Անցնող շաբթուան ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի ու Հայաստանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը դիմակայելու անմիջական քայլերէն անդին անցաւ: Այս ծիրին մէջ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան Ազգային Առաջնորդարանի, Հ.Ե.Դ.-ի, Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շրջանային մարմիններու եւ անցեալին ղեկավար պարտականութիւններ ստանձնած դաշնակցական փորձառու ընկերներու հետ: Սոյն քննարկումներու ու խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ ընդհանուր ռազմավարութիւն մը ձեւաւորուեցաւ, որ կը միտի կայուն, համադրուած ու ազդեցիկ դարձնել մեր աշխատանքները: Մեր գաղութին ու ազգին կարիքներուն ի պատասխան, Կեդրոնական Կոմիտէն ձեւաւորած է աշխատանքային կեդրոններ, Քարոզչական, Քաղաքական, Մարդասիրական Փոխադրութեանց եւ Մ.Ա.Կ.-ի ու ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ շփումներու, ինչպէս նաեւ կամաւորական շարժման ուղղութիւններով: Անոնք, որոնք պատրաստակամ են աջակցելու տարուած աշխատանքներուն, կրնան դիմել վերոնշեալ կառոցներու ներկայացուցիչներուն:
Միաժամանակ, Արցախի ու Հայաստանի օժանդակութեան աշխատանքներուն կամաւորագրուելու պատրաստ եւ այսօր էական նշանակութիւն ունեցող մասնագիտութեան տէր հայորդիները կրնան իրենց անունն ու հեռաձայնի թիւը փոխանցել․- gamavor2020@gmail.com հասցէին։