Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, կարճ ելոյթ մը ունենալով յայտնեց, թէ Արցախի դէմ, բացի Ատրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան:
«Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է` նաեւ կորսնցնենք: Դիրքեր պիտի գրաւենք հաստատ: Պատերազմի արդիւնքները մեզի համար կանխատեսելի են, թշնամիին ծրագիրը պիտի ձախողի: Արդէն իսկ ունին հարիւրաւոր կորուստներ, զրահամեքենաներու տասնեակ կորուստներ»,- յայտնեց Արցախի նախագահը նշելով, որ պաշտպանութեան բանակը կը պայքարի եւ բուռն կերպով կը դիմադրէ:
«Մեզ հետ կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ Հ.Հ. կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- եզրակացուց Յարութիւնեան:
Նշենք, թէ ցայսօր Ատչպէյճան կորսնցուցած է 200 զինուոր, 4 ուղղաթիռ, 27 անօդաչու թռչող սարք եւ 33 հրասայլ: