Թիւ Չորսը Եւ Երակներս…

1 0
Read Time:4 Minute, 32 Second

Գէորգ Պետիկեան

bedig43@aol.com

Թիւերու աշխարհի մէջ կ’ապրինք, ուզենք կամ՝ ոչ: Շատ խօսուած կամ այս մասին գրուած է: Առաւօտ կանուխէն, մինչեւ ուշ գիշեր բոլորս ալ թիւերով կը զբաղուինք, կամայ թէ ակամայ եւ ամէն օր, ուր որ ալ գտնուինք: Ամէն վայրկեան թիւ կը գրենք, թիւ կ’ըսենք կամ կը կրկնենք: Այս է ներկայ մեր կեանքի անբաժան «զբաղումը» կամ մեզ «ընկերացողը»: Բժիշկի մօտ կամ հիւանդանոց… շուկայ կամ՝ վաճառատուն եւ կամ խանութ… դպրոց … դրատուն … կամ դիմումնագիր լեցուցած պահուդ եւ կամ ալ չէք գրած միջոցիդ…թիւ եւ միայն թիւեր կը տեսնես, կը գրես, կը համրես: Անոնց անմիջական կարիքը ունիս: Թիւերու կը հանդիպիս: Կը կարդաս: Անոնցմով կը զբաղուիս: Կը խաղաս: Կը կրկնես: Կը սորվիս: Կը հաշուես: Կարծես թիւերով կը սնանիս: Ու այս բոլորը նորութիւններ չեն, բայց մեր կեանքի անբաժան մէկ մասնիկը ըլլալէ չեն դադրիր:

Մէկ խօսքով, թիւ կը խաղցնենք, կամ ալ՝ թիւը մեզ կը խաղցնէ:

Անկասկած ու շատ հաւանաբար, մեզմէ շատ-շատեր, չես գիտեր ինչո՞ւ իրենց կեանքը թիւի մը կապած են: Նախընտրած են թիւ մը ու անոր համակրած: Նոյնիսկ իրենց բախտը անոր սանձած: Կը սիրեն: Կը պաշտեն: Անով կ’ապրին: Ամէն բանի մէջ, այդ թիւը կը փնտռեն: Անոր վրայ կը գուրգուրան: Կը կարծեն, որ այդ թիւը զիրենք դէպի երջանկութիւն կրնայ տանիլ կամ պիտի տանի անպայման: Նախապաշարում:

Իմ կարգիս, կարծես ես ալ վարակուած ըլլալով համաճարակ դարձած այս «ժահրէն», թիւ չորսը զատած էի, նախընտրած ու այսպէս ձեւով «զինք» տարիներէ ի վեր հետս պտտցուցած: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղած է, որ այս թիւը «սիրած եմ» եւ ոչ ուրիշ մը, կամ ինչպէ՞ս եղած է, որ այս թիւը մտքիս մէջ ամուր պահած եմ, կը խնդրեմ մի՛ հարցնէք, որովհետեւ անկեղծօրէն ձեր հետաքրքրութիւնը մարող պատասխան մը չունիմ: Ո՛չ մէկ բացատրութիւն: Պարզապէս, թիւ չորսը ընտրած եւ սիրած եմ:

Եւ ահա, իմ բարի բախտէս, կամ ալ ճակատագրիս հին ու նոր էջերուն վրայ արձանագրուած տողերէն մեկնած, երբ օրեր առաջ սրտի լուրջ եւ վտանգաւոր «հարց» ունեցայ եւ ստիպուեցայ անմիջապէս հիւանդանոցի վիրահատութեան այդ պաղ սեղանին վրայ երկար պառկիլ, վերջին ի յայտ եկաւ, որ սրտիս չորս «խցուած» կամ գոցուած երակները «բացած» էին եւ զանոնք վերակենդանացնելով, արեանս հոսքը եւ փառք Աստուծոյ՝ կանոնաւորած:

Ինչո՞ւ չորս եւ ոչ …: Աստուած գիտէ՛: Թերեւս այս թիւը շատ սիրելուս էր…: Հապա՞ եթէ թիւ տասը եւ կամ աւելին մեծ թիւ մը սիրած ըլլայի՞…: Ա՛յս մէկն ալ ուրիշ հարց էր: Հիմա էականը այս «չորսն» էր եւ վերջ…:  Այսպէ՛ս կը տրամաբանէր գրեթէ ուժասպառ մարմինս, իրեն նման յոգնած եւ հեւացող միտքս ալ: Ու իբրեւ մեծ գաղտնիք նաեւ խոստովանիմ, որ ապաքինմանս այս շրջանին, սենեակիս մէջ, առանձնութեանս պահուն, համակարգիչիս ճերմակ եւ լուսաւոր պաստառին դիմաց, օրը քանի մը անգամ, անզգալաբար ես ինծի, թիւ չորսը կապող բոլոր զգացումներս արտակարգ «ժողովի» փորձեցի հրաւիրել: Այլ խօսքով, սկսած էի միտքս չարչարելով յիշել եւ մանաւանդ վերատեսութեան ենթարկել թիւ չորսիս նախընտրութիւնս, միաժամանակ համեմատելով անոր՝ նոր «բացուած» երակներուս թիւին հետ: Ձեւով մը քակել՝ այս թիւը ընտրելուս գաղտնիքը: Մտովի եւ երկարօրէն սկսած էի պատճառաբանել եւ զայն կապելով երակներուս թիւին, նաեւ արդարացումներ կատարելով՝ ես զիս համոզել: Զուգադիպութի՞ւն, թէ ո՛չ դիպուած, թէ ո՛չ նախախնամութիւն, կամ իրապէս՝ նախապաշա-րում: Զարմանալի: Չեմ գիտեր: Բայց որո՞ւ հոգը: Ինչո՞ւ այսքան պարզ կամ անիմաստ «բանի» մը համար մեծ հարց ստեղծել: Դարձեալ չեմ գիտեր:

Ու ծիծաղելի չդառնալու համար, այս մտածումս պահեցի ինծի: Ո՛չ ոքի դիմեցի եւ ոչ ոքի պատմեցի եւ կամ բացատրութիւն պահանջեցի: Միտքս չբացայայտեցի: Ամչցայ: Այս տարիքիս եւ այս վիճակիս մէջ, արդեօ՞ք ինծի կը վայելէր նման մտածումներով զբաղուիլ: Ուրիշ մտածում կամ զբաղում արդեօ՞ք իրապէս չունէի: Կարծես սկսած էի ես զիս այպանել: Անոր համար այս մէկը միայն ինծի պահեցի: Նոյնիսկ, տնեցիներէն ոչ մէկուն դիմեցի:

Կը խնդրեմ, դո՛ւք ալ ձեր կարգին, ձեզի պահեցէ՛ք այս գաղտնիքս:

Արդ, կարգ մը «տափակ» կարծուած, սակայն սոսկ ճշմարտութիւն եղող իրականութիւններու դիմաց, ինքզինքս անզգալաբար գտած էի: Ճշմարտութիւններ, որոնք չեմ յիշեր նոյնիսկ միտքիս մէջ ինչպէ՞ս ամփոփուած էին իրենց պարզութեամբ եւ յստակութեամբ:

Այսպէս կարգով յիշեցի.- Չորս գործողութիւն ունի թուաբանութիւնը: Չորս կողմ ունի աշխարհը: Չորս ոտք ունի սեղանն ու աթոռը եւ անասունը: Աւելին, չորս «ակռայ » ունի պատառաքաղը եւ նոյնքան ալ պճեղ՝ ընկոյզը: Բայց ուրկէ՞ ուր եւ ինչպէ՞ս այս գիտելիքները մտքիս մէջ յանկարծ շարուեցան եւ կարգով դուրս եկան, չեմ գիտեր: Չար սատանայ: Երեւակայեցէ՛ք, գիշերները նոյնիսկ սկսած էի քունս «փախցնել», երբ ամէն անգամ կը յիշէի այս թիւ չորսն ու անոր հետ «բացուած» երակներուս համրանքը: Ու սանկ տեսակ մը վախի նման «բան» մը կ’անցնէր երակներէս: Մտահոգութիւն մը կ’աւելնար կամ կարծես կը բուսնէր մտքիս ծալքերէն:

Եւ տակաւին .- Չորս անիւ ունի ինքնաշարժը, կ’աւելցնէր յիշողութիւնս: Չորս եղանակ ունի տարին: Չորս անգամ երեք են, օրուան ժամերը: Չորս ստամոքս ունի կովը: Սակայն տեսնուած է, թէ մարդոց մէջ ալ նման ստամոքս ունեցողներ կան: Այս մէկն ալ ուրիշ հարց էր: Եւ …չորս անգամ երեք էր, Քրիստոսի աշակերտներուն թիւը: Չորս ձայն ունի մեր պատարա-գը: Չորս մաս ունի սուրբ աւետարանը: Չորս հանգրուան է մարդուս կեանքը: Չորս հիմնա-կան կրօններ ունի աշխարհի մարդկութիւնը: Չորս պահ ունի օրը:  Չորս թագաւորութիւն՝ մեր հայոց պատմութիւնը ու յանկարծ՝ չորս խոռոչ ունի մարդուս սիրտը:

Եւ ահա գտած էի գաղտնիքը: Ուրեմն այս «չորսը» ներսս էր:

Բայց խոռոչը, երակիս թիւին հետ ի՞նչ կապ ունէր: Պարզ միամտութիւն: «Չօճուխութիւն»:

Ուստի, երբ այսպէս երկար կը մտածէի, ու ես ինծի ժամերով բաղդատականներ կ’ընէի, յանկարծ զիս, զգաստութեան հրաւիրելով, այսպէս պոռացած էր սրտիս նոր բացուած երակներուս մէջ հոսող արեանս կանչը.-

-Հէ՜յ, գիտցի՛ր եւ թող ամբողջ աշխարհն լաւ գիտնայ, որ չորս աստիճան ունի հայուն պատմական եւ ազգային համբերութիւնը, ու միայն Աստուած գիտէ, թէ այս օրերուն եւ յատկապէս շաբաթներէ ի վեր տեւող Արցախեան ինքնապաշտպանութեան պատերազմին, հայուն ա՛յս նոյն համբերութիւնը, հիմա իր որ աստիճանին հասած է …: Զգոյշացէ՛ք: Հայու միակ հայրենիք Հայաստանը, ունի իր պատմական եւ սրբազան աշխարհագրութիւնը, եւ որ իր արիւնով միշտ կը պաշտպանէ…:

Եւ մենք՝ ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles