Հ․Ե․Դ․ «Արարատ» մասնաճիւղ
Շիքակօ
Այս առտու սրճարան նստած էի եւ 90-ական թուականներու «Հայրենիք» եւ «The Armenian Weekly» թերթերու օրինակները առցանց կը թերթատէի։
Պատերազմը աւելի քան մէկ ամիս առաջ սկսած է եւ շարունակ ամէն օր մօտէն կը հետեւիմ լուրերուն։ Գրեթէ ամէն ժամ նորութիւն կայ եւ ամէն ժամ կացութեան մասին նոր բան մը կը կարդամ:
Այս առտու շուտ արթնցայ, այնքան մը շուտ, որ լրագրողներն անգամ չէին արթնցած եւ յայտարարութիւններն ալ չէին կատարուած։ Միտքէս ըսի, թէ լաւ առիթ մը կ՚ըլլայ, որ հին թերթերուն վրայէն անցնիմ եւ նայիմ, թէ ինչպէ՞ս մեր կացութիւնը կը տարբերէր բաղդատած 25-30 տարուայ պատմութիւն ունեցող վերանկախացման շարժման օրերէն:
Թերթերը կարդալու ընթացքին, կարծես թէ ամէն բան «Տէժա վիւ» էր. արդեօ՞ք այս բոլորը մղձաւանջ էր: Իսրայէլը զինամթերք կը ծախէր ազերիներուն, Աֆղանիստանէն «մուժահէտ»-ներ եկած էին ազերիին կողքին կռուելու, որոնք այդչափ ալ չեն տարբերիր այսօրուայ սուրիացի «ժիհատական»-ներէն եւ անշուշտ աշխարհն ու իր անգործածելի կազմակերպութիւնները անտարբեր կը մնային։ Մ.Ա.Կ.-ը, Մինսքի խմբակը եւ
բոլոր այլ անձիք, որոնք արտայայտուելու կարիք ունէին, իրենց կրցածին չափ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէին:
Իրավիճակը միեւնոյնն է այսօր…Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու անոր գրասենեակները գրեթէ նոյն գործերով զբաղուած էին երեք տասնամեակներ առաջ։ Այսօր կը հեռաձայնենք, ե-նամակ կը յղենք մեր
երեսփոխաններուն, քաղաքական ներկայացուցիչներուն։ Երեսուն տարի առաջ հեռագիրներ կը ղրկէինք իրենց։ Չեմ ըսեր, որ մեր Հայ Դատի գրասենեակը, իր արհեստավարժ աշխատակազմով եւ բանակ մը կամաւորներով, լաւ գործ չի տանիր. Ընդհակառակը, հիանալի գործ կը կատարէ, սակայն անոր գործը պէտք է կրկնուի ամէն անգամ, որ նոր երեսփոխան մը ընտրուի։ Գործին ուժը ժողովուրդն է, դուք էք, մենք ենք, եւ վստահօրէն, բայց ցաւալիօրէն, կրնամ ըսել որ խաղաղ օրերուն ժողովուրդը նոյն կապերը չպահեր իրենց քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ։
Հազար ու մէկ թուղթէ շերեփներ եւ դեռ եւս թուղթէ շերեփի կը սպասենք։
Ամերիկայի նախագահին Մեքսիքոյի դէմ սարքած պատը աւելի տոկուն է քան այս թուղթէ շերեփները։ Ո՞ւր էին հայերը 1994-էն մինչեւ այսօր. ի՞նչ ըրին եւ ո՞ւր հասան։ Եթէ Արցախը եւ Հայաստանը իսկապէս այսքան կարեւոր էին, ինչո՞ւ ազերին պէտք էր մեզի այս իրականութիւնը յիշեցներ այսօր։ Ամէն թիզ հող որ ազերին մեզմէ կ՛առնէ, ամէն մէկ հայ որ կը զոհուի, արդիւնքն է այս երեսուն տարուայ արձակուրդին։ Մենք ենք մեղաւորը, ոչ թէ ազերին։
Թուրքը կը մնայ թուրք, ազերին ալ չփոխուիր։ Նոյնն էին երբ եկան ձիաւոր Ճենկիզ Խանին դրօշին տակ, նոյնն էին երբ մեզի ջարդեցին հարիւր տարի առաջ, նոյնն էին երբ ջարդեցին մեզի Ատրպէյճանի մէջ. նոյնն էին երէկ, նոյնն են այսօր։ Թուրքիոյ անօդաչու «Պայրաքտար» սարքը գոյութիւն չէր ունենար առանց աշխարհի ամենէն զօրաւոր երկիրներու օգնութեան։
Այսպէս եղաւ եւ ի վերջոյ միայն պատերա՞զմն էր, որ մեզի մղեց որ լրջօրէն բողոքէինք:
Հայկական սփիւռքը մեր «Պայրաքտար»-ը պէտք էր ըլլար։ Երեսուն տարի ունէինք ամենէն զօրաւոր «Պայրաքտար»-ը ստեղծելու, երեսուն տարի ունէինք որ աշխարհի ամենէն ապահով եւ հարուստ երկիրը դառնալու, երեսուն տարի է արձակուրդի մէջ ենք։
Յուսախաբ չեմ, ընդհակառակը, մեծ յոյս ունիմ։ Այսօր կայ հայութիւն մը, որ աւելի արթուն է քան երբեք, հայութիւն մը որ աւելի պատրաստ է իր ազգին համար ծառայելու… քան երբեք։
Վաղը զինադադար ըլլայ, արդեօ՞ք պիտի կրնանք շարունակել նոյն միտումով։ Պիտի կրնա՞նք խաղաղ օրերուն զոհողութիւններ ընել, որ օգտակար դառնանք մեր հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն։ Կրնա՞նք դրամատիրութեան փոխարէն մեր ազգին եւ հայրենիքին տէր ըլլալ, նիւթապաշտութեան փոխարէն, ազգապաշտ ըլլալ։
Հազարէ աւելի զինուորներ մահացան այս մէկ ամսուայ ընթացքին, բայց ատկէ աւելի երկրէն կը գաղթեն ամէն տարի։ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը այսօր հարիւր յիսուն միլիոն տոլար հաւաքած է, սակայն անցեալ տարի գրեթէ երկու հարիւր յիսուն միլիոն տոլար Հայաստանէն գնաց Թուրքիա։
Գալիք երեսուն տարուայ ընթացքին այլեւս արձակուրդի առիթներ պիտի չըլլան, քանի ո՛չ մէկ թուղթէ շերեփ պիտի ապահովէ մեր երկիրը։
Մեր երկրի ապագան մեր ձեռքն է եւ ո՛չ թէ ուրիշին։