները անտեսելով, եւ Թուրքիան դեռ թեկնածու կը մնայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան եւ անոր պատրաստուելու համար նիւթական լայն յատկացումներ կը ստանայ: Այսինքն, Եւրոմիութեան նպաստով, Թուրքիան կ’ապակայունացնէ Եւրոպան:

            Դիւանագիտական ճապկումներով, Եւրոմիութեան անդամները չեն ուղղեր հետեւեալ պարզ հարցումը. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ ո՞ւր կանգնած է Թուրքիան. Եւրոմիութեան երկիրներու կողքի՞ն, թէ՝ անոնց դէմ»: Կը վախնա՞ն միթէ պատասխանի յառաջացնելիք հետեւանքներէն:

            Ֆրանսայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր եւ այժմ Ծերակոյտի անդամ, Վալէրի Պուայէ, Ֆրանսական քաղաքներու մէջ թուրքերու կողմէ հայերու դէմ սանձազերծուած յարձակումներուն անդրադառնալով կ’ըսէ, որ «պէտք է շահիլ քաղաքակրթական պատերազմը, ընդդէմ իսլամական ծայրայեղականութեան»:

            Ստեղծուած քաղաքական թնճուկի եւ իր անունը չըսող պատերազմի ետին կը գտնուի Էրտողանի ծաւալապաշտական առաջադրանքը, եւ կրկին յիշեցնելով պէտք է ըսել, Պատմութիւնը վերադարձնելու համար օսմանեան կայսրութեան հունը, Միջին Արեւելք եւ ընդհանրապէս ամբողջ Միջերկրականի աւազանին շուրջ: Ինչո՞ւ ոչ, նաեւ աւելի հեռուներ, հասնելու համար տիեզերական կրօնա-քաղաքական միապաղաղ կայսրութեան մը ստեղծման, սոսկ չարաշահուող կրօնական ենթահողի վրայ: Իր առջեւ մայրուղի բացուած է, արեւմտեաններու եւ Ռուսիոյ տարակարծութիւններուն եւ անհանդուրժողութեան պատճառով, որուն համար օր մը երկու կողմերն ալ սուղ պիտի վճարեն: Շահող կրնա՞յ ըլլալ երրորդ կողմը, որ հրապարակ եկած է անզսպելի դարձած փառասիրութիւններով:

            Մինչ այդ, հայ ժողովուրդը եւ իր երկիրը կը գտնուին ընթացքի մէջ եղող բայց դեռ դեռ չյայտարարուած Երրորդ Համաշխարհայինի առաջին գիծին վրայ, առաջինին մէկուկէս միլիոն զոհ տալէ եւ իր պատմական հայրենիքը կորսցնելէ ետք:

            Եթէ ամպագոռգոռ հարցում մը ուղղելու իրաւունք տայի ես ինծի, պիտի ըսէի. Ոչ թէ այս կամ այն երկիրը կանգնած է վտանգի առջեւ, այլ աշխարհ կանգնած է վտանգի առջեւ: Ո՞վ եւ որոնք պիտի ստանձնեն վտանգին դէմ կանգնելու եւ զայն չեզոքացնելու պատասխանատուութիւնը:

Քայլ մը առաջ երթալով, պէտք է խօսիլ ոչ միայն վտանգի մասին, այլ պարզապէս՝ բազմաճակատ պատերազմի, զոր այդպէս ալ չեն ուզեր որակել, թաքնուելով ճկոյթի ետին եւ վախնալով հետեւանքներէն:

 

* Le présupposé occidental selon lequel des gouvernements élus démocratiquement seront coopératifs et pro-occidentaux pourrait bien se révéler faux dans les sociétés non occidentales où la compétition électorale peut porter au pouvoir des nationalistes et des fondamentalistes anti-occidentaux. (Samuel P. Huntington, Le Choc des Civilisations)

** Սամուէլ Ֆիլիփս Հանթինկթըն (1927-2008) քաղաքական գիտութիւններու դասախօս, որ հռչակաւոր դարձաւ 1996-ին լոյս ընծայած «Քաղաքակրթութիւններու բախումը» գիրքով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles