Պատերազմ՝ Արցախում…Եւ Մենք՝ Յաղթելու Ենք…

0 0
Read Time:4 Minute, 19 Second

Գէորգ Պետիկեան

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26: Կէս գիշեր է եւ տակաւին մենք տունով-տեղով, արթուն ենք: Խնճոյք կամ խրախճանքի համար չէ, որ արթուն ենք: Բոլորս ալ, մեր «այ ֆօն»-ներուն եւ «այ բատ»-ներուն վրայ գամուած աչքերով եւ սրտով, կը հետեւինք Արցախէն հասած լուրերուն:

Պատերազմ՝ Արցախում եւ Ռազմական դրութիւն եւ զօրակոչ ու ընդհանուր զօրահաւաք:

Կատակ չէ այս մէկը:

Արդէն ցնցած է մեր էութիւնը ու ինչու չէ նաեւ համայն հայութեան էութիւնը: Մեր միտքն ու ջիղերը: Ու այս մէկը իրապէս, որ կատակ չէր, որովհետեւ արդէն նոյնքան՝ մահու կենաց խնդիր ալ էր:

Հայ ենք մտքով, հոգիով եւ արիւնով: Անոր համար մեր տան մէջ, այդ պահուն, մեր ժամերը «գեղեցիկ» չէին: Ու անհամբեր յաճախ կը դիմէինք հեռատեսիլին, որուն կայաններէն ոչ մէկ լուր կամ «լոյս» եւ կամ «յոյս»: Աշխարհը իր կեանքը կ’ապրէր:

Իսկ անդին, մեզմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, հայը, Արցախի սահմանին վրայ, կրկին անգամ հագած էր մարտիկի իր շապիկը եւ յանուն իր հողերու պաշտպանութեան եւ ազատութեան, ինքնապաշտպանութեան դաշտ իջած:

Ու անկեղծօրէն այս բոլորէն ետք, բոլորս ալ սպասեցինք յաջորդ օրուան: Կէս քուն եւ կէս արթուն: Եւ առաւօտուն՝ թէեւ արեւը մեզ կը դիտէր միամիտ ուրախութեամբ, սակայն երկինքը մեզի ջերմութեամբ չէր ժպտար: Որովհետեւ…

Կռիւը շարունակւում է:

Անկասկած մեր բոլորին ներսին յաճախ մեր խոնաւցող կոպերու տակէն, կը վխտային կտակումներ, որովհետեւ մեր մտքերը կը հրաժարէին տեղ մը կանգ առնելէ: Հո՛ն հեռուն, մեր երկրի հողերուն վրայ, այսօր կար կռիւ եւ պատերազմ…արիւն կը թափուէր հայուն հողին:

Անոր համար՝ հայու մեր հոգին, դարձեալ անհաշտ էր:

Արցախէն հասնող լուրերու կողքին, մեր ձեռքին բռնած մեր մեծ ու փոքր «պաստառներուն» վրայ կը հանդիպէինք ուրախ եւ տխուր լուրերու, Երեւանի հրապարակներու վրայ ամէն տարիքի հայերու խումբերու, կամաւորական հաւաքներու, մէկ խօսքով՝ պատրաստակամ եւ վճռական մարդոց, որոնք «աֆթոպիսերով» շուտով հասնելու էին Արցախի սահման, ուրտեղ հակառակորդի յարձակումներուն ընկերացած էին բազմաթիւ օտար ուժեր, իրենց արդիական զէնքերով եւ զինամթերքներով:

Գիտէինք, որ Արցախեան տագնապը նոր չէր։ Նաեւ գիտէինք, որ նման պարագաներուն «խօսքը» շատ յաճախ պղպջակի կը նմանէր: Ուստի կարեւորած էինք գործի ներկայութիւնը: Եւ ահա «գործը»: Պաշտպանել հայրենի հողը:

Եւ ահա…լուրերը: Զոհեր, նահատակներ …տուներու քանդում եւ սակայն նաեւ մահացու եւ ծանր հարուածներ՝ թշնամիին, նոյնն այդ նախայարձակ եւ անողոք մեր հակառակորդին, որոնց ի տես սիրտդ, հայու սիրտդ այդ վայրկեանին տեսակ մը «բանով» կը լեցուի: Անբացատրելի: Յուզումով եւ յաղթանակի ժպիտով:

Այս բոլորին մէջ սակայն, յստակ եւ տեսանելի է մեր հայու ազգային գիտակցութեան ճանաչումն ու այս առթիւ անոր անսակարկ դրսեւորումը: Ազգային ենթագիտակցութիւնը: Միամիտ պէտք է ըլլալ, չհաւատալու համար նման արարքներու: Որովհետեւ, բոլորս Արցախին կողքին կանգնած ենք: Ինք՝ ինչպէս միշտ, այսօր ալ մինակ չէ: Վկայ աշխարհի հայութիւնը:

Հայը որոշած է ապրիլ եւ պաշտպանել իր հայրենի հողը: Պատիւ իրեն:

Վկայ՝ իր երիտասարդ եւ հզօր բանակը:

Ու ասկէ մեկնած, հայը որոշած է միշտ հաւատարիմ մնալ իր էութեան եւ իր պապենական հողերու ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին: Հեռու աժան գաղափարականութենէն: Իրեն համար, իր անցեալին մէջ մահ չկայ եւ որոշած է նոյն ոգիով ալ շարունակել իր ներկան: Ու յաղթելու ենք, ուրիշ ճար կամ «ճամբայ» չունինք:

Հայը այսօր արդէն մոռցած է ամէն տարակարծութիւն, դժգոհանք, բողոք եւ կառավարական շէնքերու եւ դատարաններու դռներու դիմաց իր ամէնօրեայ «ակցիաները», ցոյց-բողոքները, իր ներքին հարցերն ու քաղաքական ու կուսակցական տարակարծութիւնները, մաքուր կամ աղտոտ հաշիւները, ու պատրաստ՝ միասին եւ միահամուռ ե՛ւ ձեռք-ձեռքի, ե՛ւ կողք-կողքի պաշտպանելու իր հողն ու անոր վրայ ապրող իսկական տէրը:

Այս բոլորը բաց աւետարանի նման կարելի է տեսնել, կարդալ եւ սորվիլ եւ միաժամանակ կոյր եւ խուլ ձեւացնող աշխարհին՝ ցոյց տալ, թէ մենք հայերս մեր արեան մէջ կը կրենք մեր անցեալն ու ներկան: Ու մեր երկիրը, շնորհիւ իր բանակի մարտնչող ու բարձր եւ մարտունակ ու պատրաստակամ ոգիին եւ կամաւորական գունդերու պատրաստակամ կեցուածքին, բացած է իր սիրտը ու պատրաստ հակառակորդին ծանր հարուածելու՝ յանուն իր գոյութեան:

Պատերազմ՝ Արցախում:

Այս տարի աշունը եղաւ ուրիշ, որովհետեւ այս օրերուն ան միայն իր արիւնոտ դռները բացած է մեր առջեւ: Ճիշդ է, որ քիչ ժամանակ ետք, բոլոր դէպքերը իրենց հետքերը պիտի դնեն մեր ճակտին, բայց մինչ այդ աշխարհին պիտի կարենանք ապացուցանել, թէ յաղթանակը մերն է:

Եւ հաւատացէ՛ք, եթէ այս պահուն մեր անդունդին մէջ, քար մը նետէք, արձագանգները պիտի արթննան:

«Մենք յաղթելու ենք»:

Այս է մեր իրականութիւնը, եւ այսպէս ալ պէտք է, որ մնայ, որովհետեւ նոյն այս իրականութիւն կոչուածը, հասած նուռի նման արդէն ճաթած է: Թէեւ մեր միտքը լեցուած է տեսակ մը վախ-տագնապով, սակայն մենք միշտ միակամ, փնտռած ենք եւ կը փնտռենք մեր հայրենիքն ու անոր անվտասնգութիւնը, ինչպէս թիթեռնիկը  ճրագը:

Արեւոտ եւ սակայն տխուր ներկայի մեր իրականութիւններու այս աշխարհին մէջ, հայը քաջատեղեակ է, որ միասնութիւնն է գերագոյն զոհողութեան աղբիւրը, ինչպէս նաեւ ուրոյն մտածողութեամբ՝ չյանձնուելու յոռետեսութեան ոգիին:

Հայը միշտ ալ ներշնչուած է իր ազգային գիտակցութենէն: Անկասկած: Ան նաեւ գիտակից ալ է, որ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ ունեցած են վերելքներ, անկումներ, նահատակներ, զոհեր ու յաղթանակներ՝ բայց ազգը իր նկարագրով, իր զաւակներու կամքով եւ անոնց արեան զոհաբերութեամբ, միշտ կրցած է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն:

Ահա՛, այս օրերու հայը:

Ահա եւ մենք՝ բոլորով պատրաստ, մեր գերագոյնը զոհաբերելու, յանուն ազատ եւ անկախ Արցախի վաղուան: Անոր համար է, որ կ’ուխտենք շարունակել ապրիլ, իբրեւ իւրայատուկ մարդ արարած, այս աշխարհի վրայ, մեր ստեղծագործ միտքերն ու կամքերը, մեր նիւթականն ու անսակարկ զոհաբերումը եւ նոյնքան ալ մեր բազուկներուն հետ մեր արիւնը զոհաբերելու՝ Արցախին ե՛ւ միակ մեր հայրենիք՝ Հայաստանին, հաւասարապէս, ու հայու օրինակելի ոգիով, մեր արեան կանչով ու մեր գերագոյն ուժով, աշխարհի ըսելու, թէ.-

– Մենք պատրաստ ենք ամէն գնով պաշտպանելու մենք զմեզ, եւ ո՛չ ոքի արտօնուած է պղտորել՝ մեր կեանքի հոսքը, խլել՝ մեր պապենական հողն ու մեր երկրի՝ ազատութիւնը:

Ոչ ոքի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles