Ֆրանսա․- Տէսինի մէջ Թուրքեր Պիտի Դատուին

0 0
Read Time:46 Second
ՓԱՐԻԶ․- Թուրք ծայրայեղականներ դատապարտուած են «ատելութիւն հրահրելու» համար, որոնք Յուլիս 24-ին, Տէսինի մէջ մօտաւորապէս 100 հոգիով յարձակած են բողոքի խաղաղ ցոյցեր կազմակերպած, ծագումով հայ ֆրանսացիներու վրայ։

Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» շարժումի անդամ ֆրանսաբնակ Ահմէտ Չեթինի գլխաւոր գործունէութիւնը կը թուի ըլլալ հակահայ գրգռութիւններու կազմակերպումը։ Ինք էր նաեւ ֆրանսացի ծանօթ ժխտող Մաքսիմ Կոէնը բանախօսութեան մը համար հրաւիրողը։ Ան նաեւ ընկերային ցանցերէն կ՚ունենայ հայատեաց ելոյթներ։ Անոնց վերջիններէն մէկուն մէջ նոյնիսկ չի վարանիր ըսելու.- «Ինծի թող տան 2000 եուրօ ամսական եւ զէնք մը ու ես հարկ եղած գործը կը տեսնեմ Ֆրանսայի մէջ, ամէնուրեք»։ Կ՚ակնկալուի, որ հայկական ճակատէն բազմաթիւ բողոքներ ներկայացուին անոր դէմ։ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը արդէն կատարած է այդ քայլը եւ անոր բողոքին ընդառաջելով է, որ ֆրանսական արդարադատութիւնը պիտի դատէ ենթական։

Այս մասին Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած Օգոստոս 19 թուակիր հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի.- «Նման վարքեր տեղ չունին Ֆրանսայի մէջ եւ կրնաք վստահիլ Հայ դատի յանձնախումբին՝ անոնց դէմ անդուլ, անկոտրում պայքար մղելու գծով»։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles