Յ. Պալեան
Հ.Յ.Դաշնակցութեան 130-ամեակը մտածելու, դատելու եւ գնահատելու առիթ պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ երեւցած, գործած եւ դեռ գործող կուսակցութեան մասին, ոչ միայն իր անդամներուն կողմէ, այլ ընդհանրապէս հայ մարդոց, ոչ միայն գովերգելու կամ դատափետելու համար, այլ անոր ընդմէջէն սեւեռելու մեր ազգի եւ հայրենիքի երթը, տատանումները, ազգակերտ յաջողութիւնները եւ քաղաքականութեան անխուսափելի տատանումները:
Թէեւ այս քննական, ի հարկին՝ քննադատական աշխատանքը կատարելու համար ամեակներ պէտք չէ սպասել: Գործող կազմակերպութիւն մը տեւաբար հաշուետու պէտք է ըլլայ ինքնիրեն, այսինքն՝ իր անդամներուն, եւ հանրութեան՝ որուն ծառայութեան կոչած է ինքզինք:
Ո՞ր քաղաքական կազմակերպութիւնը, կամ ղեկավարը, կրնայ ըսել, որ երբեք չէ սխալած, չէ ձախողած, չէ ընկրկած: Ողջմիտ դատում եւ գնահատանք պէտք է հպատակին ճիշդին եւ արդարին, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ քաղաքական կեանքի մէջ յաջողութիւն եւ ձախողութիւն երկուորեակներ են:
Դաշնակցութեան պատմութիւնը գրուած է, իրողութիւններ կան, կան նաեւ անոնց մեկնաբանութիւնները՝ ըստ տեսանկիւնի: Անցած դարու գաղափարական-քաղաքական խառնարանին մէջ, մեր ժողովուրդի ընտրանքները սեփական կամքէ չբխեցան միայն, անոնք հպատակեցան մեզմէ դուրս ուժերու: Այդպէս ընթացաւ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, հակառակ ժամանակի եւ աշխարհագրութեան պարտադրանքներուն, հակառակ տատանումներու, օրուան ղեկավարութիւններու պատշաճեցումներուն, ունեցած է հիմնական ըմբռնում մը, զոր կը գտնենք ԴՐՕՇԱԿ-ի 1894-ի թիւերէն մէկուն մէջ, զոր օրին արտագրած եմ եւ մէջբերած յօդուածի մը մէջ:
«…մենք ասպարէզ չենք եկել իբրեւ այս կամ այն ուտօպիական վարդապետութեան պատկանողներ, մենք չենք ուզում մտցնել մեր կեանքի մէջ այս կամ այս դաւանութիւնը հանդերձ իր հանգանակներով, մենք մեր ժողովրդին չենք նկարագրում այս կամ այն իդէալական հասարակական կազմակերպութիւնն իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Մեր ձգտումն է, որ մեր ծրագիրը կենսական լինի, մեր ուշադրութիւնը, գլխաւորապէս կեդրոնացած է մեր երկրի ներկայ դրութեան վրայ…»:
Ըսի՝ մտորումներ: Ինչ որ ըսուած է 1894-ին, այսօր ալ ճշմարիտ է:
Զոյգ կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ ապրող մեր ժողովուրդի տագնապներուն լուծում գտնելու առաջադրանքի ծնունդը եղած է Դաշնակցութիւնը: Կ’ենթադրեմ, որ հայրենասիրական եւ գործնապաշտ միտումի ծնունդ է ազգային ոեւէ կուսակցութիւն, որ ուտօպիական, ցնորական, դաւանութիւն չի հետապնդեր, այլ ինքզինք կը խարսխէ նախ սեփական ժողովուրդին մէջ, անոր իրաւունքներու ձեռքբերումը եւ բարեկացութիւնը կը դարձնէ օրակարգ, շարունակութիւն ըլլալու առաջադրանքով:
Այս ողջախոհութիւնը ունեցած են մարդիկ աւելի քան դար մը առաջ, իրենք զիրենք չեն ուզած բանտարկել այլ երկիրներու, ժողովուրդներու եւ այլ պայմաններու մէջ ծնած դաւանութեան մը եւ անոր հանգանակներու զսպաշապիկին մէջ:
Թէեւ, պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայ մարդիկ, վասն իտէալներու կամ գործնապաշտութիւններու, փորձեցին այս կամ այն դաւանութեան մէջ կամ անոր հունով լուծել մեր ժողովուրդի եւ երկրի առջեւ ծառացող խնդիրները, նոյնիսկ՝ պառակտուելով: Եւ ինչպիսի կիրքերով: Այս արդէն մեր հարիւրամեայ պատմութեան գալարումներուն պատկերն է: Այդ բաժանումները եւ կիրքերը, նոյնիսկ մեղմացած, դեռ մաս կը կազմեն մեր կենցաղին, առօրեային, մտածելու, դատելու եւ կողմնորոշուելու սովորութիւններուն:
1894-ին այսպէս մտածած են մարդիկ, որոնք ժողովուրդէն ծնած էին, անոր հետ իրականութիւնը ապրած, իրենց դատողութիւնը վարձու չէր առնուած ուրիշներու փորձէն, ինքնատպութեան կնիքով ներկայացող գիրքերէ եւ գաղափարներէ: Թէեւ, փոքր ժողովուրդներ, իրենց անզօրութիւնները կարծած են թէ կրնան դարմանել հետեւելով ուրիշներու փորձին, եւ մանաւանդ՝ տեսութիւններու ետին պատնէշուելով:
«Մեր ձգտումն է, որ մեր ծրագիրը կենսական լինի, մեր ուշադրութիւնը, գլխաւորապէս կեդրոնացած է մեր երկրի ներկայ դրութեան վրայ…»
Հ.Յ.Դաշնակցութեան 130 տարիներու ամբոխոխավարական գովերգութիւնը կամ կրքոտ դատափետումը, պատմութենէն մեզի փոխանցուող իմաստութեան դուռը չեն բանար: Մեր բոլորի լաւը եւ վատը, յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները, անցնելով ազգային բովանդակութեամբ ողջախոհութեան իմաստութենէն, պէտք է լուսաւորեն մեր ներկան:
Վերականգնումի ճանապարհին գտնուող ժողովուրդ ենք եւ վերականգնումի ճանապարհին գտնուող երկրի մը տէր ենք:
Պատմութեան ներկայ հանգրուանին սխալելու իրաւունք չունինք: Ի՞նչ ըսած են մարդիկ 1894ին. «…մենք մեր ժողովրդին չենք նկարագրում այս կամ այն իդէալական հասարակական կազմակերպութիւնն իր բոլոր մանրամասնութիւններով»: Հայաստանի մէջ այլ տեղ իրականացուած կամ իրականացուող բարեկարգումներու հետեւիլ եւ զանոնք մեր մէջ փոխադրել անպայման յառաջդիմութիւն չէ, դրական չէ:
Հայաստանի «Առաւօտ» թերթի կայքին վրայ կարդացի երէց սերունդի մտաւորական, փորձ եւ ողջախոհութիւն ունեցող, երկիրը եւ ժողովուրդը ճանչցող Ազատ Եղիազարեանի նամակը, ուղղուած Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզի նախարարին: Կը մէջբերեմ հատուած մը, յապաւումներով.
«…Ձեր վճռականութիւնը՝ իրականացնելու կրթութեան արմատական վերակառուցումը, Դուք համարում էք Ձեր առաքելութիււնը: …Բայց Դուք գործում էք ոչ թէ ինչ–որ վերացական տարածքում, ինչ–որ վերացական ժողովրդի մէջ, որը Ձեզ համար սպիտակ թուղթ է…: Դուք գործում էք մի ժողովրդի մէջ, որը ունի կրթութեան առնուազն 1500 տարուան պատմութիւն, …: Շատ ու շատ բան դրանցից հնացել է եւ մոռացուել, բայց ինչ-որ էական բաներ մնացել են, փոփոխուել են, հասել են մեր օրերը: …ի՞նչն էք բարեփոխում եւ ինչու» Ընդգծ. Յ.Պ.):
Այլ տեղ եղածի կապկումը անպայման յառաջդիմութիւն չէ: Գրքունակ (livresque) մօտեցում է, որ կիսագրագէտներու ինքնատպութեան մարմաջին մասին կը խօսի:
130-ամեակի նախօրեակ, երէկ նաեւ 29րդ տարեդարձն էր Հայաստանի վերանկախացման, առիթներ՝ մտածելու եւ գործելու, Հայաստան, նաեւ սփիւռք(ներ), այնպէս, որ՝ «…մեր ուշադրութիւնը, գլխաւորապէս կեդրոնացած է մեր երկրի ներկայ դրութեան վրայ»: Երկրի եւ ժողովուրդի:
Կեդրոնացած լինի եւ ըլլայ մեր ժողովուրդի ներկայ դրութեան վրայ:
Եւ պատմութենէն ու մեծերէն քաղել իմաստութիւն:
Յիշել Ուինսթըն Չըրչիլը, անոր գործը եւ անցած ուղին: Ան կ’ըսէ. «Ոչմէկ ձեւով վնասակար է կարծիք փոխել: Պայմանաւ որ ան ըլլայ ողջմտութեան ուղիով»:
Ողջմտութիւն՝ փոխան նորարութեան կիրքի: